İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՈՒԽՏԻ ՀԱՐԻՒՐԱՄԵԱԿ, ՅԵՏՈՅ Ի՞ՆՉ Ը. ԹՈՒԱԿԱՆ ԱՃ

Աճեցէք եւ բազմացարուք Եւ լցէք զերկիր
Արտագաղթի մասին արտայայտուեցանք որպէս համազգային դժբախտ, ցաւալի եւ տժգոյն երեւոյթ: Ահաւասիկ սակայն՝ նոյնքան մտահոգիչ է թուական աճումի նուազումը (ծնելիութեան անկում), որ կրնայ ճակատագրական դեր ունենալ հայրենիքի ապահովութեան, պահպանման եւ գոյութեան խնդրին մէջ:

Վերլուծելէ առաջ մեր առջեւ ծառացող այս տխուր երեւոյթը, ժամանակագրական եւ պաշտօնական տուեալներ ներկայացնենք մեր ընթերցողներուն: ՄԱԿ-ի բնակչութեան հիմնադրամի հայաստանեան գործադիր ներկայացուցիչ՝ Գարիկ Հայրապետեանի համաձայն, երեք գլխաւոր ազդակներ խո՜ր եւ ցաւալի հետեւանքներ պիտի ունենան հայրենիքի աճումին վրայ: Անոնցմէ առաջինը՝ արտագաղթն է որուն անդրադարձանք  առանձին յօդուածով, երկրորդը՝ ծնունդներու անկումը, եւ երրորդը՝ բնակչութեան ծերացումը: Հայրապետեանի  համաձայն, 2017 թուականէն սկսեալ աւելի մեռնողներ պիտի ըլլան քան ծնեալներ:
Եթէ այս տխուր երեւոյթը շարունակուի եւ մեր ներկայ ու ապագայի գործող իշխանութիւնները մասնաւոր միջոցներու չձեռնարկեն կացութիւնը շտկելու համար, Հայաստանի բնակչութիւնը փոխանակ աճելու պիտի նուազի եւ 2050 թուականին պիտի ունենայ երկու միլիոնէն պակաս բնակչութիւն, ուրախացնելով մեր թշնամիները որոնք կ’աճին  անհամեմատ հսկայական թիւերով:
Ի’նչ ալ ըլլան պայմաններն ու պատճառները այս դժբախտ երեւոյթին – արտագաղթ, շրջափակում, անապահովութիւն, անարդարութիւն, գործազրկութիւն, հասարակական դժուարին ծանր պայմաններ – հայրենիքի գոյութիւնը կը դնեն դէմ յանդիման նոր արհաւիրքներու, երբ երկու կողմէն թշնամիներ ամէն օր կը սպառնան մեր գոյութեան եւ բարգաւաճման: Հետեւաբար ո՞վ պիտի պաշտպանէ մեր հայրենիքը երբ զօրակոչելու երիտասարդութիւն պիտի չունենանք: Չմոռնանք մօտիկ անցեալի պատմութիւնը, երբ մեզի ըսուեցաւ անգլիացի դիւանագէտին կողմէ որ իրենց նաւերը չեն կրնար Արարատ լեռը բարձրանալ:
 1950-ի Հայաստանի պետական տուեալներով, մէկ մօրմէ կը ծնէր 4.5 երեխայ, իսկ այսօր այդ թիւը 2-էն պակաս է: Պաշտօնական տուեալներու համաձայն, ժողովուրդի մը աճումը բաձրացնելու համար անհրաժեշտ է առ նուազն 2.1 ծնելիութիւն մէկ կնոջ համար: Ահաւասիկ մեր ժողովուրդի աճման տխուր պատկերը. 1990 թուականէն սկսեալ երթալով կը պակսի ծնեալներու թիւը: Դարձեալ պետական տուեալներով, 1990-ին Հայաստանի մէջ ծնած են 80 հազար երախաներ, 1993-ին՝ 59 հազար, 2001-ին՝ 32 հազար: Վերջին մի քանի տարիներուն աճումի փոքրիկ փոփոխութիւններ նկատելի են կ’ըսէ Գարիկ Հայրապետեան, այդու հանդերձ՝ 2025-ին Հայաստանի մէջ պիտի ծնին ո’չ աւելի քան 25 հազար երախաներ:
