İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՈՒԽՏԻ ՀԱՐԻՒՐԱՄԵԱԿ, ՅԵՏՈՅ Ի՞ՆՉ Զ. ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԻՈՒԹԻՒՆ

Իրական եւ գործնական համերաշխութիւնը այն ատեն
միայն կարելի պիտի ըլլայ ձեռք բերել երբ անձնակա-
նութենէ շատ բարձր համարուին Աթոռներու պատմա- կան եւ նուիրական դիրքը եւ մանաւանդ այն օգուտը՝ որ պիտի ծնի համերաշխութենէ եւ յորմէ պիտի օգտու- ին Եկեղեցին եւ ժողովուրդը:
                   (Սահակ Կաթողիկոս Կիլիկիոյ)

            Անգամ մը եւս սահմանենք թէ ի՞նչ կը հասկնանք կամ ի՞նչ պէտք է հասկնանք եկեղեցի ըսելով:  Եկեղեցին Քրիստոսի հաւատացող մարդոց համախմբումն է, որ աստուածային շնորhներու ընկալումով կը ձգտի հասնիլ Քրիստոսի քարոզած աւետարանական վեհ գաղափարներուն: Թէեւ եկեղեցի ըսելով նաեւ կը հասկնանք հաստատութիւն մը, բայց այդ հաստատութիւնը ամբողջական է երբ հոն մէկտեղուած կան կառոյցը (շէնքը), ժողովուրդը, դաւանանքն ու պաշտամունքը եւ եկեղեցւոյ պաշտօնէութիւնը, որ եկեղեցականութիւնն է մասնաւորաբար:  Եկեղեցականութիւն կոչեցի փոխանակ ըսելու հոգեւորականութիւն, որովհետեւ առ հասարակ այսօր այդտեղ ոչինչ կայ հոգեւոր այլեւս. հոն կայ միայն սնանկացած եկեղեցականութիւն մը, պարպուած բոլոր աստուածահաճոյ հոգեւոր արժէքներէն եւ դարձած ամսականաւոր պաշտօնէութիւն, որուն կը հետաքրքրէ միայն փառքն ու պատիւը եւ ամենէն շատ դրամը (բացառութիւնները միշտ յարգելի են):
Հայ ժողովուրդին կեանքը յուզող եւ տագնապեցնող ամենալուրջ հարցերէն մէկն է Հայց. Եկեղեցւոյ միութեան հարցը, որուն մասին միայն կը խօսուի եւ ո’չ մէկ լուրջ աշխատանք կը տարուի զայն կեանքի կոչելու:  Բոլորս գիտենք որ Եկեղեցին դարերու ընթացքին եղած է հայ լեզուի եւ մշակոյթի պահպանման եւ զարգացման գանձարանը: Ուստի աններելի կը գտնենք մեր այսօրուան «ղեկավարութեան» անտարբերութիւնն ու ենթակայութիւնը:
Մեր ժողովուրդի առջեւ ցցուող արգելքները բազմաթիւ են, որոնք յաճախ դիտաւորեալ կերպով ստեղծուած են մեր կեանքը բարդացնելու համար: Սակայն՝ մեզի կը պակսին այդ խոչնդոտները յաղթահարելու կամքն ու կորովը եւ ընկղմած ենք համատարած անտարբերութեան մէջ, որովհետեւ դադրած ենք հաւատալէ որ Եկեղեցին էական դեր ունի կատարելիք մեր ազգային կեանքին մէջ:
Վերջին հարիւրամեակի քաղաքական հալածանքները, տեղահանութիւններն ու գաղթական կեանքը՝ իրենց կազմալուծիչ ազդեցութիւնն ու դրոշմը բերին մեր ժողովուրդի ընդհանուր աշխարհայեացքին վրայ, մասնաւորաբար Արեւմտեան աշխարհի մէջ, ուր ազգովին կլանուեցանք նոր բարքերու յորձանուտին մէջ: Պայմաններու բերումով, մեր ազգային կեանքին մէջ յառաջ եկած այս փոփոխութիւնները նոր հանգրուանի մը առջեւ դրին Հայ ժողովուրդի ընկերային-հասարակական կեանքը, մասնաւորաբար գաղթավայրերու մէջ, ուր ամբողջութեամբ ենթարկուեցանք միջավայրի պայմաններուն, երբեմն ալ մեր աւանդութիւններուն հակոտնեայ սկզբունքներու, ստեղծելով այնպիսի պայմաններ՝ ուր եղծուեցան մեր ազգային բոլոր սկզբունքներն ու նկարագիրը:
