ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 16ի երեկոյեան, Միացեալ Նահանգներու երկրորդ մեծագոյնը հանդիսացող Լոս Անճելըսի ուսուցիչներու միութեան օրէնսդիր մարմինը վաւերացուցած է 2015ը Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի ոգեկոչման տարի, ինչպէս նաեւ Ապրիլը Հայոց Ցեղասպանութեան ամիս հռչակող բանաձեւը։
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Էլէն Ասատրեան դրուատեց այս պատմական քայլը՝ նշելով, թէ անիկա պիտի նպաստէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը պետական վարժարաններու աշակերտներուն լաւապէս դասաւանդելու ջանքերուն։
Ան յատկապէս շնորհակալութիւն յայտնեց ուսուցիչներ՝ դոկտ. եւ տիկին Շան եւ Սիւզի Ապաճեաններուն, որոնք առաջնորդած են այս բանաձեւի վաւերացման աշխատանքը, ինչպէս նաեւ՝ Հոզէ Լարային, որ նոյնպէս մեծապէս նպաստած է անոր։
Սոյն բանաձեւի քննարկման ընթացքին ելոյթ ունենալով՝ Ասատրեան բացատրած է նման բանաձեւի մը Լոս Անճելըսի ուսուցիչներու միութեան կողմէ որդեգրման կարեւորութիւնը։
Բանաձեւին ի նպաստ ելոյթներ ունեցած են նաեւ հեղինակ Քէյ Մուրատեան եւ Էլ Ռենչօ միացեալ կրթաշրջանի փոխնախագահ Հոզէ Լարա, իսկ բանաձեւին դէմ՝ ոչ ոք։
Լոս Անճելըսի ուսուցիչներու միութեան անդամներուն թիւը մօտաւորապէս 31,000 է։
Բանաձեւի բնագիրը կարդալու համար, այցելել՝
www.armenianteachers.org/2nd_largest_teachers_union_passes_ motion_recognizing_100th_ anniversary_of_the_armenian_genocide կայքէջը։
Yorumlar kapatıldı.