ԵՐԵՒԱՆ, «Հայերն Այսօր».– Օգոստոս 12ին, հայկական Ամանորի տօնին՝ Նաւասարդի առիթով (Օգոստոս 11) Հայոց Ցեղասպանութեան խորհուրդը կրող, 100 մեթր երկարութիւն ունեցող Եռագոյնը ծածանած է Նեմրութի բարձունքին՝ հին հայկական սրբավայրին մէջ:
Այս մասին յայտնած է Արցախեան ազատամարտի մասնակից, ֆոթոլրագրող, «Տիգրան Մեծ» բարեսիրական հիմնարկի նախագահ Սրապիոն Գէորգեան, որ նաեւ 100 մեթր երկայնք ունեցող Եռագոյնին հեղինակն է:
Օգոստոս 12ի առաւօտեան հայ զբօսաշրջիկներէ կազմուած ուխտաւորներու խումբը սկսած է նուաճելու լերան բարձունքը, ուր պարզելով Հայոց Ցեղասպանութեան խորհուրդը կրող դրօշը, շրջան կազմած է եւ 100 վայրկեան լռութեամբ յարգած է Ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու յիշատակը:
Օգոստոս 11ին «Տիգրան Մեծ» հիմնադրամը յաջողած է Եռագոյնը ծածանել նաեւ պատմական Հայաստանի Մեծ Հայքի Մոկք նահանգի Միջա գաւառին մէջ, Սարիխաչ լերան հարաւ-արեւմտեան լանջին, Ապարանէն Սուրբ Խաչ վանքի խաչքարերուն շուրջ, որոնք իրենց 12-14 թոն կշիռքով եւ 6 մեթր բարձրութեամբ ոչ միայն աշխարհի մեծագոյն խաչքարերն են, այլ նաեւ հայ ազգի երբեմնի հզօր ուժի վկան:
Նշուած նախաձեռնութիւնները կարելի եղած է իրականացնել «Ախթամար թուր» գործակալութեան աջակցութեամբ:
Yorumlar kapatıldı.