ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».– Ցեղասպանագէտներու միջազգային ընկերակցութիւնը (International Association of Genocide Scholars (IAGS) նամակներ յղած է Գերմանիոյ խորհրդարանի նախագահին, Արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնաժողովի նախագահին, ինչպէս նաեւ իշխող երկու կուսակցութիւններուն՝ Քրիստոնեայ-ժողովրդավարական միութեան եւ Ընկերվար ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահներուն՝ կոչ ուղղելով արագացնելու Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող եւ դատապարտող բանաձեւի ընդունման գործընթացը Գերմանիոյ խորհրդարանին մէջ:
Ցեղասպանագէտները գրած են. «Մենք կոչ կ՛ուղղենք գերմանացի օրէնսդիրներուն՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին առիթով պաշտօնական հանգամանք տալու խորհրդարանի բոլոր խմբակցութիւններու ներկայացուցիչներուն կողմէ 24 Ապրիլին հնչած այն իրաւական դիրքորոշումներուն, որոնք կը ճանչնային հայերուն, ասորիներուն եւ յոյներուն նկատմամբ Օսմանեան կայսրութեան մէջ գործուած ցեղասպանութիւնը»:
Նամակներուն հեղինակները նշած են, որ կը հաւատան, թէ Գերմանիոյ առաջնորդները պիտի օգնեն Թուրքիոյ՝ յաղթահարելու իր դժուարութիւնները պատմական յիշողութեան հետ առերեսման հարցին մէջ։
Yorumlar kapatıldı.