ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Պոլսոյ Թուզլա շրջանը գտնուող «Արմէն» ճամբարը Հոկտեմբեր 27ին վերադարձուեցաւ Պոլսոյ Հայ աւետարանական համայնքին: Այս լուրը հաստատեց Կետիկփաշայի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ հիմնարկի փաստաբան Սեպուհ Ասլանքիլը՝ նշելով, որ սեփականութեան վկայականը արդէն իսկ յանձնուած է հիմնարկին։
Լուրը հաստատեց նաեւ ճամբարի վերադարձին համար ստեղծուած յատուկ խմբակի ներկայացուցիչները, որոնց հրապարակած յայտարարութեան մէջ կ՛ըսուի. «2015ի Մայիս 6ին մեր սկսած պայքարը, դիմադրութեան 175րդ օրը՝ 2015ի Հոկտեմբեր 27ին, պսակուեցաւ յաջողութեամբ: Ճամբարը վերադարձուեցաւ Կետիկփաշայի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ հիմնարկին: Մեր երախտագիտութիւնը կը յայտնենք պայքարի բոլոր աջակիցներուն, ինչպէս նաեւ՝ «Նոր Զարթօնք» նախաձեռնութեան»:
Դիմադրութեան արշաւը նախաձեռնողները այս առթիւ նշեցին իրենց տարած յաղթանակը: Այժմ հայկական այս ճամբարը կիսաքանդ կառոյց մըն է: Անիկա եղած է չքաւոր ու որբ հայ երեխաներու ամառնային ճամբար: 1961ին գնուած է Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ հիմնարկին կողմէ եւ ծառայած իբրեւ ամառնային ճամբար, ուր յաճախած է նաեւ 2007ին սպաննուած յայտնի հայ լրագրող Հրանդ Տինք: Յետագային ճամբարը թրքական իշխանութիւններուն կողմէ ապօրինաբար խլուած է հայ համայնքէն:
Մայիս 6ին, ճամբարի ներկայ սեփականատիրոջ նախաձեռնութեամբ սկսած էր ճամբարը քանդելու աշխատանքը, սակայն կարճ ժամանակ անց՝ Թուրքիոյ հայ համայնքը բողոքած էր եւ կրցած էր կասեցնել ամբողջական քանդումը:
Yorumlar kapatıldı.