Հանդիպման չկայացման պատճառը միայն արձակուրդային հանգիստով Արամ Սրբազանին Թուրքիայէն բացակայիլը չէ եւ ըստ երեւոյթին կան այլ պատճառներ: Վերջին ամիսներուն արձանագրուած դէպքերը ցոյց կու տան նաեւ, որ Երուսաղէմի Հայոց նուորական պատրիարքութեան աթոռին տէր Պատրիարքը յայտնուած է բաւական ծանր իրադրութեան մէջ: Այսպէս Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ.ն Վեհափառին հետ անոր ունեցած բազմաբնոյթ տարակարծութիւններէն եւ Սուրբ Էջմիածնի միաբան հայրերու հետ «ծանր հրաձգութիւններէ» ետք Նուրհան Պատրիարք ներկայ չեղաւ Անթիլիասի Կաթողիկոսութեան կողմէ կատարուած Միւռոնօրհնէքի արարողութեան: Այդ բացակայութիւնը մէկէ աւելի պատճառներ ունի, սակայն խնդրին հիմնական դրոյթը կը բացատրուի անով, որ Արամ Ա. Վեհափառ համաձայն չէ Պատրիարքին կատարած յայտարարութիւններուն եւ աւելին Երուսաղէմ- Էջմիածին տարակարածութիւններու ալիքին վրայ Կիլիիկիոյ խոհեմ Հայրապետը չուզէր բացայայտ կըրպով կողմ բռնել: Հաւանաբար այս է պատճառը, որուն հիմամբ Նուրհան Պատրիարք նախընտդեց բացակայիլ Պիքֆայայի տաճարին շուրջ տեղի ունեցած Միւռոնօրհնէքի արարողութիւնէն: Ուրեմն այս ընթացքով Էջմիածնէն յետոյ Պատրիարքը նոյնպէս յայտնուած է բացառձակ «պլոքուս»ի մը մէջ եւ այդ չէզոքացման հետեւանքները կրնայ բաւական ծանր ազդեցութիւններ ունենալ մօտիկ ապագային:
Նուրհան Պատրիարքի Պոլիս Այցելութիւնները Յաճախակի Կը Դառնան. Ինչո՞ւ
Թուրքիա- Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեանի դէպի Պոլիս կատարած այցելութիւնները յաճախակի կը դառնան: «Զիլ Խօսք»ի աղբիւրները կը յայտնեն, որ անցնող շաբաթավերջին Պատրիարաք հայրը ընկերակցութեամբ Տ. Պարէտ Ծ. Վ. Երէցեանի քանի մը օրով այցելութիւն տուած է Պոլիս: Այցելութեան մասին պաշտօնական հաղորդագրութիւն չէ հրապարկաուած ու ինչպէս անցնող վերջին այցերուն այս անգամ եւս Պատրիրաքը Պոլսոյ Պատրիարքարան չէ այցելած եւ չէ տեսակցած Պոլսոյ Պատրիարքութեան տեղապահ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանին հետ:
Վերադառնալով Պոլսոյ խնդրին պէտք է նկատել, որ Պատրիարքը Պոլիս կը հասնի հետամուտ ըլլալով «լուծել» պատրիարքարանին սեփականութիւնը հանդիսացող «կարգ մը» հողաշերտերու խնդիրները: Այս մասին յստակ տեղեկութիւններ չկան: Յստակ է միայն, որ բաւական լուրջ ընթացք մը գոյութիւն ունի եւ երկրորդ կողմի մը հետ (շատ հաւանաբար թրքական կառավարութեան) բանակցութիւններու գործընթացը մտած է բաւական յառաջացած փուլ: Այս խօսքին ամէնէն հիմնական ապացոյցը Երուսաղէմի աթոռի կալուածոց գրասենեակի նախկին պատասխանատուին՝ Տ. Բագրատ Վրդ. Պուրճիքեանին պաշտօնէն հանուիլն ու անոր
փոխարէն Տ. Պարէտ Ծ. Վարդապետին այդ պաշտօնին վրայ նշանակուիլն է:
Պէտք է սպասել յառաջիկայ օրերուն, որպէսզի լիարժէք կերպով յստակ դառնայ Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցող բանակցութիւններուն արդիւնքը:
Մէկէ աւելի աղբիւրներ կը խօսին հաւանական փոխ համաձայնութիւններու մասին:
Խնդիրը այդ չէ:
Հիմանական հարցականը կը մնայ, որ արդեօ՞ք Երուսաղէմի պատրիարքը իր այս ընթացքով անտեսած պիտի ըլլայ Պոլսոյ նուիրապետական աթոռին իրաւական սահմանները : Ու եթէ այդպէս է արդեօ՞ք Թուրքիոյ կառավարութիւնը պիտի համաձայնի Երուսաղէմի աթոռին գահակալը որպէս իրաւական կողմ ընդունիլ, այդպիսով ստեղծելով բաւական նուրբ եւ նոր իրավիճակ:
Մի քանի նուիրապետական աթոռներ ունինք եւ մի քանի քանի աթոռապահ առաջնորդներ, ժամանակը չէ հասա՞ծ արդեօք, որ մեր կրօնական առաջնորդները խօսին մէկ լեզուով:
«Զիլ Խօսք»
Yorumlar kapatıldı.