İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Արամ Ա. Հանդիպում Ունեցաւ ՄԱԿի Պատուիրակին Հետ

ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 20ին, Արամ Ա. կաթողիկոս շուրջ ժամ մը տեւողութեամբ հանդիպում ունեցաւ Սուրիոյ հարցով Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան յատուկ պատուիրակ Սթեֆան տը Միսթուրայի հետ: Սուրիոյ մէջ տիրող ընդհանուր կացութեան ու վերջին զարգացումներուն շուրջ տեղեկութիւններու եւ տեսակէտներու փոխանցումէն ետք, վեհափառը սուրիական հարցին խաղաղ լուծման իր պատկերացումը ներկայացուց։

Կաթողիկոսը շեշտեց սուրիական տագնապին քաղաքական լուծում տալու հրամայական անհրաժեշտութիւնը՝ յիշեցնելով, որ նման տագնապներուն մնայուն ու ամբողջական լուծում կարելի չէ տալ սոսկ զինուորական միջամտութեամբ: «Քաղաքական լուծում կ՛ենթադրէ քաղաքական գործընթաց՝ մասնակցութեամբ խաղաղ լուծման յանձնառու բոլոր կողմերուն: Նման գործընթացին պէտք է մասնակցին կողմերը առանց նախապայմանի, որովհետեւ վերջին խօսքը կը պատկանի ժողովուրդին», ըսաւ վեհափառը: Ապա, ան առաջարկեց, որ կողմերը նման յանձնառութեան մղող ու քաղաքական գործընթացին յստակ ուղղութիւն տուող «ճամբու քարտէս» մը պատրաստեն՝ յատուկ ուղեգիծով ու ժամանակացոյցով:
Վեհափառը նաեւ յիշեցուց ՄԱԿի պատուիրակին, որ նման նախաձեռնութեան գծով բնականաբար անհրաժեշտ է ունենալ միջազգային ու շրջանային ուժերուն օրհնութիւնը: Շարունակելով իր պատկերացումը՝ կաթողիկոսը առաջարկեց տը Միսթուրային, որ յիշեալ ծրագիրի գործադրութիւնը աւելի հնարաւոր կրնայ դառնալ երկու անհրաժեշտ քայլերէ մեկնելով. առաջին՝ ընդհանուր զինաթուլ եւ արտաքին զինուորական օժանդակութիւններու դադրեցում. երկրորդ՝ հանգրուանային մօտեցում թէ՛ «ճամբու քարտէս»ին մէջ ճշդուած սկզբունքներու գործադրութեան եւ թէ շրջաններու մէջ ապահովութեան հաստատման: Այս վերջին կէտին գծով, Արամ Ա. կաթողիկոս առաջարկեց սկսիլ Հալէպէն, նկատի ունենալով քաղաքին քրիստոնեայ-իսլամ նկարագիրը ու պատմական կարեւորութիւնը:
ՄԱԿի պատուիրակը ամբողջութեամբ համաձայն գտնուեցաւ վեհափառի պատկերացումին ու առաջարկներուն, միաժամանակ ան իր մտահոգութիւնը յայտնեց կարգ մը կողմերու մօտեցման, ինչպէս նաեւ արտաքին կողմերու հետապնդած նպատակներուն գծով: Ան նաեւ համաձայն գտնուեցաւ, որ Հալէպը դառնայ առաջին հանգրուանը Սուրիոյ տագնապը քաղաքական լուծման առաջնորդող գործընթացին: Այս շրջագիծէն ներս, տը Միսթուրա յիշեցուց, որ դժբախտաբար արտաքին որոշ կողմ մը պատճառ հանդիսացաւ, որ ամիսներ առաջ Հալէպի համար պատրաստած իր ապահովական ծրագիրը ձախողութեան մատնուի:
Վեհափառը տը Միսթուրային նաեւ յիշեցուց, որ հայ համայնքը Սուրիոյ կարեւոր քրիստոնեայ համայնքներէն մէկն է եւ անհրաժեշտ տեղեկութիւններ փոխանցեց հայ համայնքին ու յատկապէս Հալէպի մէջ անոր դիմագրաւած դժուարութիւններուն մասին:

Yorumlar kapatıldı.