Հետեւաբար՝ վերակենդանացնելու համար Եկեղեցւոյ միութիւնը անհրաժեշտ կը գտնենք մէկդի թողուլ մեր անցեալի դառն փորձութիւններն ու փորձառութիւնները որուն մասին ցասումով կ’անդրադառնայ Հրաչ Միրզախանեան՝ «Նոր Աշխարհ» (“NOR ASHKHAR” Armenian   Cultural Social Weekly 33 Sistou Str.GR 18450 NIKEA GREECE) Աթէնքի մէջ հրատարակուող շաբաթաթերթին մէջ: Նկատի ունենալով հայութեան կատարած միասնականութեան  ուխտը ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առիթով, անտեղի կը նկատենք, սնանկացած վաճառականներու պէս, հին հաշիւներու տետրակներուն մէջ փնտռել պատասխանատուները՝ անցեալի մեր սխալներուն, որոնց մէջ անտարակոյս բոլորս ալ բաժին ունինք. կարեւորը ա’յն է՝ թէ ի՞նչ սորվեցանք մեր սխալներէն:
Շա՜տ հետաքրքրական է «Նոր Աշխարհ»ի խմբագրութեան կողմէ տրուած բացատրութիւնը. «Հիմա, Հրաչ Միրզախանեանի ներկայ յօդուածին (զոր կու տանք նոյնութեամբ, առանց յապաւումի) ընդմէջէն բարձրացուած ցաւն ու մտահոգութիւնները՝ ի խնդիր Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ միասնականութեան ու անսասանութեան եւ եկեղեցական տագնապի լուծման, տեղին հարցադրումներ են՝ իւրաքանչիւր քրիստոնեայ հայու մատը չսպիացող վէրքին դնող: Ալ աւելին, ընդվզումի կոչեր են՝ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ անսասանութեան սպառնացող եւ ներսէն նիւթուած փոթորիկներուն դէմ, որպէսզի հայ քրիստոնեան մեր դարաւոր արմատներուն կապուի, որպէսզի Եկեղեցին կանոնադրական դատարկութենէ ու եկեղեցական կեանքն ալ փտածութենէ փրկուի, եւ կարեւորագոյնը՝ Եկեղեցին մաքրագործուի խտրականութեան որջ դարձած կուսակցականութեան թանձրաթանձր կեղտէն»: 
Կասկածէ վեր է որ «Նոր Աշխարհ» շաբաթաթերթի խմբագրութիւնը կը բաժնէ Հրաչ Միրզախանեանի տեսակէտները եւ անոնց վրայ կ’աւելցնէ նաեւ իր վրդովմունքն ու մտահոգութիւնները, ինչպէս նաեւ իր թելադրութիւնները, զորս պիտի ուզէինք մեր խորհրդածութեան առարկան դարձնել յաջորդող պարբերութիւններուն մէջ.-
1.- «Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ անսասանութեան սպառնացող եւ ներսէն նիւթուած փոթորիկներուն» գլխաւոր պատճառները նոյն ինքն եկեղեցականներն են, որոնք կը տառապին կղերապետութեան անյագ ախորժակներէ, եւ ուրիշներ՝ ստրկական հոգեբանութենէ, չզրկուելու համար իրենց աթոռներէն եւ ամսականներէն: Եթէ պատուախնդիր ըլլայ Հայ եկեղեցականութիւնը (բացառութիւնները միշտ յարգելի) Եկեղեցին խաղալիկ չի կրնար ըլլալ ո’չ մէկ կազմակերպութեան ձեռքը: Այստեղ կ’արժէ յիշել եւ յիշեցնել Երուսաղէմի հանգուցեալ Պատրիարք  Եղիշէ Արք. Տէրտէրեանի մէկ խօսքը՝ ուղղուած Հնչակեան ծանօթ ղեկավարի մը, Պէյրութի մէջ, վստահաբար իրեն յատուկ սրամիտ քմծիծաղով մը. «Դաշնակցականները՝ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը գրաւեր են, Ռամկավարները՝ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութիւնը, դուք ալ եկէ՛ք Երուսաղէմը գրաւեցէք:»  Պէտք կա՞յ յաւելեալ  մեկնաբանութեան:
