İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Յայտարարութիւն՝ Մարդկային Իրաւանց Եւրոպական Դատարանի Որոշման Մասին

Այսօր առաւօտեան կարճ նիստին ընթացքին տրուած որոշումը հայկական կողմին համար կարեւոր է՝ քանի մը կէտերով, որոնցմէ ամենակարեւորը այն է, որ դատարանը բեկանեց նախորդ դատարանին այն կէտը, ուր համեմատական մը կը դրուէր Հայկական Ցեղասպանութեան եւ Հրէական Ողջակիզման միջեւ: Ստորին պալատի իրաւասութիւնները չեն արտօներ նման ակնարկ-որոշում մը կատարել: Շատ կարեւոր կէտ մը, որ նաեւ նշուեցաւ այսօրուան որոշումին մէջ, այն է, թէ հայ ժողովուրդի արժանապատուութեան եւ ցաւին հետ ոչ ոք խաղալու իրաւունք ունի: Դատարանի որոշումին համաձայն՝ Եւրոպայի տարածքին գտնուող հայութիւնը արժանապատիւ կեանքի իրաւունք ունի՝ առանց որեւէ մէկ ցեղապաշտ կամ այլ բռնութիւններու: Ռոպերթսոն նշեց, որ այս օրը Հայաստանի եւ հայութեան համար կարեւոր օր մըն է, որովհետեւ Թուրքիոյ օրէնսդրութեան թիւ 301 յօդուածը նաեւ լուսարձակի տակ կ՛առնուի եւ պէ՛տք է ջնջուի, եթէ Թուրքիա կ՛ուզէ եւրոպական ընտանիքին անդամ դառնալ:

***
Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանը (ՄԻԵԴ) Հինգշաբթի, 15 Հոկտեմբերին «Փերինչեք՝ ընդդէմ Զուիցերիա» հայցին շուրջ կայացուց իր վճիռը, ուր նշեց, թէ թուրք ազգայնական Տողու Փերինչեքի խօսքի ազատութիւնը կաշկանդումի ենթարկուած է, երբ ան Հայկական Ցեղասպանութիւնը ուրացող յայտարարութիւններ կատարած է Զուիցերիոյ մէջ։
Յունուար 2015ին, Եւրոպական դատարանի վերին պալատը հարցը վերանայման ենթարկած էր՝ Զուիցերիոյ դիմումին ընթացք տալով: Այդ դատին վճիռը տրուեցաւ այսօր: Հայաստան դատին կը մասնակցէր իբրեւ երրորդ հետաքրքրուող կողմ՝ ներկայացուելով միջազգային իրաւաբաններ Ճեֆրի Ռոպերթսոնի եւ Ամալ Քլունիի, ինչպէս նաեւ՝ Հայաստանի Ընդհանուր դատախազ Գէորգ Կոստանեանի կողմէ:
Այսօր առաւօտեան կարճ նիստին ընթացքին տրուած որոշումը հայկական կողմին համար կարեւոր է՝ քանի մը կէտերով, որոնցմէ ամենակարեւորը այն է, որ դատարանը բեկանեց նախորդ դատարանին այն կէտը, ուր համեմատական մը կը դրուէր Հայկական Ցեղասպանութեան եւ Հրէական Ողջակիզման միջեւ: Ստորին պալատի իրաւասութիւնները չեն արտօներ նման ակնարկ-որոշում մը կատարել:
Շատ կարեւոր կէտ մը, որ նաեւ նշուեցաւ այսօրուան որոշումին մէջ, այն է, թէ հայ ժողովուրդի արժանապատուութեան եւ ցաւին հետ ոչ ոք խաղալու իրաւունք ունի: Դատարանի որոշումին համաձայն՝ Եւրոպայի տարածքին գտնուող հայութիւնը արժանապատիւ կեանքի իրաւունք ունի՝ առանց որեւէ մէկ ցեղապաշտ կամ այլ բռնութիւններու: Ռոպերթսոն նշեց, որ այս օրը Հայաստանի եւ հայութեան համար կարեւոր օր մըն է, որովհետեւ Թուրքիոյ օրէնսդրութեան թիւ 301 յօդուածը նաեւ լուսարձակի տակ կ՛առնուի եւ պէ՛տք է ջնջուի, եթէ Թուրքիա կ՛ուզէ եւրոպական ընտանիքին անդամ դառնալ:
Կարեւոր է նշել նաեւ, որ այսօրուան որոշումը կը վերաբերի Փերինչեքի խօսքերուն՝ Զուիցերիոյ մէջ, սակայն հարցականի տակ չ՛առներ Հայկական Ցեղասպանութեան իրողութիւնը, եւ յետագային ուրացման որեւէ փորձ օրէնսդրօրէն կրնա՛յ քրէական ըլլալ:
Գասպար Կարապետեան՝ ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահը, սոյն որոշումին մասին հետեւեալը ըսաւ.
«Դատարանը բաց կը ձգէ այն կարելիութիւնը, որ անհատ մը դատապարտուի Ցեղասպանութեան ուրացման համար՝ որոշ պարագաներու: Դատարանը արձանագրեց, որ սխալ էր Փերինչեքը քրէական հետապնդումի ենթարկել, քանի որ Զուիցերիոյ մէջ պատմական հարցեր չկային, ինչպէս նաեւ՝ բարձր կիրքեր չկային (հայերու եւ թուրքերու միջեւ): Կարելի է եզրակացնել, ուրեմն, որ հայերու եւ թուրքերու միջեւ եթէ լարուած իրավիճակ ստեղծուի՝ ուրացման պատճառով, ապա Ցեղասպանութեան ուրացումը կարելի է քրէականացնել»:

Yorumlar kapatıldı.