Հայոց օրացոյցի, Հոկտեմբեր ամսուան ամենէն աւելի յիշատակուող տօնը Թարգմանչաց տօնն է։ Թարգմանչացը հայկական մշակոյթի ընդհանուր տօնն է։ Գիրերու գիւտի, հայերէնի թարգմանութիւններու, հայերէն լեզուով ստեղծագործութիւններու, հայ դպրոցներու կառուցման ընդհանուր տօնը։ Յստակ է թէ’, թարգմանչաց տօնը վառ պահելու ամենէն ազդու ձեւը հայերէն լեզուն պահպանելն, սորվիլը, ծաղկեցնելն է:
Սակայն կայ նաեւ այլ ձեւ մը որ, պատիւ կը բերէ մեր թարգմանիչներուն, որոնք հայերէն գիրերու գիւտէն անմիջապէս ետք լծուեցան Աստուածաշունչի հայերէն թարգմանութեան եւ այդ թարգմանութիւնը եղաւ թարգմանութիւններուն առաջինը, գեղեցկագոյնը, սրբագոյնը, թագուհին եւ կոչուեցաւ Թագուհի Թարգմանւթեանց»:
Ո՞րն է թարգմանիչներու յիշատակը փառաբանելու լաւագոյն ձեւը եթէ ոչ իրե՛նց իսկ կատարած թարգմանութեան հանդէպ ցուցաբերուող հետաքրքրութիւնը, անոր ծանօթանալու, զայն ճանչնալու տրամադրութիւնը ու անով հպարտանալը,եւ եթէ ոչ անոնց մեզի որպէս ժառանգ ձգած հարուստութիւններու պահապանը ըլլալն է:
Մեսրոպ Մաշտոց, Ղազար Փարպեցի,Մովսէս Խորհենացի,Եզնիկ Կողբացի, Անանիա Շիրակացի, Սուրբ Սահակ Պարթեւ եւ այլ ուրիշ թարգմանիչներ , եղան հայ մշակոյթի մեր առաջին առաջնորդները, որոնց շնորհիւ այսօր մենք հայերս հայերէն կը գրենք ու հայերէն կը կարդանք:
Հայերէն գիրերու գիւտէն վերջ Մեսրոպ Մաշտոցի գրած առաջին նախադասութիւն է: <<Ճանաչել զիմաստութիւն եւ զխրատ, իմանալ զբանս հանճարոյ> հոս իմաստութիւնը Քրիստոսն է բանն Աստուծոյ,իսկ հանճարի խօսքերը Սուրբ Գիրքն է:
Ս. Մեսրոպ Մաշտոց ծնած է Տարօն գաւառի Հացեկաց գիւղը։ Սորված է Յունարէն, Ասորերէն եւ Պարսկերէն լեզուները։ Հայոց Խոսրով Դ. Թագաւորի պալատին մէջ վարած է զինուորական քարտուղարի պաշտօն եւ ճանչցուած է որպէս գիտնական անձնաւորութիւն։ Աստուծոյ, ազգին ու եկեղեցիին հանդէպ իր սէրը այնքան վառ եղած է, որ թագաւորական պալատը ձգելով դարձած է կուսակրօն եկեղեցական եւ նուիրուած է Ս. Աւետարանի քարոզչութեան:
Ս. Սահակի նման ինքն ալ իր շուրջը հաւաքած է երիտասարդ կրօնաւորներ եւ անոնց հետ շրջած է Հայաստանի զանազան կողմերը՝ Քրիստոսի լոյսը տարածելու համար։ Իր ջանքերը եղած են արդիւնաւոր։ Իր քարոզներուն շնորհիւ Գողթան գաւառի մէջ ջնջուած են հեթանոսական մեղսալի սովորութիւնները եւ մարդիկ աստուածապաշտութեան հետեւած են:
Իր քարոզներուն ընթացքին զգացած է հայ լեզուի համար սեփական գիրերու անհրաժեշտութիւնը եւ ձեռնարկած է հայ տառերու գիւտին։ Ի վերջոյ աստուածային յայտնութեամբ կատարելագործած է իր աշխատանքը եւ ամբողջացուցած հայոց այբուբենը։ Ձեռնարկած է Աստուածաշունչի հայերէն թարգմանութեան:
Ս. Մեսրոպ առաջին ուսուցիչն է հայ լեզուին եւ հիմնադիրը՝ հայ գրականութեան։ Ինքն է հայերէնը գրաւոր լեզու դարձնող ռահվիրան։ Թարգմանչական աշխատանքի կողքին գրած է շարականներ, եւ աղօթքներ:
Մեսրոպ Մաշտոց եղած է հայ Ծիսարանի առաջին խմբագիրը, որ հետագային ունեցած է իր յաւելումները։ Այդ գիրքը իր անունով կոչուած է »Մաշտոց«, որ կը գործածուի մինչեւ այսօր:
