İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Սեւակին Հարցով Եւրոպական Դատարան Պիտի Դիմենք. Անի Պալըքճի

ԵՐԵՒԱՆ.- «Յաջորդ դատէն եւս մեծ յոյսեր չունիմ», «Արեւելք»ին ըսած է Թուրքիոյ բանակին մէջ ծառայութեան ընթացքին, Ապրիլ 24, 2011ին սպաննուած Սեւակ Պալըքճիի մայրը՝ Անի Պալըքճի։ Ան նաեւ ըսած է, որ Սեւակի սպանութեան գործը քննող դատական յաջորդ նիստը պիտի կայանայ Դեկտեմբեր 22ին, մինչ Սեւակը սպաննած զինուորը՝ Քուանճ Աղաօղլուն, կը շարունակէ բանտէն դուրս մնալ։

Անի Պալըքճի յայտնած է, որ Թուրքիոյ մէջ Սեւակի սպանութեան դատական գործի աւարտին պիտի դիմեն Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարան, որովհետեւ «Թուրքիոյ մէջ արդարութիւն չկայ»:
Նշենք, որ Աղաօղլու կարճ ժամանակ մը բանտ մնալէն ետք ազատ արձակուեցաւ:
Անի Պալըքճի նաեւ անդրադարձած է Պոլսոյ մէջ տարբեր առիթներով հակահայ ցոյցերուն եւ արարքներուն՝ նշելով, որ հայ համայնքի անդամները մտահոգ են ընդհանուր իրավիճակով: «Շատ անգամ կը խորհիմ, թէ դժուար չէ, որ անցեալի պատմութիւնը կրկնուի: Ամէնէն տխուրը եւ մտահոգիչն այն է, որ այս դառն փորձառութիւններէն ետք, հայութիւնը հոս եւս կը մնայ մասնատուած եւ բաժան-բաժան», եզրակացուցած է ան:
,

Yorumlar kapatıldı.