İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՆՈՒՆԷ ԵՍԱՅԵԱՆՆ ՈՒ ՍԻՊԻԼԸ ԹՆԴԱՑՈՒՑԻՆ ՆԻՒ ՃԸՐԶԻՆ

Համազգային Հայ Կրթական Ու Մշակութային Միութեան Նիւ Ճըրզիի մասնաճիւղը վեց ամսուայ մէջ երկրորդ անգամ ըլլալով մեծաշուք հանդիսութեամբ ոգեկոչեց Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակը։ Առաջինը Մարտին էր, երբ «Մէկ Ազգ, Մէկ Մշակոյթ» համոյթով համախմբեց գաղութին մշակութային միութիւններն ու տաղանդները։

unnamed (3)
Անցեալ Շաբաթ օր Համազգայինը հիւրընկալեց հայրենի արուեստագէտ Նունէ Եսայեանի «Կա՛նգ, Պիտի Լինե՛նք, Ու Դե՛ռ Շատանանք» համերգային ծրագիրը՝ նախաձեռնութեամբ ու հովանաւորութեամբ Հ.Հ. Սփիւռքի Նախարարութեան։ Համերգը կազմակերպողն էր Համազգայինի Նիւ Ճըրզիի մասնաճիւղը, գործակցութեամբ՝ Նիւ Եորքի մասնաճիւղին, հովանաւորութեամբ՝ ԱՄՆ-ի Արեւելեան Շրջանայինի։unnamed (10)
Համերգը տեղի ունեցաւ Նիւ Ճըրզիի Bergen Performing Art Center հանդիսասրահէն ներս։ Խուռներամ բազմութեան մը մասնակցութիւնը (հազարէ աւելի) եւ գաղութի ղեկավարներու ու ազգային մարմիններու զգալի ներկայութիւնը փաստ մըն է, որ Համազգայինը շահած է գաղութիւն յարգանքն ու վստահութիւնը։
Հայաստանի Հանրապետութեան Վաստակաւոր Արտիստ Նունէն Եսայեան արդէն քանի մը ամիսէ ի վեր սկսած իր շրջապտոյտով ելոյթ ունեցած է Մոսկուայի, Եւրոպայի եւ Ա.Մ.Ն. Արեւելեան շրջանի հայկական գաղթօճախներէ ներս։ Նիւ Ճըրզիի ելոյթը յատկանշական էր անով, որ անոր իր մասնակցութիւնը բերաւ «Սփիւռքի Լաւագոյն Երգչուհի»ի կոչումին արժանացած Սիպիլ, որ ժամանեց արեւմտահայ մշակոյթի օրրան ու մայրաքաղաք հանդիսացող Պոլիսէն, սոյն նախաձեռնութիւնը վերածելով հայրենիքէն սփիւռք նետուած կամուրջի մը։
Համերգի առաջին մասով ելոյթ ունեցաւ Սիպիլ, որ արդէն ծանօթ անուն մըն էր ներկաներուն։ Սիպիլ իր հրեշտակային ձայնով ու զգայացունց մեկնաբանութեամբ դիւթեց ներկաները, անոնց հրամցնելով դասական ու ժողովրդական երգերու, ինչպէս նաեւ յատուկ իրեն համար յօրինուած երգացանկ մը։ Սիպիլին կարգ մը երգերուն ընկերակցեցաւ Համազգայինի Նայիրի Պարախումբը։ Ինչպէս նաեւ վերջին չորս երգերուն միացաւ Համազգայինի Արեգակ Երգչախումբը, խմբավար ունենալով երաժիշտ Վաղարշակ Օհանեանը։ Հանդիսատեսին համար շատ հաճելի էր դիտել եւ զգալ այն հոգեկան կապը, որ Սիպիլ ցուցաբերեց երգչախումբի մանուկներուն ու պատանիներուն հանդէպ, ստեղծելով հոգեպարար վայրկեաններ բեմին վրայ։ Այս գեղեցիկ կապը շարունակուեցաւ նաեւ բեմէն վար, երբ երեխաները զգալով Սիպիլի գուրգուրացող նկարագիրը, անընդհատ շրջապատեցին զինք ու ողողեցին զինք սիրոյ արտայայտութիւններով։ Եւ արդեօք այս չէ՞ մեծագոյնը նպատակը այսպիսի ձեռնարկութիւններու՝ ներշնչել ու ներգրաւել պատանիները։unnamed (2)
Ընդմիջումին ելոյթ ունեցաւ յայտնի ջութակահար Նունէ Մելիքեան, ներկայացնելով Կոմիտասէն երկու կտոր։