2.- «Որպէսզի Եկեղեցին կանոնադրական դատարկութենէ ու եկեղեցական կեանքն ալ փտածութենէ փրկուի», այս մասին կարելի է ստուար հատոր մը գրել եւ ժամանակին զանազան յօդուածներով անդրադարձած ենք այս իրողութեան, բայց կ’արժէ անգամ մը եւս անդրադառնալ այս տխուր իրողութեան աւելի հակիրճ կերպով: Կանոնագրական դատարկութիւնը յառաջ եկած է մասնաւորաբար կաթողիկոսական մեր երկու Աթոռներու գահակալներու սանձարձակ գործունէութենէն: Դժբախտաբար եկեղեցւոյ խունկը եւ եկեղեցական պաշտօնէութեան բեմական հրապոյրը առաւել հիմնական տեղ կը գրաւեն մեր ժողովուրդի հոգիին մէջ քան Հայց. Եկեղեցւոյ ժողովրդապետական կառոյցը նուիրագործող եւ ամրացնող պատուանդանը որ կը կոչուի ՕՐԷՆՔ:
Ցաւ ի սիրտ կը յայտարարենք, թէ բացորոշ վարանք մը կայ կարգ մը պատասխանատու մարդոց մօտ, ներառեալ մեր բոլոր կազմակերպութիւնները անխտիր՝ ազգային-եկեղեցական սահմանադրական կարգերը անխախտ պահելու, եւ մասնաւորաբար սանձելու բաձրաստիճան եկեղեցականներու ակներեւ յաւակնութիւններն ու յոխորտանքները, եւ պարտադրել որ մնան անոնք իրենց կոչումին թելադրած պարկեշտութեան մէջ: Ինչո՞ւ չեն սանձեր. որովհետեւ կազմակերպութեանց հաշւոյն կու գայ որ այդ դժբախտ եւ տխուր իրողութիւնը շարունակուի եւ իրենք կարենան գործել եւ շահագործել ի հաշիւ իրենց կազմակերպութեան եւ նաեւ անհատական շահերուն: Հայց. Եկեղեցւոյ բարձրագոյն գործադիր իշխանութիւնը, որ օրուան կաթողիկոսն է, պարտաւոր է յարգել սահմանադրական կարգերը, որովհետեւ ժողովրդավարական կարգերու անտեսումը արհամարհանք մըն է Հայ Ժողովուրդի նուիրական եւ անկապտելի իրաւունքներուն հանդէպ:
«Եկեղեցւոյ կանոնադրական դատարկութեան» յոռեգոյն դէպքերէն մէկը տակաւին թարմ է մեր բոլորին յիշողութեան մէջ: Անցեալի տարի մեր եկեղեցական կեանքէն ներս կատարուած սանաձարձակութեան բացայայտ օրինակներէն՝ Ֆրանսայի Առաջնորդ՝ Նորվան Արք. Զաքարեանի հրաժարականի պարագան էր: Ահաւասիկ այսպիսի վաստակաշատ բարձրաստիճան հոգեւորական մը թիրախ կը դառնայ Ամենայն Հայոց Հայրապետի՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի քինախնդրութեան եւ վրէժխնդրութեան. «Վեղարը գլխիցդ կ’առնեմ, փիլոնազուրկ կ’անեմ, կը կանգնեցնեմ դասի մէջ, հաւատացեալները կը գան կը տեսնեն որ դու պատժուած ես. մկրտութիւն, պսակ թաղում չես կարող անել»…:  Ո՜հ, ինչ ողբերգութիւն…
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին կը դիմագրաւէ նաեւ նոր տագնապներ՝ Փարիզէն, Նիսէն մինչեւ Ժընեւ, Գանատայէն մինչեւ Հարաւային Ամերիկա, Պուլկարիայէն մինչեւ Հնդկաստան: Այժմէական Կանոնագրութեան մը բացակայութիւնը առիթ տուած է Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին՝ չարաշահելու իր դիրքն ու հեղինակութիւնը հայրենի պետական օրհնութեամբ:
Հոգեբանական այս բարդոյթէն (մեծամտութիւն եւ անտառային օրէնքի հասկացողութիւն) կը տառապի նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա.-ը, որ բազմիցս յայտարարած է իր կրտսեր միաբաններուն. «Ան որ չի հնազանդիր իմ հրահանգներուս, քուրջի նման կը ճզմեմ եւ կը ստորնացնեմ այդ անձը, զէրոյի կը վերածեմ»,– կը վկայեն երիտասարդ միաբաններ: Ո՜հ ինչ փոքրոգութիւն…