Ս. Մեսրոպ Մաշտոց հայ գիրերու գիւտէն ետք հնարած է նաեւ Վրացիներուն եւ Աղուաններուն այբուբենը:
Հայ հոգեւորականութիւնը 4-րդ հարիւրամեակի ընթացքին արդէն քաջատեղեակ էր քրիստոնէական գրականութեան սեռերուն ու տեսակներուն։ Միայն կարեւոր էր, որ անոնք հայացուէին, այսինքն՝ թարգմանուէին հայերէնի։ Այս նպատակին պիտի ծառայէին Հայաստանէն դուրս՝ ասորական եւ յունական մշակոյթի մեծ կեդրոններու մէջ կրթութիւն ստացած այնպիսի հմուտ մտաւորականներ, որոնց կը կոչէին «Երէց»թարգմանիչներ։ Ասոնցմէ էին Մեսրոպ Մաշտոցը, Սահակ Պարթեւ կաթողիկոսը, Յովսէփ Վայոցձորեցին, Ղեւոնդ Երէցը, Եզնիկ Կողբացին, Կորիւնը, Յովհան Խոստովանողը, եւ ուրիշներ:
Թարգմանչաց շարժումը տարածուաց է,հայ գիրի գիւտէն անմիջապէս վերջ,405 թուականին նպատակ ունենալով երկիրը Յունական ազդեցութիւնէն ազատել, հայոց դպրոցներ հիմնելու,քրիստոնէական կարեւոր գիրքերը հայերենի թարգմանելու , եկեղեցական ծէսերը հայկականեցնելու, ինքնուրոյն հայալեզու դպրութիւն սկզբնաւորելու միջոցով:Թարգմանչաց շարժումը նաեւ պետական շահեր ունէր,կը հետապնէր հայոց գիրերու գիւտով թուլացած Արշակուեայց գահի պաշտօնական գրութիւներու լեզուն Յունարենէն եւ Ասորիներէն էն Հայերենի անցնել:Իսկ հայալեզու դպրոցն ու գրականութիւնը , հայալեզու եկեղեցւոյ միջոցաւ պէտք էր նեցուկ դառնային Հայոց պետականութեան ու ժողովուրդի ինքնութեան պաշպանումին:
5.րդ.դարի թարգմանական գրականութիւնը հայ ինքնուրոյն աստուածաբանական, դաւանաբանական,իմաստասիրական ու պատմական եւ այլ գրականութեան ստեղծման համար հիմք է, այս դարին է որ սկսաւ Հայ Մշակոյթի <<Ոսկեդարեան Շրջանը>:
Հայ Թարգմանիչ շարժումի նուաճումներէն մին ալ <<Մաշտոցեան Դպրոցներ>ուն հիմնումն է, որոնք դարձան գրականութեան, քաղաքկրթութեան ,գիտութեան ու մշակոյթի հետագայ զարգացման ,հայ ժողովուրդիինքնութեան պահպանման հիմքերը:
Ս. Գիրքի թարգմանութիւնը կարեւոր դեր խաղացած է հայ իմացական կեանքին մէջ։ Հայոց մատենագրութիւնը սկսած է այդ թարգմանութեամբ։ Ասով է որ Քրիստոնէական ոգին իր աւետարանական ու փիլիսոփայական ողջ տարողութեամբ կը թափանցէ հայ ժողովուրդի գիտակցութեան մէջ, եւ որպէս դասագիրք այբբենարան կը ձըգուի դէպի միւս ազգերու քաղաքակրթութիւնը։ Իր պատմութիւններով, երգերով ու քրիստոնէական աւանդութիւններով, Աստուածաշունչը կը ստեղծէ ամուր մտայնութիւն՝ կեանքի, անցեալի ու ներկայի մասին եւ միաժամանակ յոյս կը ներշնչէ հայութեան տոկալու եւ յարատեւելու:
Հայերէն եկեղեցական լեզուն, որ թարգմանութիւններու միջոցով մշակուելով ու յղկուելով կը դառնայ գրական լեզու, կը կոչուի ԳՐԱԲԱՐ։ Գրաբարը, Դարերու ընթացքին կ՝ունենայ իր զարգացումը, կը կրէ փոփոխութիւններ, բայց հիմնականին մէջ կը պահպանէ լեզուական այն կառոյցը, որով գրած են հայ առաջին թարգմանիչները:
Տօքթ.Ս.Ատամ
__._,_.___
Attachment(s) from Sarkis Adam | View attachments on the web
3 of 3 Photo(s)
DSC01039.jpg
1340601744_5_mashtotc.jpg
-4-638.jpg
________________________________________
Posted by: Sarkis Adam <sarkis_adam@yahoo.de>
________________________________________
Yorumlar kapatıldı.