Նոյնքան սահմռկեցուցիչ է ա’յն իրողութիւնը, որ ներկայիս Հայաստանի մէջ տարեկան 500 հարիւր աղջիկ երախայ վիժումի կ’ենթակուի, որովհետեւ ընտանիքներ նախապատուութիւն կու տան տղայ երախային (http://www.hraparak.am/?p=82820&l=am/tarekan+mot+500+erexa+chi+cnvum+axjik+linelu+patcharov): Հայ ժողովուրդն ալ անմասն չէ մնացած այս ազգակործան փորձութիւններէն, ինչ որ ալ ըլլան անոնց դրդապատճառները, իրողութիւն մը որ լուրջ հետեւանքներ պիտի ունենայ մեր ապագայ մայրերու թուաքանակին եւ որակին վրայ եւ արական սեռի մեր երիտասարդները դժուարութիւն պիտի ունենան  հայ  թեկնածուներ գտնելու՝ ամուսնանալու համար, ինչ որ, հետեւաբար, նոր շարժառիթ պիտի ըլլայ իրենց՝ արտագաղթելու:
Վիժումը աստուածաշնչական ուսուցումներուն համաձայն խորտակումն ու աւերումն է անկարողին, անօգնականին: Որպէս ճշմարիտ քրիստոնեաներ, չենք կրնար անտարբեր մնալ ո’չ-աստուածահաճոյ այս գայթակղեցուցիչ եւ աւերիչ երեւոյթին նկատմամբ: Այս անմարդկային տխուր երեւոյթը կրօնականէն անդին իր անդրադարձը կ’ունենայ նաեւ մեր հասարակական կեանքին մէջ: Եթէ չկան բժիշկի կողմէ մատնանշուած եւ ապացուցուած յատուկ պատճառներ, որոնք կրնան անյապաղ վերահաս մահ պատճառել  յղի կնոջ, այդ պարագային վիժումը կը դառնայ սպանութիւն եւ արարք մը՝ Աստուծոյ կամքին հակառակ:
Ահաւասիկ յստակ տուեալներ որոնք մեզ դէմ յանդիման կը դնեն լուրջ մտածողութեան, մտահոգութեան եւ պատասխանատուութեան առջեւ: Մեր մտահոգութիւնները, այս պարագային, կը բխին բացորոշ իրականութենէ: Նկատի ունենալով որ նահատակութիւններ, ջարդեր եւ սովեր տեսած ժողովուրդ ենք, որոնց հետեւանքով նուազած է մեր ազգին քանակը, պարտաւոր ենք աւելի զգօնութեամբ մօտենալու այս հարցին, եւ կ’ակնկալենք որ մեր ճահճացած Եկեղեցին, անպայման ըսելիք մը ունենայ այս հրատապ եւ հասարակութիւնը յուզող շա՛տ լուրջ հարցի մասին:
Անշուշտ խրախուսիչ եւ քաջալերական է ա’յն իրողութիւնը որ Հայասատանի մէջ 2014 թուականէն սկսեալ, երրորդ եւ չորրորդ երախայի ծնունդին համար կը տրուի մէկ միլիոն Դրամ, իսկ հինգ եւ աւելի երախաներու համար մէկ ու կէս միլիոն Դրամ: Նման պետական ծրագիր մը պիտի կարենա՞յ ամոքել մեր վիշտը ու թեթեւցնել մեր հոգեկան տառապանքը:
