– 4 Սեպտեմբեր 2015 Ուրբաթ օրը Պիլէֆէլտի մէջ տեղի ունեցաւ Volkshochschule հաստատութեան կողմէ Հայ-Գերմանական Ընկերակցութեան համագործակցութեամբ կազմակերպուած “1915-2015, Հայ Ճարտարապետութիւն եւ Ցեղասպանութիւնը” անուն ցուցահանդէսի մը բացումը, որը նուիրուած է Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին:
Ցուցահանդէսի բացման հանդիսութեան ներկայ էին Պիլէֆէլտի Քաղաքապետ Փիթ Քլաուզէն, Գարեգին Արքեպս. Պեքճեան, ՀՀ. Գերմանիոյ Դեսպան Տիար Աշոտ Սմբատեան եւ բազմաթիւ հայ ու գերմանացի հիւրեր:
– 8 Սեպտեմբեր Երեքշաբթի երեկոյեան Առաջնորդ Գարեգին Սրբազանը ՀՀ Գերմանիոյ Դեսպանութեան հրաւէրով Պեռլինի մէջ մասնակցեցաւ “Հայաստանի Բնութեան Գանցերը” նիւթով գիտնական երեկոյի մը: Միջոցառման մասնակցելու համար Հայաստանէն ժամանած էր նաեւ ՀՀ Բնապաշտպանութեան Նախարար Տիար Արամայիս Գրիգորեան:
Ներկայ էին գերմանական զանազան հաստատութիւններու բազմաթիւ ներկայացուցիչներ, երեսփոխաններ եւ այլ հայ ու գերմանացի հիւրեր:
Քէօլն, 07.10.2015
file:///C:/Users/User/Downloads/Haghortakrutyun%2010.pdf
Yorumlar kapatıldı.