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ հոգեւոր իշխանութիւնը եկեղեցականութիւնն է, եւ սակայն վարչական-ժողովական կեանքի մէջ՝ կաթողիկոսներ, պատրիարքներ եւ առաջնորդներ գործադիր իշխանութիւնը կը ներկայացնեն եւ որեւէ օրէնսդրական յաւակնութիւն չեն կրնար ունենալ, եւ պէտք չէ ունենան, որովհետեւ օրէնքէ վեր ոչ մէկ իշխանութիւն գոյութիւն ունի, եւ ուրեմն որեւէ հանգամանք պէտք չէ զիրենք մղէ ինքնիշխան դառնալու յանձնապաստանութեան:
Կաթողիկոսներ կը կարծեն որ իրենք են օրէնքը եւ հետեւաբար կրնան անիրաւել եւ բռնաբարել մարդկային ազնիւ զգացումները, որովհետեւ իրենք ամէն օրէնքէ վեր կը մնան: Այս մտածելակերպը մեզ առաջնորդած է քաոսային ողբալի վիճակի մը: Ինչպէ՞ս կարելի է սպասել, որ Եկեղեցւոյ հոգեւոր սպասաւորութեան թեկնածուներ յանձն առնեն մուտք գործել սեմէն ներս այնպիսի հաստատութեան մը, ուր կը բացակայի «սիրոյ, շնորհքի, արդարութեան քաղցր մթնոլորտը», եւ ուր, ըստ պարագայի, երկի՛ցս եւ երի՛ցս Ս. Հոգւոյ շնորհներուն օծումը ստացած իշխանաւորներ՝ ստորադասներու հանդէպ լոկ սարսափի ու նուաստացման ապաշնորհ վարքագիծի մը մէջ կ՛ըմբռնեն իրենց «հոգեւոր հայրութեան» դերակատարութիւնը….:
Հոն ուր օրէնք չկայ, այնտեղ կայ կամապաշտութիւն  եւ անտառային օրէնք, որոնց հետեւանքով կը կորսնցնենք ժողովուրդը լսելու մեր ունակութիւնը՝ յաղթահարելու համար անտարբերութիւնը անոր, նամանաւանդ մեր նորահաս երիտասարդներուն, որոնք ականատես եւ ականջալուր վկաներն են մեր Եկեղեցւոյ հոգեւոր կեանքին ուծացման եւ սնանկութեան:
Վերադառնանք եկեղեցական կեանքի ա՜յլ ցաւերուն:
3. Թեմական հարցերու դժուարութիւններն ու կարգադրութիւնները, նամանաւանդ բաժանումները՝ միայն եկեղեցական խնդիրներ չեն, ընդհակառակը՝ աւելի քաղաքական, որոնց արմատները շա՜տ խոր են մեր պատմութեան մէջ: Սահմանադրական կանոնագրութիւնները պէտք է յարգուին իւրանքանչիւր Թեմէ ներս: Թեմական մարմիններ, որոնք ընտրուած են իրենց ժողովուրդին կողմէ, պարտին որոշել այդ Թեմէն ներս կատարուելիք կրօնական-հասարակական աշխատանքները ըստ տուեալ կանոնագրութեան, եւ Կաթողիկոս ու Առաջնորդ պարտին յարգել այդ Թեմի կանոնագրութեան տրամադրութիւնները, առանց մերժելու ժողովրդավարական կարգն ու կանոնը եւ երբեք չփորձեն պարտադրել իրենց կամքը:
Թեմերը աւատապետական կալուածներ չեն եւ չեն ալ կրնար ըլլալ: Հայց. Եկեղեցւոյ ազգային-ներկայացուցչական նկարագիրը պարտաւոր ենք մշակել, զարգացնել եւ արժեւորել, առանց անոր տալու կղերապետական-մենատիրական հանգամանք, թէկուզ նման ախորժակներ ունեցող ղեկավարներ շատ են այս օրերուն:
Պարտք կը զգամ այստեղ անգամ մը եւս յիշեցնելու որ եկեղեցական-ընկերային-մշակութային կեանքէն ներս ստեղծուած ամիրայական տիրապետութեան կացութիւնը պատճառ դարձած է որ ժողովուրդի ճնշող մեծամասնութիւնը հեռանայ Եկեղեցւոյ կառոյցէն եւ չհետաքրքրուի անոր դարերու ընթացքին ունեցած օգտաշատ առաքելութեամբ: Ինչպէս անցեալին՝ այսօր ալ շատ մեծ են մեր ժողովուրդին ակնկալութիւնները Եկեղեցւոյ ղեկավարութենէն:
