İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

1400 Հոգի Միասնաբար Տօնեց Հայ Դատի Իրագործումները

ՍԵՆՉԸՐԻ ՍԻԹԻ, Քալիֆորնիա.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին կազմակերպած տարեկան ձեռնարկը, որ Կիրակի, Հոկտեմբեր 25ի երեկոյեան տեղի ունեցաւ «Սենչըրի Փլազա» պանդոկին մէջ, ի մի բերաւ Միացեալ Նահանգներու տարածքէն ժամանած 1400 հոգի, ներառեալ՝ պաշտօնատարներ, համակիրներ, գործիչներ եւ նուիրատուներ, որոնք միասնաբար տօնեցին Հայ Դատի յանձնախումբին վերջին մէկ տարուան յատկանշական եւ աննախընթաց իրագործումները՝ միաժամանակ մեծարելով Հայ Դատին համար կարեւոր աշխատանք տարած 5 անձնաւորութիւններ։

Ձեռնարկի պաշտօնական բաժինը սկսաւ առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի աղօթքով: Ապա, Հայ Դատի տարեկան ձեռնարկի կազմակերպիչ յանձնախումբի ատենապետ Սթիւ Արթինեան ողջունեց ներկաները՝ շնորհակալութիւն յայտնելով ձեռնարկին յաջողութեան համար աշխատած կամաւորներուն։ Ան նաեւ ներկայացուց Հայ Դատի տարեկան ձեռնարկին եւ Հայ Դատի երկօրեայ խորհրդաժողովին հովանաւորները՝ տէր եւ տիկին Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնեանները, դրուատելով անոնց անսակարկ նուիրումը։
Տեղի ունեցաւ տեսանիւթի մը ցուցադրութիւնը, որ լուսարձակի տակ առաւ Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առիթով աշխարհի տարածքին իրագործուած ձեռնարկները, ներառեալ՝ Լոս Անճելըսի 166,000 հոգինոց պատմական քայլարշաւը։
Տեսանիւթի ցուցադրութեան աւարտին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ իրաւաբան Նորա Յովսէփեան ներկայացուց յանձնախումբին տարեկան գործունէութեան մանրամասնութիւնները եւ շնորհակալութիւն յայտնեց կազմակերպիչներուն ու անոնց օժանդակողներուն, ինչպէս նաեւ՝ Հայ Դատին նեցուկ կանգնող պաշտօնատարներուն։
ANCA robertsonԱն յիշեցուց, որ վերջին մէկ տարուան ընթացքին Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի նոր մասնաճիւղեր հաստատուած են Քոլորատոյի, Նիւ Մեքսիքոյի, Տալասի, Սիէթըլի եւ Օրիկընի մէջ, միաժամանակ ընդարձակուած է քուէարկողներ արձանագրելու նպատակով սկսած «Հայ Վոթս» նախաձեռնութիւնը։ Աւարտին, ան կոչ ըրաւ բոլորին շարունակելու դէպի արդարութիւն արշաւը՝ գօտեպնդուած 166,000 հոգինոց քայլարշաւի ոգիով, այդ քայլարշաւը սկզբնակէտ մը նկատելով։
Ապա տեղի ունեցաւ Ուոլթըր Քարապեանի մեծարումը։ Հայ Դատին ի նպաստ անոր քաղաքական եւ նիւթական զօրակցութեան ի պատասխան, Քարապեանի յանձնուեցաւ «Ժառանգութեան» մրցանակը՝ Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Փօլ Գրիգորեանի, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամներ իրաւաբան Արփի Ճիւելեկեանի, իրաւաբան Նարեկ Կիտցինեանի, ինչպէս նաեւ՝ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի խորհրդակցական մարմինի անդամներ իրաւաբան Լեւոն Կիրակոսեանի եւ Մայքըլ Մահտէսեանի ձեռամբ։ Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Փօլ Գրիգորեան ներկայացուց Ուոլթըր Քարապեանի հայանպաստ գործունէութեան տարբեր երեսները, ապա Կիտցինեան յայտարարեց, թէ Քարապեան այս առիթով 50,000 տոլար խոստացած է Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին, Սաքրամենթոյի մէջ իր անունով վարժողական ծրագիր մը հաստատելու նպատակով։
Շնորհակալական իր ելոյթին մէջ, Քարապեան պատմեց 1916ին Քալիֆորնիոյ Սենըր գիւղը հասած իր հայախօս մօր՝ Զուարթ Շիշմանեանի դիմագրաւած դժ-ուարութեանց ու զանոնք յաղթահարելու անոր կամքին մասին, ապա՝ Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանին մէջ իր փորձառութեանց մասին, եւ խօսքը աւարտեց ցաւ յայտնելով, որ իր հանգուցեալ կինը՝ Լորըլ Քարապեանը, ներկայ չէ այս հաւաքին ու այն իրողութեան համար, որ չէ կրցած համոզել Քալիֆորնիոյ նախկին նահանգապետ Ճորճ Տէօքմէճեանը, որ ներում շնորհէ Համբիկ Սասունեանին։
ANCA wallyԱյնուհետեւ, բեմ բարձրացան Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Էլէն Աաստրեան եւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի անձնակազմի անդամներ Թերեզա Երէմեան, իրաւաբան Հայկ Պաղտասարեան, Աննա Առաքելեան եւ Սիմոն Մաղաքեան, ներկաներուն ծանօթացնելու համար այս տարուան Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի եւ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի «Լէօ Սարգիսեան» վարժողական ծրագիրի մասնակիցները, որոնք ներկայ էին ձեռնարկին։ Անոնք էին՝ Սապին Արսլանեան, Վանա Աստուրեան, Վազգէն Պատիրեան, Ալին Պաղճեան, Խաչիկ Պօղոսեան, Դաւիթ Տէրտէրեան, Ալիսա Տէրմէնճեան, Մելվին Տիլանճեան, Տայանա Ճրագեան, Անի Յակոբեան, Ալեքս Ճահիլեան, Ակնեսա Քասումեան, Սարին Քէօսեան, Տիգրան Խոտանեան, Արմանտ Մանուկեան եւ Մորիս Սարաֆեան: Էլեն Աաստրեան նաեւ խօսեցաւ Հայ Դատի յանձնախումբի վարժողական ծրագիրներուն կարեւորութեան մասին։
