İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Սփյուռքի հիվանդություններն ու Նիսի քաղցկեղը

Կասկած չկայ, որ ֆրանսահայ համայնքի մաս կազմող Նիսի գաղութին մէջ, մենք եւս կը տառապինք ձուլման, աւելի ճիշդ՝ ուծացման հիւանդութենէ: Եկող իւրաքանչիւր սերունդ քիչ մը աւելի կը հեռանայ հայութենէն, այսինքն հայ ժողովուրդի պատկանելիութեան զգացումէն եւ կը վերածուի «ծագումով Հայ»ու, հրաժարելով պարզապէս «Հայ» կամ «Ֆրանսահայ» բնորոշումներէն:

Մենք պիտի չծանրանանք այսօր այս նիւթին վրայ, քանի որ շատ իմաստուն գրիչներ բազմաթիւ անգամներ գրեցին «հայապահպանում» կոչուող թնճուկին մասին եւ այնպէս կը թուի, թէ ա՛լ աւելի պիտի գրեն յառաջիկայ տարիներուն, քանի որ հայ անհատը եւս պիտի փնտռէ իր արմատները եւ ուղին, համաշխարհայնացած սփիւռքեան այս իրականութեան մէջ:
Մենք հոս պիտի փորձենք վերլուծել վերջին շրջանին Նիսի մեր համայնքին մէջ տեղի ունեցած զարգացումները, որոնք սփիւռքեան հիւանդութենէ անդին՝ հասան քաղցկեղային վիճակի: Մեր կարծիքով՝ Նիսի եկեղեցւոյ շուրջ վերջին տարիներուն պատահած միջադէպերը եւ բարձրացուած վայնասունը, մեր Նիսի քաղցկեղի տեսանելի ուռոյցն էր:
Հոս պէտք է շեշտը դնենք, թէ Նիսի եկեղեցւոյ հարցը՝ հիւանդութեան պատճառը չէր, այլ՝ արդիւնքը… մեր քաղաքին մէջ գրեթէ քառորդ դարու մենատիրութեամբ՝ փտած ichkhogh համակարգին արդիւնքը:
Փորձենք պարզաբանել Նիսի այդ փտած եւ հիւանդ համակարգի իրավիճակը:
Մենք՝ Հայերս, նոյնիսկ խօսքի եւ կարծիքի ազատութեան հայրենիք Ֆրանսայի մէջ կը տառապինք մեր դարաւոր հիւանդութենէն՝ստրուկի հոգեվիճակէն: Այս երեւոյթը գոյ է քառորդ դարէ ի վեր անկախացած Հայաստանի մէջ ապրող մեր ազգակիցներուն մօտ ալ: Անկախացած երկրի քաղաքացիներ ըլլալով հանդերձ, անոնց մեծամասնութիւնը դեռ չէ հասած քաղաքացիի գիտակցութեան:
Մեր շուրջը գործածուող «ժողովրդավար» եւ «քաղաքացի» հասկացողութիւնները մեզ՝ Հայերուս համար ընդհանրապէս խորթ եւ չօգտագործուող բառապաշարի մը մաս կը կազմեն: Մենք, իբր անհատ, ընդհանրապէս մեր հասարակական եւ ազգային շահերը պաշտպանող ներկայացուցչութեան փոխարէն՝ դեռ կը նախընտրենք անձնական անմիջական բարեկամութիւնները, որոնք իրենց կարգին պէտք է ունենան լաւ յարաբերութիւններ տուեալ վայրի կամ երկրի քաղաքական իշխանութիւններուն հետ (Հայաստանցին պիտի թելադրէր ԽԾԲ [Խնամի-Ծանօթ-Բարեկամ] ունենալ):
Եւ, մեր պատմութեան փորձառութիւնը մեզի ցոյց տուած է, որ այս տեսակի ներկայացուցիչները կամ խմբակները, կարճ ժամանակ յետոյ կը նախընտրեն դառնալ տեղւոյն իշխանութիւններուն խօսափողը, փոխանակ ծառայելու իրենց բո՛ւն կոչումին, այսինքն հանդիսանալու հայ համայնքի ներկայացուցիչը՝ օտար բարձրագոյն ատեաններու մօտ:
Այս դերը ընդհանրապէս անոնց չի պարտադրուիր այդ բարձրագոյն ատեաններուն կողմէ, այլ՝ մեր հպատակող ներկայացուցիչը կամ ներկայացուցչութիւնը ի՛նք իր վրայ կը վերցնէ նման յանձնառութիւն, որպէսզի այդ ատեաններուն աչքին դառնայ հաւատարիմ հպատակ: Այս ձեւով, մեր «ներկայացուցիչ»ը սովորական Հայու աչքին ա՛լ աւելի կ՚արժեւորուի, քանի որ ան այլեւս կա՛մ քաղաքապետին, կամ ալ չենք գիտեր որ իշխանութեան «մարդ»ն է: Մեր մօտ մեծ յարգանք կը վայելէ ան, որ դարձած է օտար հզօր իշխանութեան մը կամ կազմակերպութեան մը «մարդ»ը, որ առանց ժողովրդավարական ընտրութեան՝ նոյնիսկ ամբողջ կեանք մը կրնայ բազմիլ «իշխանիկութեան» աթոռին, արուեստական կերպով դառնալով մեր համայնքին «պաշտօնական ներկայացուցիչ միջնորդ»ը:
Աւելի՛ն, նման երեւոյթներ մեր մօտ յաճախ ընդվզում իսկ չեն յառաջացներ: Այս երեւոյթը, ըստ մեզի, ունի շատ խոր արմատներ, որոնք կու գան դարեր շարունակ օտար լուծի կամ իշխանութեան տակ ապրած ըլլալու եւ ինքնապաշտպանութեան համար միջնորդ ամիրա փնտռած ըլլալու անցեալէն: Դեռ կայ աւելի՛ն: Համայնքային հոգեվիճակ ապրող մեր հանրութեան անդամները յաճախ կրնան աչք փակել իրենց «ներկայացուցիչ միջնորդ»ին ապաբարոյ կերպարին եւ վարքագծին՝ կը բաւէ, որ անոր բացասական այդ հանգամանքները չխանգարեն իրենց անձնական շահերը, նոյնիսկ եթէ անոնք մեծ աւերներ գործեն ընդհանրապէս հայկական համայնքին մօտ:
Մինչ այս տեսակ հիւանդագին երեւոյթներ նկատելի են մեր սփիւռքեան իրականութեան մէջ, մեր՝ Նիսի պարագային հարցը կը բարդանայ երբ հրապարակ կ՚իջնէ եկեղեցւոյ գործօնն ալ: Այսինքն, երբ եկեղեցին եւս կը մոռնայ իր բուն առաքելութիւնը եւ կը դառնայ գործիք կամ լծակ իշխող ապառողջ համակարգին: Այն ատեն, կը ստացուի ինչ որ ունինք այսօր Նիսի մէջ, այլ խօսքով՝ անբուժելի քաղցկեղային իրավիճակ:
Փորձենք վերլուծել եւ պարզել. Նիսի հայ համայնքի մինչեւ օրս իշխող համակարգը բարոյականէն զատ ունի նաեւ կարեւոր այլ խնդիր մը, որ կը վերաբերի անոր ինքնագլուխ աշխատելու ոճին, ան ըլլալով մենաշնորհեալ:
Ձեւականէն անդին, ան ունի իրաւական ոչ մէկ կապ հայկական որեւէ կազմակերպութեան հետ: Ո՛չ ալ քաղաքական եւ այլեւս՝ ո՛չ ալ եկեղեցական: Քանի, որ փաստացիօրէն ակներեւ դարձաւ, որ այդ համակարգին պատուէրները գործադրող տեղւոյն եկեղեցւոյ վարչութիւնը չունի նաեւ իրական ցանկութիւն մաս կազմելու Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Ֆրանսայի Թեմին, նոյնիսկ ի գին՝ ֆրանսական արդարադատութեան կողմէ իրեն «առաքելական»ի կոչումի զլացումին: Այդ «եկեղեց»ւոյ մէջ յամառօրէն կը շարունակուի «պատարագ»ի մատուցանումը՝ վերջին քանի մը տարիներուն Նիսի մէջ հրապարակ ելած մոսկուաբնակ փիլոնազուրկ նախկին հոգեւորականներով:
Մեր համակարգի տրամաբանութիւնը հետեւեալն է.
