İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՕՐԻՆԱԿԵԼԻ ՔԱՋԱՐԻ ՀՈՎԻՒԸ

Իմ լուծս առէք դուք ձեր վրայ եւ ինձմէ սորվեցէք, թէ հեզ եմ եւ խոնարհ եմ սրտով, ու ձեր ներքին խաղաղութիւնը պիտի գտնէք դուք: Որովհետեւ քաղցր է իմ լուծս, եւ բեռս թեթեւ: Մատթ. ԺԱ. 29
Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ հովուապետը՝ Ֆրանսիս Պապ, անցեալ Կիրակի օր, նկատի ունենալով գաղթականներու դիմակալած անմարդկային դժուարութիւններն ու դժբախտութիւնները, Ս. Պետրոսի Հրապարակին վրայ հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայութեան կոչ ուղղեց ամբողջ Եւրոպայի տարածքին կաթողիկէ բոլոր համայնքներուն, վանքերուն եւ կուսանոցներուն, որպէսզի իրենց առաքելութեան եւ ծառայութեան մեծագոյն օրինակը հանդիսանայ Մայր Թերեզան, որ հոգաց եւ խնամեց Հնդկաստանի լքեալներն ու աղքատները. «Այսօր տասնեակ հազարաւոր անօգնական գաղթականներ կը փորձեն փախչիլ իրենց երկիրներէն, ուր միայն կայ մահ, տառապանք եւ անօթութիւն: Այսօր անոնք նոր յոյսերով ճամբայ ելած են դէպի նոր կեանք: Աստուածաշունչը մեզի կը յորդորէ ըլլալ կարեկցող անկեալներուն, լքեալներուն, ու յոյս ներշնչել անոնց»:

