Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց նորընտիր Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքի գահակալութեան արարողակարգը տեղի ունեցաւ Կիրակի, Օգոստոս 9ին, երեկոյեան ժամը 5ին, Զմմառու Տիրամօր վանքի շրջափակը՝ Հայ կաթողիկէ պատրիարքական եկեղեցւոյ սիւնհոդոսի արքեպիսկոպոսներուն եւ եպիսկոպոսներուն հրաւէրով:
Սրբազան արարողութեան ներկայ էին Հռոմի Ս. Աթոռի Արեւելեան եկեղեցիներու ժողովի ներկայացուցիչներ, Լիբանանի մէջ պապական նուիրակը, Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի ներկայացուցիչը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս, հայ եւ օտարազգի բարձրաստիճան հոգեւորականներ, առաջնորդներ, Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութեան վարչական հայրեր, միաբան հայրեր, համայնքային ներկայացուցիչներ, պետական եւ զինուորական անձնաւորութիւններ, երեսփոխաններ, կուսակցութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ:
Մանրամասնութիւնները կը հաղորդենք մեր Հինգշաբթի, Օգոստոս 13ի թիւով։
Yorumlar kapatıldı.