Ապա բեմ բարձրացաւ Նունէ Եսայեան։ Ամբողջ ծրագիրը իր նկարներով ու երգերով խտացումն էր հայ ժողովուրդի վերջին 150 տարուան պատմութեան։ Սկսեալ հայ ազատագրական պայքարի տարիներէն, անցնելով Ատանայի կոտորածի շրջանը, Ցեղասպանութեան տարիները, 1960-70ական տարիներու երգերը, հասնելով Արցախեան Ազատամարտի շրջանին գրուած երգեր ու ժամանակ չճանչցող դասական Կոմիտասի ու Սայաթ Նովայի երգեր։ Համերգի իւրաքանչիւր հատուածի սկիզբը կը հնչէր մեր մշակոյթի հսկաներու տողերէն կամ երգերէն հատուած մը, նոյն հեղինկաին ձայնով, ինչպէս Շիրազ, Կոմիտաս, Սեւակ։ Մէկ խօսքով, Նունէի յայտագիրը խտացումն էր մեր ժողովուրդի արդի պատմութեան։ Իսկ Ցեղասպանութեան դարադարձին ուրիշ ի՞նչ ձեւով կարելի է ոգեկոչել հայ ժողովուրդի վերընձիւղումը, եթէ ոչ՝ նոր սերունդի մասնակցութեամբ ու անոր ցուցաբերած հետաքրքրութեամբ հայ մշակոյթի պահպանման։ Համազգայինի Նիւ Ճըրզիի ՆԱՅԻՐԻ պարախումբը եւ ԱՐԵԳԱԿ երգչախումբը վկաներն են, թէ որո՞նք պիտի ըլլան մեր մշակոյթի ապագայի պահապանները։
Նունէն բեմին վրայ իր տիրական ներկայութեամբ, ջինջ ու հոգեհարազատ ձայնով առինքնեց հանդիսատեսը։ Հեզասահ ու անթերի ընթացող համերգը կլանուած պահեց հանդիսատեսը, որ չզգաց անոր երկարութիւնը։ Մինչեւ որ պատահեցաւ անսպասելին…unnamed
Ելեկտրական խանգարումի մը պատճառով, բոլորովին անկանխատեսելիօրէն, ձայնային համակարգը լրիւ անջատուեցաւ, ճիշդ այն պահուն երբ Նունէն կ՚երգէր «Վույ Նարէ»ն, իսկ Նայիրի Պարախումբի աղջիկները կը պարէին։ Այս անջատումը փաստեց թէ արհեստագիտութիւնը ինչպի դաւաճան մըն է, որուն կարելի չէ լրիւ վստահիլ։ Մինչ անակնկալ անջատումը շփոթ առաջացուց ներկաներուն մօտ, պարախումբի աղջիկները բոլորովին անվրդով մնացին ու շարունակեցին իրենց պարը։ Անոնք Նունէի եւ հանդիսատեսներուն ռիթմիկ ծափերուն ընկերակցութեամբ առանց որեւէ տատամսումի հեզասահօրէն շարունակեցին քանի մը վայրկաննոց պարը ու մեծ համաչափութեամբ աւարտին հասցուցին։ Ներկաները յուզմունքով ու խանդավառութեամբ յոտնկայս ծափահարեցին պարողները։
Նունէն հիանալի հանդարտութեամբ մնաց անվրդով ու կատարեալ կերպով տիրապետեց բեմին ու սրահին։ Ան այդ անորոշ վայրկեանները օգտագործեց հաղորդակցելու հանդիսատեսին հետ ու անոնց պատմեց իր այս համերգային ծրագիրի մտայղացման ու պատրաստութեան մանրամասները։ Ի զարմանս բոլորին, Նունէն բացարձակ ինքնավստահութեամբ, բոլորովին անպատրաստ կերպով, երգեց երկու երգ a cappella ու առանց բարձրախօսի։ Նունէն լաւագոյնս օգտագործելով դժուար կացութիւնը, անգամ մը եւս ապացուցեց իր փորձառու երգչուհիի տաղանդը։
Համերգի աւարտին, Նունէն բեմ հրաւիրեց բոլոր մասնակիցները ու շնորհակալական խօսքեր փոխանցեց անոնց։ Ան արժանաբար յատուկ ուշադրութիւն դարձուց Նայիրի Պարախումբի խմբավար ու պարուսոյց Պարոն Թովմաս Յարութիւնեանին, որուն արուեստին հիացող մը եղած է Նունէն, իր իսկ խոստովանութեամբ, երբ Պարոն Թովմասեան Հայաստանի Պարի Պետական Անսամպլի մենապարող էր։ Նունէն Հայաստանի ժողովուրդի անունով գնահատանք ու շնորհակալութիւն յայտնեց Պարոն Թովմասեանին, իր կատարած ազգանուէր աշխատանքին համար։
Ներկաները սրահէն բաժնուեցան մեծ յուզումով ու խանդավառութեամբ։

http://hairenikweekly.com/2015/10/30/24269#prettyPhoto

Yorumlar kapatıldı.