Ցաւալին հոն է՝ որ Հայ ժողովուրդը դեռ քաջութիւն չունի իր իրաւունքին տէր կանգնելու եւ պահանջելու այն ինչ որ իրեն կը պատկանի օրինական սահմաններու մէջ, իր արդար քրտինքով շահուած եւ օրինակացուած սահմանադրութեամբ: Ժամանակն է որ իր վրայէն թօթափէ ապականած եւ մենաշնորհեալ կարծեցեալ ա՛յն փոքրաթիւ «ջոջերը» որոնք Եկեղեցին վերածած են շուկայի եւ անհատական կամ այլ տեսակ շահեր հետապնդելու լաւագոյն դաշտի մը:
Տխուր է պատկերը ամէնուրեք, որովհետեւ մեր գաղութները կը ղեկավարուին փոքրաթիւ, իրենք զիրենք մենաշնորհեալ կարծող անհատներով, որոնք ընդհանրապէս կը նշանակուին այդ պաշտօնին՝ կա՛մ զիրենք հովանաւորող կազմակերպութենէն եւ կամ կաթողիկոսէն: Մեր բոլոր գաղութներու ընտրութիւնները ընդհանրապէս հակաօրինական են, եւ կը կատարուին առանց Ժողովուրդի ստուար մասնակցութեան: Հետեւաբար ժողովուրդը կը զրկուի իր կամքը արտայայտելու հնարաւորութենէն, որուն որպէս արդիւնք՝ կը հեռանայ ան իր Մայր Եկեղեցիէն:
Մեր Եկեղեցին, ինչպէս նաեւ անոր առընթերակից բոլոր բարեսիրական եւ
կրթական հաստատութիւնները, պարտին դուրս գալ փակ հիմնարկ մը ըլլալու հոգեբանութենէն եւ ըլլան թափանցիկ հաստատութիւններ, կառչած ըլլալով օրէնքի իւրանքանչիւր տառին եւ տրամադրութեան: Ժողովուրդը որ ինքնին Եկեղեցին է, պէտք է յստակ կերպով հասկնայ, թէ իր անտարբերութեամբ՝ միայն կը նպաստէ բոլոր անոնց, որոնք իրարու մէջ կը բաժնեն «ղեկավարութեան» պաշտօնները, եւ որոնք երբեք չեն նպաստեր ազգային ոգիի ծաղկումին եւ կարգ մը Թեմեր կը պահեն պառակտեալ երկու առաջնորդարաններով ի նպաստ իրենց կազմակերպութեան եւ երբեմն ալ անհատական շահերուն:
            Եւ ճիշդ այ’ս է պատճառը որ Հայց. Եկեղեցին ձախողած է իր առաքելութեան մէջ եւ չէ կարողացած ազգը մօտեցնել Եկեղեցիին՝ անսահմանափակ մասնակցութեան իրաւունքներով, եւ զայն վերադարձնել ժողովուրդին, որ նոյն ինքն Եկեղեցին է:  Հոգեւոր եւ վարչական թափանցիկ կառոյց ըլլալու հանգամանքին ու անբասիր եկեղեցականներու բացակայութիւնը մեզ դէմ յանդիման դրած են ազգային ահաւոր ուծացումի առաջ: 
Դժբախտաբար բարոյական այս փլուզումին աղիտաւոր հետեւանքներուն բերումով է որ մեր եկեղեցականները կը զբաղին «բիզնէս»ներով: Ո՞վ կրնայ յայտարարել այսօր՝ որ Հայց. Եկեղեցին պէտք չունի բարեկարգուած եկեղեցականութեան մը, որ գիտակից է իր կոչումին: Արդարամիտ եւ նուիրեալ եկեղեցականութիւն պատրաստելու կարիքը միշտ ալ շեշտուած է մեր ժողովուրդին կողմէ: Աւա՜ղ, սակայն, ձուկը գլուխէն հոտած է եւ հասած պոչին, ինչպէս հայկական առածը կ’ըսէ, եւ մենք ձեռնածալ կը դիտենք այս բոլորը՝ սառն անտարբերութեամբ: Վերջին յիսունամեակին,  դժբախտաբար, ականատես եւ ականջալուր եղանք միայն ու միայն շրթնային ծառայութեան, որ կը նմանի ծովու ալիքներու փրփուրին որ պահ մը միայն մեզ կը խանդավառէ իր գեղեցկութեամբ,  ինչպէս արտասանուած շքեղ խօսքերն ու նախադասութիւնները:
            Դ. «Մէկ ազգ, մէկ եկեղեցի, երկո՞ւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս» հարցադրումը մտքեր պղտորելու դիտաւորութիւնը ունի միայն:  Կասկածէ վեր է եւ կարելի չէ հարցականի տակ դնել «մէկ ազգ եւ մէկ եկեղեցի»-ի անբաժանելի գաղափարը, իսկ ինչ կը վերաբերի Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի մակդիրներուն, կ’արժէ վերլուծել մտքերը հանդարտեցնելու համար, առանց բռնազբօսիկ պատճառաբանութիւններու:
