ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Այս շաբաթ, Թուրքիոյ մէջ պիտի սկսի ցուցադրութիւնը ինը նոր ժապաւէններու, որոնցմէ մէկը՝ «Կորուսեալ Թռչունները», թրքական արտադրութիւն մըն է, որ կը պատմէ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին:
Ըստ «Հապերթուրք»ին՝ բեմագրութեան հեղինակներն են հայազգի Արէն Փերտեճի ու թուրք Էլա Ալէամաչը: Գլխաւոր դերերը ստանձնած են ծագումով թուրք Տիլա Ուլուջան եւ Ահմետ Ուզը, ինչպէս նաեւ՝ հայազգի Արթօ Արսէնեանն ու Հերոս Յակոբեանը:
Ժապաւէնի ծանուցման պաստառին վրայ գրուած է. «Մենք մինակ մնացինք. «Կորուսեալ Թռչունները»՝ Անատոլիայի պատմութիւն մը»:
Յիշեցնենք, որ սոյն ֆիլմը 1915ին իրենց ամբողջ ընտանիքը մէկ գիշերուան ընթացքին կորսնցուցած քոյր եւ եղբայր Մարիամի եւ Պետոյի մասին է:
Yorumlar kapatıldı.