ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստան համահայկական հիմնադրամի 26 Նոյեմբերին կայանալիք «Հեռուստամարաթոն 2015»ի գլխաւոր նպատակն է բնակարաններով ապահովել 5 եւ աւելի երեխայ ունեցող բազմազաւակ ընտանիքները: Անիկա պիտի սկսի 26 Նոյեմբերին, Երեւանի ժամանակացոյցով ժամը 22:00ին եւ պիտի շարունակուի մինչեւ առաւօտեան ժամը 10: «Մեր տունը» խորագիրով համահայկական դրամահաւաքին ներդրում կրնայ ունենալ ոեւէ անձ՝ նպաստելով հիմնադրամի նախաձեռնած բնակարանաշինութեան:
Տարուան գլխաւոր դրամահաւաք–նախաձեռնութիւնը պիտի հեռարձակուի «Հայաստանի Հանրային», «Արմէնիա», «Շանթ», «Երկիր Մեդիա» պատկերասփիւռի ալիքներէն եւ համացանցային կապով՝ www.himnadram.org եւ www.armeniafund.org կայքերուն միջոցով:
Yorumlar kapatıldı.