ՆՈՐԹՐԻՃ.- Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Նորթրիճի մասնաճիւղը Թրբանճեան ընտանիքի կրթական հիմնարկէն (TF Educational Foundation) 250,000 տոլարի նուիրատուութեան խոստում մը ստացած է՝ համալսարանի Հայագիտական ու ուսուցիչներ պատրաստող ծրագիրներուն համագործակցութեամբ հայերէն եւ հայկական մշակոյթ դասաւանդող ուսուցիչներ պատրաստելու նպատակով։
Գումարը պիտի յանձնուի յառաջիկայ 5 տարիներուն ընթացքին, իսկ ծրագիրին առաջին ուսանողները հաւանաբար 2016ի աշնան պիտի արձանագրուին։ Ծրագիրը տարեկան կրթանպաստներ պիտի տրամադրէ։
Նորթրիճի համալսարանի Հայագիտական ծրագիրի վարիչ դոկտ. Վահրամ Շէմմասեան կը յայտնէ, թէ հայերէնի ուսուցիչներ պատրաստելու նպատակով ծրագիր մը յոյժ կարեւոր է համայնքին համար, որուն հայերէնի ուսուցիչները մեծ մասամբ Միջին Արեւելքէն կամ Հայաստանէն են։
Այս լուրը հաղորդած Նորթրիճի համալսարանի թերթը կը գրէ, թէ Մեծն Լոս Անճելըսի շրջանին մէջ կ՛ապրին մօտաւորապէս կէս միլիոն հայեր, իսկ համալսարանի աշակերտութեան 8-10 տոկոսը հայ է։
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել Նորթրիճի համալսարանի Հայագիտական ծրագիրին՝ (818) 677-3467 թիւով։
Yorumlar kapatıldı.