“ՄԱՐՄԱՐԱ “, որպէս մշակոյթի սպասաւոր, ինքնանուէր մատուցումներով և դժուարին պայմաններով իսկ, շարունակեց հաւատարիմ պահակը մնալ ազգային ինքնութեան ու մշակոյթին։ Ամէն օր ապրեցաւ իր ընթերցողներուն և նաև իր ժողովուրդին համար։ ” ՄԱՐՄԱՐԱ “օրաթերթը 76 տարիէ ի վեր կը հրապարակէ հայ գրականութիւնէն, արուեստէն, ազգային, համայնքային, գաղութային, մշակութային, կրթական կեանքէն լուրեր ու յօդուածներ։ Ի գին մեծ զոհողութիւններու, կը շարունակէ կրել իր ուսերուն վրայ դրուած ծանր լուծը։ Ամենաջերմ զգացումներով կը շնորհաւորեմ “ՄԱՐՄԱՐԱ” օրաթերթի 76 ամեակը, լաւագոյն մաղթանքներով։ Կը շնորհաւորեմ մասնաւորաբար օրաթերթի գլխաւոր խմբագրապետ ու հայ մամուլի տաղանկաւոր ուսուցիչ մեծայարգ Պրն. Ռոպէր Հատտէճեանը, թերթի խմբագրական կազմը թղթակիցները, գործակիցները և նաեւ ընթերցողները։ Շնորհաւոր ըլլայ” ՄԱՐՄԱՐԱ “Օրաթերթի 76 ամեակը։ Տօքթ. Սարգիս Ատամ
ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԳԻՐ
ՇՆՈՐՀԱՒՈՐ ԸԼԼԱՅ “ՄԱՐՄԱՐԱ” ՕՐԱԹԵՐԹԻ 76 ԱՄԵԱԿԸ
Ի՞նչ նշանականութիւն ունի օրաթերթի մը երկար ապրիլի, եթէ այդ օրաթերթը իր ետին թողած տարիներուն ապրած է միայն իր գոյատեւման, ո’չ թէ քիչ մըն ալ իր ընթերցողներուն և նաև իր ժողովուրդին համար։ Նշանակալից է հայատառ “ՄԱՐՄԱՐԱ” օրաթերթի առաքելութիւնը և իր ընթերցողներուն բերած ծառայութիւնը, որպէս մայրենի լեզուի դպրոց, հայ գիրի ու գրականութեան շտեմարան։
Yorumlar kapatıldı.