Յայտագիրի երկրորդ բաժինը սկսաւ դատաւորներ Ճեֆրի Ռապըրթսընի եւ Ամալ Քլունիի մեծարումով։ Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանին մէջ հայութիւնը ներկայացուցած դատաւորներուն շնորհուեցաւ «Արդարութեան Ջատագով»ի մրցանակը, զոր յանձնուեցաւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամներ Փաթիլ Աբոշեանի եւ Հայկ Պետրոսեանի, նաեւ՝ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի խորհրդակցական մարմինի անդամ Յարութ Սասունեանի եւ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան ատենապետ Քեն Խաչիկեանի կողմէ։
Մեծարեալներու իրագործումները ներկայացուց Յարութ Սասունեան, իսկ երկու մեծարեալներուն կողմէ շնորհակալութեան խօսքը փոխանցեց Ճեֆրի Ռապըրթսըն, որ նաեւ մանրամասնութիւններ տուաւ Ցեղասպանութիւնը ուրացող Փերինչեքին հրահրած դատավարութեան ծալքերուն մասին, միաժամանակ՝ շեշտելով, թէ հայութիւնը ոչ միայն վնասուց հատուցում ապահովելու աշխատանքը պէտք է շարունակէ, այլ պէտք է ամրագրէ Արցախի ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքը։ Ան նաեւ տեղեկացուց, թէ յառաջիկայ Ապրիլ 24ին Երեւան պիտի այցելեն Ճորճ եւ Ամալ Քլունիները։
ANCAbogosianԱպա, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամներ Սիւզի Ծերունեան-Խանզադեան եւ Փիեռ Ենոքեան, նաեւ՝ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի խորհրդակցական մարմինի անդամներ Պերճ Կարապետեան եւ Գարօ Խանճեան, Հայ Դատի յանձնախումբի «Արուեստներ»ու մրցանակը յանձնեցին յայտնի դերասան եւ հեղինակ Էրիք Պօղոսեանին, որ «Նեմեսիս» գործողութեան մասին իր գործով լուսարձակի տակ առած է հայութեան պահանջատիրութիւնը։ Մեծարեալն ու անոր իւրայատուկ իրագործումները ներկայացուց Խանզադեանը, իսկ իր շնորհակալական խօսքին մէջ, Պօղոսեան սոյն երեկոն համարեց իր գիրքի պատրաստութեան վերջին 7 տարիներուն ընթացքին իր «արմատականացման» գագաթնակէտը, իսկ մրցանակը՝ իրեն համար մեծ պատիւ մը։ Ան նաեւ դրուատեց Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին լայնատարած աշխատանքը։
Աւարտին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամ իրաւաբան Ռաֆֆի Քասապեան, ընկերակցութեամբ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամ իրաւաբան Սթիւ Տէտէեանի եւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի խորհրդակցական մարմինի անդամներ Այտա Տիմէճեանի եւ Մուրատ Թօփալեանի, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան յանձնեց «Վահան Քարտաշեան» մրցանակը։
Քասապեան լուսարձակի տակ առաւ 1933էն ի վեր Հայ Դատին զօրակցող ու անոր պայքարին յաջորդ սերունդները պատրաստող Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան արժէքաւոր ներդրումները, ապա բեմ հրաւիրեց ՀԵԴի ներկայ եւ շրջանաւարտ անդամներ՝ առաջնորդութեամբ ամենատարեցին՝ 95ամեայ Նիքի Սմիթին (Սաթենիկ Կոնճեան), որուն երդման արարողութեան կնքահայրը եղած էր ՀԵԴի հիմնադիր Գարեգին Նժդեհը։ Ան բեմ բարձրացաւ ընկերակցութեամբ ՀԵԴի անդամներու եւ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեանի։ Անոր ընկերակցած ՀԵԴի շրջանաւարտ անդամներուն շարքին կային Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի անդամ Ատրին Նազարեան եւ Մոնթեպելլոյի քաղաքապետ Ճեք Հաճինեան։
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան Կեդրոնական վարչութեան խօսքը փոխանցեց վարչութեան անդամ Ճոզէֆ Քասքանեան, խոստանալով շարունակ զօրավիգ կանգնիլ Հայ Դատին՝ «ներշնչուելով անցեալէն եւ ապագայ սերունդները քաջալերելով»։
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի տարեկան ձեռնարկին եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամ Ռաֆֆի Համբարեան, որ շեշտեց Հայ Դատին համար իւրաքանչիւր պայքարողի կարեւորութիւնը՝ միաժամանակ նշելով, որ Հայ Դատի գործունէութիւնը իր դրական ազդեցութիւնը կ՛ունենայ ոչ միայն ամերիկահայութեան, այլեւ՝ Հայաստանի, Արցախի ու Արեւմտեան Հայաստանի ներկային եւ ապագային վրայ։ Ան Հայ Դատի յանձնախումբն ու անոր զօրակիցները նկատեց՝ «հայ ազգին երկրորդ բանակը», որուն յաջողութեամբ պիտի իրականանան հայութեան երազները։
Լուսանկարները՝ ARKA PHOTOGRAPHYի
AN CA Interns
ANCA AYF

Discussion Policy

Yorumlar kapatıldı.