İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Հաղորդագրութիւն

10 հոկտեմբեր շաբաթ օրը յիւսիսային Գերմանիոյ Լէէր քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած խաչքարի մը օծման
հանդիսաւոր արարողութիւնը: Հայաստանի մէջ պատրաստուած խաչքարի տեղադրումը տեղի ունեցած էր Լէէրաբնակ հայորդի Տիար Ալպէրթ Թովմասեանի նուիրեալ նախաձեռնութեամբ եւ քաղաքապետարանի աջակցութեամբ:

Առաջնորդ Գարեգին Սրբազանի տնօրինութեամբ խաչքարի օծումը կատարեցին Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի միաբան հոգշ. Տ. Ահարոն աբեղայ Շահվերտեանը եւ Տ.
Այգիկ ու Տէր Հրաչ քահանայ հայրերը, ՀՀ Գերմանիոյ Դեսպան Տիար շոտ Սմբատեանի, Քաղաքապետուհի Պէաթրիքս Քուհլի, կուսակալութեան  ներկայացուցիչ Պէրնհարտ Պրամլակէի, միջեկեղեցական խորհուրդի, քաղաքական, քոյր-եկեղեցական եւ ընկերային հաստատութիւններու  ներկայացուցիչներու ներկայութեամբ:

Օծման Արարողութեան յաջորդեցին պաշտօնական  հիւրերու ողջունի խօսքերն ու գեղարուեստական ելոյթներ: Ապա քաղաքապետարանի  մէջ տեղի ունեցաւ պաշտօնական ընդունելութիւն ի պատիւ

ներկայ հիւրերուն:

Քէօլն, 12.10.2015

Դիւան Առաջնորդարանի

Yorumlar kapatıldı.