Ինքնախաբէութենէ հեռու կենանք եւ ընդունինք իրականութիւնը թէ այսօր մեր հայրենիքը հայաթափման ընթացքի մէջ է, եւ  համրանքի կորուստը զգալի է զանազան քաղաքական, հասարակական եւ ընկերային պատճառներով: Պետութիւն մը ինքզինք կրնայ ապահովել միայն՝ երբ թուական աճում ունի: Աճումի բացակայութիւնը կը խախտէ նաեւ հիմերը մեր գոյութեան ու ապահովութեան՝ որպէս ազգ եւ լեզու:  Աճումի պակասը իր տխուր եւ քանդիչ հետեւանքները պիտի ունենայ նաեւ մեր մշակոյթի որակին վրայ, առաջնորդելով զայն աստիճանական քայքայումի, այլ խօսքով՝ դառնալով մեր ինքնութեան այլասերումի գլխաւոր պատճառներէն մէկը:
Նոյնքան յուսահատական է վիճակը, երբ կը խօսինք Հայաստանի բնակչութեան տարեցներու ստուար թիւի մասին: Հոս ալ արտագաղթը իր քանդիչ դերը կը խաղայ, եւ երբեմնի երիտասարդ Հայաստանը, այսօր նոր մտահոգութիւններու առջեւ կը դնէ մեզ ազգովին: Խորհրդային տարիներուն՝ Հայաստանի բնակչութեան միջին տարիքը եղած է 22, այսօր սակայն բնակչութեան միջին տարիքը 33 է, եւ այս ընթացքով կը կարծուի թէ 2050 թուականին բնակչութեան միջին տարիքը պիտի ըլլայ 43:  Ահաւասիկ այս պատկերը ո’չ միայն մեզ կը մտահոգէ, այլ նաեւ կը ստեղծէ տնտեսական տագնապներ: Օրինակի համար, եթէ 1990 թուականին 11 անձ պէտք էր աշխատէր 1 թոշակառու պահելու համար, 2010 թուականին անհրաժեշտ եղաւ 6 անձ՝ 1 թոշակառու պահելու համար, իսկ 2050  թուականին 1 թոշակառու կարենալ պահելու համար՝ կարիքը պիտի զգացուի 1.6 անձի: Կրնա՞ք երեւակայել թէ ի՜նչ տնտեսական ողբերգական վիճակ պիտի ստեղծուի  հայրենիքէն ներս: Ահազանգային այս վիճակին պատասխանատուութիւնը ո՞վ պիտի ստանձնէ եթէ ոչ հայրենի պետականութեան ղեկավարութիւնը:
Մէկդի թողունք մեր ճառերը, քարոզախօսութիւնները եւ խորհրդաժողովները, որոնք լօզունգի սահմաններէն անդին չեն անցնիր: Այս ճգնաժամային անմխիթար վիճակէն դուրս գալու համար ձեռնարկենք ու ապահովենք այնպիսի տնտեսական առինքնող պայմաններ, որպէսզի մեր երիտասարդութիւնը, մեր աշխատոյժը չհեռանայ երկրէն եւ սատարէ երկրի բարգաւաճման եւ բարօրութեան: Որքան ալ մտահոգ ենք այսօր մեր արտաքին քաղաքական մարտահրաւէրներով – շրջափակում եւ արցախեան հակամարտութիւն – մեր ապագան մեր երիտասարդներն են, այրեր՝ որոնք պիտի ըլլան հայրենիքի պաշտպան զինուորները եւ մեր քոյրերը պիտի ըլլան այդ զինուորները ծնող մայրերը:
Արտագաղթի արհաւիրքը, ներգաղթի բացակայութիւնը, աճումի (համրանքի) պակասը, տարեցներու թիւին համեմատական աճը մեզ կ’առաջնորդեն հասնելու ա’յն եզրակացութեան, որ ազգային գաղափարախօսութեան պակասը մեզ հասցուցած է այս անմխիթար օրերուն: Պիտի արթննա՞նք մեր թմբիրէն…:
ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ                                        (Շար. Թ.)
30 Սեպտեմբեր 2015

Posted by: VOSGAN@aol.com 

Yorumlar kapatıldı.