«Մենք՝ ծագումով Հայերս կ՚ապրինք Ֆրանսայի աշխարհիկ պետութեան մէջ, ուր մեզ համար կը տնօրինեն միայն 1901ի եւ 1905ի Fransa yi միութենական օրէնքները: Մեր եկեղեցւոյ վարչութիւնը կրօնական անկախ միութիւն մըն է: Ուստի, կ՚ուզենք պահպանել մեր առաքելական կոչումը, սակայն մեզ ո՛չ կը հետաքրքրէ եկեղեցական կարգ, ո՛չ Թեմ, ո՛չ Թեմական խորհուրդ, ո՛չ Ֆրանսայի առաջնորդ, եւ նոյնիսկ՝ ոչ՛ ալ Կաթողիկոս: Մանաւա՛նդ, որ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը օրինապէս չընտրուած անձ մըն է: Ուրեմն՝ վե՛րջ. թող իրե՛նք մեզի հպատակին»: (Հոս կ՚արժէ յիշեցնել հետաքրքրական երեւոյթ մըն ալ. խնդրոյ առարկայ համակարգը մեծ պատուով ընդունած էր Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը, անոր ընտրութենէն յետոյ, Նիսի համայնքին եւ եկեղեցւոյ տուած հովուապետական իր առաջին այցելութեան առթիւ):
Նիսի եկեղեցւոյ տագնապի ամենէն բուռն պահերուն, երբ եկեղեցւոյ բակին մէջ համայնքին մէկ մասը կ՚ըմբոստանար վարչութեան դէմ, եւ երբ բախումներ եւ գրգռութիւններ իրարու կը յաջորդէին, համակարգը կը կանչէր հեռատեսիլի կայաններ եւ կը դիմէր հայկական եւ օտար զանազան ատեաններու, ամենէն ծիծաղելին՝ նոյնիսկ Ֆրանսայի Հանրապետութեան օրուան նախագահին, որպէսզի զինք պաշտպանեն «կղերապետական» Էջմիածնէն գալիք հրահանգներուն դէմ: «Վտանգուած»ի պատրանք ստեղծելով եւ վայնասուն գրգռելով մեր «ցկեանս» համակարգը յաջողեցաւ շարունակել իր «իշխանութիւն»ը դեռ միջոց մը, եւ հաւանաբար կարենա՛յ ալ շարունակել դատարաններու միջոցով, գոնէ եկեղեցական ճակատի վրայ:
Զո՞րն ասենք, զո՞րն խոստովանենք: Մեր՝շատ մը Նիսեցիներուս համար Հայաստան, Հայ դպրոց, Հայ դատ, կամ վերջապէս՝ Հայց. Առաքելական Եկեղեցի ո՛չ թէ իսկական արժէքներ են, այլ՝ պարզապէս բովանդակութենէ զուրկ ցուցադրական պիտակներ:
Մենք իբր մարդկութիւն եւ ազգային արժէքներու դաւանողներ անկեղծ ցաւ կը զգանք ո՛չ թէ ի տես իշխանատենչութենէ տառապող այս անձերուն, այլ՝ աւելի՛ ի տես՝ իրենցմէ սերած եւ իրենց հիւանդութենէն վարակուած նոր սերունդին:
Քանի որ այս երիտասարդութիւնը, ափսո՜ս, ոչինչ տեսած է, բացի՝ ազգային արժէքներու նկատմամբ զուտ ցուցադրութենէ:
Եւ, մտածե՜լ թէ օր մը այդ երիտասարդներն են, որոնք պիտի ստանձնեն մեր քաղաքի համայնքային կեանքին մէջ որոշ պատասխանատւութիւններ… անշուշտ եթէ մինչ այդ yete անոնք արդէն ir garkin ter չեն շոգիացած հայկական միջավայրէն, ինչ որ արդէն պարագան է իրենց շատ մը նմաններուն, ծովափնեայ մեր այս «շողշողուն» սիրուն քաղաքին մէջ:
ՅԳ.- Թէեւ Նիսի մեր հայ համայնքի իրավիճակը մեր ժամանակներու սփիւռքեան իրականութեան մէջ աննախադէպ ծանրագոյն երեւոյթ է, բայց եւ այնպէս վերը նշուած հիւանդութիւնները բարեբախտաբար ի զօրու չեն հայկական Սփիւռքի բոլոր գաղութներուն համար: Փա՜ռք Տիրոջ, մենք ականատես ենք առողջ եւ լաւ կազմակերպուած համայնքներու ալ, նոյնիսկ ամենէն նուազ ժողովրդավար երկիրներու եւ միջավայրերու մէջ:
ՆՈՒՊԱՐ ՍԵՐՈՎԲԵԱՆ

ՆիսՆյութի աղբյուրը ` http://hraparak.am/?p=86205&l=am/

Yorumlar kapatıldı.