            Համամարդկային քրիստոնէական իր կոչին գործնական քայլերը արդէն տեսած էինք նախապէս: Քահանայապետը կը հաւատայ այն վեհ սկզբունքին, թէ «պէտք է իրագործել, կատարել՝ այն ինչ որ կը քարոզենք»: Վատիկանի աւագ խօսնակին՝ Հայր Չիրօ Պէնէտէթթինի-ի ( Rev. Ciro Benedettini) համաձայն, արդէն Վատիկանի մէջ ստեղծուած են հանրային ձրի բաղնիքներ անտունիներու համար, ինչպէս նաեւ ձրի վարսավիրանոցներ եւ այլ յարակից բարեսիրական ծառայութիւններ, եւ այս բոլորը՝ Վատիկանի անմիջական հսկողութեան տակ: Կարելի՞ է չնախանձիլ….
            Կարտինալ Անճէլօ Պակնասքօ-ի (Cardinal Angelo Bagnasco) համաձայն, կարելի պիտի ըլլայ պատստպարել 108,000 գաղթականներ Եւրոպայի տարածքին գտնուող 27,000 ծուխերու մէջ, եւ «կը յուսանք իրականութեան վերածել մեր այս փափաքը, որովհետեւ մեր կարելիութեան սահմաններուն մէջ է այդ»,– կը յայտարարէ կարտինալը, որ շուտով կը պատրաստուի ներկայացնել այս առաջարկը յաջորդ Եպիսկոպոսական Ընդհանուր Ժողովին, որուն նախագահն  է երկար տարիներէ ի վեր:
            Հիմա հարց տանք մեր ընթերցողներուն. մեզի ի՞նչ կը պակսի նման քայլի մը դիմելու, երբ աւելի կամ նուազ չափով դէմ յանդիման կը գտնուինք այսօր մեր սուրիահայ գաղթական եղբայրներուն եւ քոյրերուն տագնապալի վիճակին առջեւ, որ այդքան խոր մտահոգութիւն կը պատճառէ համասփիւռ հայութեան: Բարեբախտաբար, լիբանանահայ գաղութը, որ երկար տարիներ ճաշակած էր քաղաքացիական պատերազմի արհաւիրքները, անվարան իր ձեռքը երկարեց տագնապահար սուրիահայութեան իր կարելիութեան սահմաններուն մէջ, հասնելու անոնց հասարակական-ընկերային կարիքներուն, մեղմացնելու եւ թեթեւցնելու անոնց ցաւերը:  Նոյնը ըրաւ նաեւ ամերիկահայ գաղութը, յառաջացնելով բոլոր հոսանքներէ բաղկացած սուրիահայութեան օժանդակող մարմին մը:
            Սակայն, բացի վերեւ նշուածէն, անհրաժեշտ է ստեղծել համազգային զօրաշարժ՝ որուն առաջին կարգին վրայ պէտք է կանգնի Հայց, Առաքելական եկեղեցին, այս պարագային առաջին հերթին՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը: Նոյն այս նպատակին մասնակից պէտք է դառնան եւ ներգրաւուին այս ազգօգուտ աստուածահաճոյ աշխատանքին մէջ  Հայաստանի պետութիւնը եւ բարեսիրական մեր բոլոր կազմակերպութիւնները, մասնաւորաբար Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը իր նիւթական լայն կարողութիւններով, առանց դաւանական եւ քաղաքական պատկանելիութեան խտրականութեան:
            Դժբախտաբար տակաւին՝ Միջին Արեւելքի քաղաքական մօտալուտ հորիզոնին վրայ յուսադրիչ երեւոյթներ չկան յայտարարելու, որ սուրիահայութեան տագնապը իր աւարտին հասած է: Հակառակ այս ճշմարիտ իրողութեան, պէտք է մտածել նաեւ վերաշինութեան աշխատանքներու մասին, որովհետեւ սուրիահայ գաղութը հայաստանամերձ պատմական գաղութ մըն է, որ տարիներու ընթացքին տուած է որակաւոր մարդոյժ մեր հայապահպանման բոլոր ծառայական աշխատանքներուն մէջ:
            Նկատի ունենալով սուրիահայութեան բազմակողմանի կարիքները որոնք անմիջական լուծումի կը կարօտին, կ’առաջարկեմ հետեւիլ Կաթողիկէ Քահանայապետին համամարդկային կոչին.-
1.      Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի վանքը, ուր սակաւաթիւ միաբաններ կ’ապրին (մեծաւ մասամբ Պիքֆայայի ամառանոցն են, ուր կան նաեւ շա՜տ ազատ սենեակներ), վերածել մասամբ մը բնակութեան կեդրոնի՝ անտուն սուրիահայութեան, հոգ չէ թէ ըլլան անոնք մի քանի տասնեակ ընտանիքներ:  Օգնութեան առաջին ճշմարիտ օրինակը պէտք է տայ քարոզողը:
2.      Իւրաքանչիւր Հայ ընտանիք արժամապէս հիւրընկալէ սուրիահայ մը, թէկուզ ո’չ ազգական:  Այս արհաւիրքին առջեւ բոլորս ալ նոյն ճակատագրին դատապարտուած ազգակիցներ ենք:
3.      Զմմառի վանքի հսկայ տարածութեան վրայ չբնակուած սենեակները տրամադրել մեր սուրիահայ գաղթական եղբայրներուն եւ քոյրերուն:
4.      Իւրաքանչիւր Հայ Եկեղեցի, առանց դաւանական խտրութեան հիւրընկալէ առ նուազն մէկ սուրիահայ ընտանիք:
5.      Արտասահմանեան մեր բոլոր ծխական գաղութները (Էջմիածին, Անթիլիաս) իրենց նիւթական մասնակցութիւնը կը բերեն նուիրահաւաքներուն: Բայց այդ բոլորը բաւական չեն սուրիահայութեան ծովածաւալ կարիքներուն հասնելու համար:  Անհրաժեշտ է յստակ կերպով որդեգրել ընտանիք մը կամ ընտանիքներ:
6.      Լիբանանէն եւ Սուրիայէն երկու քայլ անդին գտնուող Մելքոնեան Կրթական Հաստատութեան շէնքերը ժամանաւորակապէս անյապաղ բանալ սուրիահայ գաղթականներուն առջեւ, եւ դպրոցը վերածել գաղթականական կեդրոնի, ցնոր տնօրինութիւն:
            Ահաւասիկ հայութեան առջեւ ծառացող ճգնաժամային պարտաւորութիւններ, որոնց լրջութեան պէտք է անդրադառնալ եւ մեր առաւելագոյն աջակցութիւնը ցուցաբերել: Ի վերջոյ մեր այս բոլոր դժբախտութեանց ետին կը կանգնի Սուլթան Համիտներու հարազատ որդի եւ ժառանգորդ Թուրք պետութիւնը, որ ցեղասպանութիւն գործադրելէ ետք տակաւին կը փորձէ իր եաթաղանէն մազապուրծ ազատած, անապատներու կիզիչ արեւուն տակ հալած ու մաշած հայու բեկորներուն վերջին մասնիկն անգամ արիւնաքամ դարձնելով՝ հայաթափ ընել իր երկրին սահմանամերձ բոլոր վերակենդանացեալ Հայ գաղութները:           
            Բոլոր ժամանակներէ աւելի, պարտաւոր ենք ունենալ յանձնառու կեցուածք, բարձր հասկացողութիւն ցուցաբերելով մեր առջեւ կանգնող հասարակական-ընկերային եւ տնտեսական բոլոր հարցերուն հանդէպ ճգնաժամային այս պահուն, եւ միշտ ըլլալ հաշուետու եւ թափանցիկ մեր գործունէութեան մէջ, կարենալ ապահովելու համար համասփիւռ հայութեան վստահութիւնն ու գնահատանքը:
            Կատարենք ինչ որ կը քարոզենք……
ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ
12 Սեպտեմբեր 2015
_______________________________________
Posted by: VOSGAN@aol.com

Yorumlar kapatıldı.