İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՏՕՆԻ ԱՌԹԻՒ ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ՄԷՋ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ՕՐԵՐ

Հայոց օրացոյցի Հոկտեմբեր-Նոյեմբեր ամիսները մշակոյթի ձեռնարկներու ամիսներն  են,այս առումով Գերմանիոյ զանազան քաղաքներու մէջ, տեղի կ’ունենան Թարգմանչաց տօնի շրջագիծով մշակոյթի հարուստ ձեռնարկներ “Հայկական Մշակոյթի Օրեր”անուան տակ:

Այս ձեռնարկները  Գերմանիոյ Հայ կեանքի մէջ աւանդութիւն դարձած է,այս ծիրէն ներս կը ցուցադրուին վաւերագրական եւ պատմական լուսանկրներու երիզներ,ցուցահանդէսներ,կ’իրականան զեկոյցներ,հայկական երաժշտութեան համերգներ,բանախօսութիւններ, գրական երեկոյներ եւ կը կազմակերպուին մշակոյթային զանազան ձեռնարկներ,որոնք հնարաւորութիւն կ’ստեղծեն Հայ եւ Գերմանացի հանդիստեսներուն ,առաւել ծանօթանալ Հայ ժողովուրդի մշակոյթին.

Այս ձեռնարկներու շարքին առաջինին  բացումը կատարուեցաւ 26 Սեպտեմբեր 2015 Պեռլինի մէջ,Արշակ Չալումեանի ղեկավարութեամբ “Պարի Խումբի”դատերապարի ներկայացումով ,”Գերման-Հայ Մշակոյթի Օրեր Պեռլինի Մէջ” անունով, որը կազմակերպուած էր, Պեռլինի Գերման-Հայ Մտաւորականներու Միութեան, Պեռլին Քաղաքի Մշակոյթի Պետական Սենեակի,Պեռլինի Հայ Համայնքի,Պեռլինի Գերման Բողոքական Համայնքի եւ Գերմանիոյ Հայոց Առաջնորդութեան համագործակցութեամբ, ձեռնարկներու այս շարքը պիտի տեւէ մինչեւ 2 Նոյեմբեր 2015 թուականին.

1 Հոկտեմբեր 2015 թուականին Ֆրանքֆուրթ քաղաքի գեղարուեսի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Տէնիս Ալթի Մեծ Եղեռնի ձօնուած “Նկարի Ցուցահանդէս”ը :
19 Հոկտեմբեր – 31 Հոկտեմբեր  2015 թուականներու միջեւ հարաւային Գերմանիոյ  Սթթութկարտ քաղաքի մէջ տեղի պիտի ունենայ, Պատէն- Վիւրթէնպերկ նահանգի հայ համայնքի  կողմէ կազմակերպուած  5- րդ աւանդական “Հայկական Մշակոյթի Օրեր Սթթութկարտի Մէջ” անուայ տակ  ձեռնարկներու շարքը,որը 19 Հոկտեմբերին պիտի բացուի Փրօֆ.Միհրան Տապաղի բանախօսութիւնով եւ Արտագ Կիրակոսեանի,Իսապէլ Մելքոնեանի,Հրայր Աճէմեանի երաժշտութիւնով:

23 Հոկտեմբեր- 20 Նոյեմբեր 2015 թուականներու միջեւ Քէօլն քաղաքի մէջ տեղի պիտի ունենայ Գերմանիոյ Հայոց Առաջնորդութեան կազմակերպած 12-աւանդական “Հայկական Մշակոյթի Օրեր Քէօլնի Մէջ” անունով  ձեռնարկներու շարքը, որը պիտի  բացուի 23 Հոկտեմբերին  հանրածանօթ դաշնակահարուի Մարինա Շիրինեանի  դասական երաժշտութեան  դաշնամուլի համերգով:
25 Հոկտեմբերին Քէօլն ի մէջ տեղի պիտի ունենայ ,Գերմանիոյ Գործատէրերու Միութեան կազմակերպած “Հայաստանի Պարի ,Երգի Պետական Համոյթի” ներկայացունը.
 Տոքթ.Սարգիս Ատամ

Yorumlar kapatıldı.