            Փոքրիկ պատմական մը ընենք տեսնելու համար թէ ի՞նչ տիտղոսներ գործած են Կիլիկիոյ կաթողիկոսները 1441 թուականէն ետք:  Այս մէջբերումները առնուած են յիշատակարաններէ, վաւերագիրներէ, կոնդակներէ եւ տապանագիրներէ [աղբիւրները՝ «Ազգապատում» (Օրմանեան Արք.) եւ «Պատմութիւն Կաթողիկոսաց Կիլիկիոյ» (Բաբգէն Ա. Աթոռակից Կաթող.]: Սահակ Ա. Քիլիսցի Մէյխանէճեան (1674-1686). Կաթողիկոս Ամենայն Հայոց, եւ Պատրիարք Ս. Աթոռոյն Յեդեմայ եւ ուրիշ տեղ մը՝ Սահակ Կաթողիկոս Տանն Կիլիկիոյ:  Գրիգոր Բ. Ատանացի Պիծակ (1686-1693). Կաթողիկոս Տանն Կիլիկիոյ: Յովհաննէս Ե. Հաճընցի (1705-1721). Կաթողիկոս Ամենայն Հայոց եւ Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ:  Ղուկաս Աջապահեան (1733-1737). Կաթողիկոս Ամենայն Հայոց:  Թէոդորոս Աջապահեան (1784-1796). Կաթողիկոս Ամենայն Հայոց որ եւ Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ: Միքայէլ Բ. Աջապահեան (1832-1855). Կաթողիկոս Մեծի Աթոռոյն Կիլիկիոյ, եւ ուրիշ կոնդակի մէջ ինքզինք կը կոչէ՝ Կաթողիկոս Ամենայն Հայոց եւ Ծայրագոյն Պատրիարք Մեծին Կիլիկիոյ:  Սահակ Բ. Խապայեան (1902-1938). Կաթողիկոս Հայոց Կիլիկիոյ: Իսկ Սահակ Բ.Կաթողիկոսի վեհանձնութիւնը ցոյց տալու համար կը մէջբերեմ անոր նամակին վերջին տողերը՝ գրուած Խրիմեան Հայրիկ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին. « Որդիական ամենաջերմ յարգանօք՝ մնամ վասն պատուական կենաց վեհափառութեանդ – Սահակ Կթղ. Կիլիկիոյ»: Մեծ մարդ ըլլալու համար անհրաժեշտ չեն մեծ տիտղոսներ, դժբախտաբար՝ այդ բոլորը պէտք է վերագրել մարդկային տկարութեան եւ հոգեւոր արժէքներու սնանկութեան:
            Փոքրիկ պատմական մը եւս ընենք զուգահեռական մը ունենալու համար եւ տեսնելու թէ ի՞նչ տիտղոսներ գործած են Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի կաթողիկոսները 1441 թուականէն ետք: Կիրակոս Ա. Վիրապեցի (1441-1443). Կաթողիկոս Աթոռոյ Սրբոյն Գրիգորի Լուսաւորչին մերոյ եւ Վաղարշապատու Սուրբ Էջմիածնիս եւ Ամենայն Հայոց: Եփրեմ Ա. Ձորագեղցի (1809-հրժ. 1830-1835). Կաթողիկոս Ամենայն Հայոց:   Յովհաննէս Ը. Կարբեցի (1831-1842) Ծայրագոյն Պատրիարք Էջմիածնի-Պոլժ: Մկրտիչ Ա. Խրիմեան Վանեցի (1982-1908) Կաթողիկոս Ամենայն Հայոց: Գէորգ Ե. Սուրէնեան (1911-1930) Ծայրագոյն Պատրիարք Կաթողիկոս Ամենայն Հայոց: Խորէն Ա. Մուրատբէգեան (1932-1938) Կաթողիկոս Ամենայն Հայոց:
Հետեւաբար՝ այս հարցը միանգամընդմիշտ լուծելու համար անհրաժեշտ էր որ Եպիսկոպոսական Ընդհանուր Ժողովին օրկարգի հարցերէն մէկը ըլլար, վերջ տալու համար հանրային փսփսուքներու, բամբասանքներու եւ մանաւանդ բռնազբօսիկ մեկնաբանութիւններու եւ բառախաղերու:
            Ե. «Խորհրդային իշխանութեան տարիներուն Ամենայն հայոց Կաթողիկոսութեան եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միջեւ ստեղծուած յարաբերութիւնները յանգեցան պառակտման եւ վարչական բաժանումի (Գարեգին Բ.): Ցաւալին հոն է որ նման յայտարարութիւններ կը կատարուին շա՜տ աժան կերպով, եւ անգիտակ մեր Եկեղեցւոյ պատմութեան: Բացէք պատմութեան էջերը եւ տեսէք թէ ի՞նչ վիճակի մէջ էին մեր Նուիրապետական Աթոռները՝ Ս. Էջմիածին, Կիլիկիա, Աղթամար, Երուսաղէմ, Կ. Պոլիս, եւ անհաշիւ հակաթոռութիւններ, որոնց մէջէն ամենէն յայտնի «հերոսը» եղաւ Եղիազար Այթապցին, որ ի վերջոյ բազմեցաւ Ամենայն Հայոց Հայրապետութեան աթոռին, Յակոբ Ջուղայեցիէն ետք: Իսկ վերջին գլուխ գործոցը՝ Գէորգ Դ. Քէրէստէճեան Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի յայտարարութիւնն էր ընդդէմ Կիլիկիոյ Աթոռին որպէս «հակաթոռ, ընդվզեալ եւ հեստեալ» անուանարկումներով:
Հետեւաբար նորութիւնններ չեն մեր եկեղեցական կեանքէն ներս ստեղծուած անախորժ, անիմաստ մրցակցութեանց պատմութիւնները, որոնք մեր Եկեղեցին տկարացուցին պատմութեան ընթացքին: Նոյնքան եւս՝ մեր ժողովուրդին իշխող եւ չարաշահող ու կողոպտող օտար պետութիւններ կամ տիրակալներ – ըլլան անոնք Խալիֆաներ, Օսմանցիներ կամ Պարսից Շահեր – առաւել եւս մեզ կողոպտեցին, նկատի ունենալով մեր եկեղեցական ղեկավարութեան ագահ եւ անփառունակ կեանքը:
Շա՜տ դիւրին է փնտռել մեր դժբախտութեան պատասխանատուութիւնը օտար տիրակալներու շահամոլ քաղաքականութեան մէջ: Պատմութեան առջեւ անհերքելի փաստը պիտի մնայ ա’յն իրողութիւնը որ Հայց. Եկեղեցւոյ ղեկավարներ, տարուած իրենց փառասիրութենէն, նոյնպէս եւ ինքնահնար եւ ինքիշխան կաթողիկոսութիւններ, ազգը պառակտեցին, բաժանեցին եւ իրենց անմխիթար եւ անմիտ ղեկավարութեամբ խորտակեցին նաեւ ժողովուրդին ազնիւ զգացումները Եկեղեցւոյ հանդէպ:
 Զ. «Մեր առջեւ յառնած են ներեկեղեցական չլուծուած բազում հարցեր, ինչպէս նաեւ խնդիրներ, որոնք հետեւանք են եկեղեցական իրաւունքի, մեր եկեղեցւոյ կանոնական սկզբունքների վրայ հիմնուած օրէնքների ու կանոնագրութիւնների բացակայութեան» (Գարեգին Բ.): Կանոնագրութիւններ միշտ ալ կային եւ կան անպայման, դժբախտաբար այդ կանոնագրութիւնը յարգողներ չկան, գինովցած եւ յղփացած իրենց կղերապետական փառասիրութեամբ, որուն արդիւնքներէն մէկն է միայն՝ հակականոնական, ոչ-քրիստոնէական եւ անտրամաբանական կարգազրկումները որոնց գլուխ գործոցը՝ Նոր Նախիջեւանի եւ Ռուսաստանի երկար տարիներու Առաջնորդ՝ Տիրան Արք. Կիւրեղեանի կարգալուծութիւնն է, այն ալ պարզապէս՝  Մոնթրէալէն (Գանատա) մինչեւ Մոսկուա ձգուած հեռաձայնային կապով մը միայն…:  Կրնա՞ք երեւակայել ողբերգութիւնը այս իրավիճակին, այս անհաւատալի իրողութեան: Ո’չ դատ եւ դատաստան, ո’չ հարց ու փորձ, ո’չ մէկ ինքնապաշտպանութեան առիթ. երեսուն տարիներու վաստակ ունեցող բարձրաստիճան եկեղեցականը հեռաձայնային խօսակցութեամբ մը  կարգալուծել…: “You’re Fired!,” ինչպէս պիտի գոռար ԱՄՆ նախագահական թեկնածու Տոնալտ Դրամբ (Donald Trump)՝ The Apprentice խորագրով ծանօթ հեռուստատեսային ծրագրի հաղորդաշարերու աւարտին: Համայնավար բացարձակապաշտ տիրակալական ռէժիմի հոգեբանութիւնը տակաւին տիրող կը մնայ մեր երկրին մէջ, հակառակ վարչակարգի անկումին՝ քսան տարի առաջ. Սթալինը մեռաւ – կեցցէ՛ Սթալինի ուրուականը…:
Կրկնութեան գնով ըսենք. կաթողիկոսներ կը կարծեն որ իրենք են օրէնքը եւ հետեւաբար կրնան անիրաւել եւ բռնաբարել մարդկային ազնիւ զգացումները, որովհետեւ իրենք ամէն օրէնքէ վեր կը մնան: Այս մտածելակերպը մեզ առաջնորդած է քաոսային ողբալի վիճակի մը այսօր: Աշխարհի մէջ չկայ բնականոն հաստատութիւն մը որ կը գործէ առանց օրէնքի: Չկայ անձ մը որ օրէնքէ վեր կրնայ ըլլալ: Եթէ այսօր կը տառապինք օրինազանցութիւններէ, այն  պատճառով է որ դադրած ենք այլեւս հաւատալէ թէ Հայ Եկեղեցին տակաւին ընելիքներ ունի իր ժողովուրդի հոգեւոր եւ հասարակական կեանքին մէջ:
Է. «Կրկին անգամ վերահաստատուեցաւ մեր Ս. Աթոռին յանձնառութիւնը՝ եղբայրական ոգիով շարունակել գործակցութիւնը Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան հետ, ի խնդիր մեր եկեղեցւոյ ու ազգի ներքին միասնականութեան պահպանման» (Արամ Ա.): Հաւատա՞նք կատարուած շրթնային ծառայութեան, որ ոչ մէկ ձեւով կը համապատասխանէ իրականութեան:  Ի՞նչ գործակցութեան մասին կը խօսի Արամ Կաթողիկոս, բացի միացեալ պաշտօնական յայտարարութիւններէ:  Քաջութիւն եւ վեհանձնութիւն պէտք է ունենալ բոլոր տարակարծութիւնները կլոր սեղանի վրայ դնելու եւ քրիստոնէավայել ոգիով ու կեցուածքով արդար լուծումներ որոնելու : Երկու կաթողիկոսութիւններու յարաբերութիւնները այնքան կնճռոտ եւ բազմազան են, որ եթէ հարկ ըլլայ, կարելի է հատորներ գրել այս նիւթի մասին:  Մեր երկու նուիրապետական Աթոռներն ալ գործիքներ են զիրենք ղեկավարող ոյժերուն ձեռքը: Եկեղեցականութեան կը պակսի կամքն ու կորովը, նուիրումն ու տեսիլքը, ստեղծելու այդ աստուածահաճոյ եղբայրական մթնոլորտը երկու կաթողիկոսութեանց  միջեւ, վիճակ մը՝ որուն կը սպասէ, կ’ակնկալէ եւ կ’երազէ երկար տարիներէ ի վեր մեր ազնիւ ժողովուրդը:
Նոյնքան անհասկնալի, առ նուազն տխուր, է այն իրողութիւնը որ մեր երկու պատրիարքական Աթոռներն ալ ո’չ միայն կը փորձեն հեռու մնալ Մայր Աթոռէն, այլեւ սառն են անոնց յարաբերութիւնները Էջմիածնի հետ: Նոյնպէս նաեւ սփիւռքեան թեմեր կարելի եղածին չափ կը փորձեն հեռու մնալ Մայր Աթոռի ոտնձգութիւններէն, որուն արձագանքը կը լսենք Ֆրանսայէն մինչեւ Անգլիա, Զուիցերիա, Պուլկարիա, Գանատա եւ այլուր: Մամուլի մէջ յաճախ կը կարդանք որ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ. Ներսիսեան կ՛ուզէ բոլոր թեմերու վրայ տեսնել իրեն հլու-հնազանդ ծառայող եկեղեցականներ, որոնք, թէկուզ անգիտակ սփիւքեան կառոյցներուն եւ Արեւմտահայերէնի, պատրաստակամութիւնը ունին յաջողցնելու իր ծրագիրները, այլ խօսքով՝ ղեկավարելու սփիւռքեան թեմերու նիւթական միջոցները: Այս մասին ընդարձակօրէն անդրադարձած ենք անցեալին եւ հարկ չենք տեսներ կրկնել, իսկ փափաքողներ աւելին կրնան կարդալ  http//www.vanagan.com  կայքէջին վրայ:
Անհրաժեշտ է վերատեսութեան ենթարկել Եկեղեցւոյ պաշտօնէութեան եւ ժողովուրդի փոխ-յարաբերութիւնները: Այլ խօսքով՝ ստեղծել բառին ամբողջական իմաստով վերածնունդ մը՝ որուն ժողովուրդը պիտի մասնակցի իր անսահմանափակ իրաւունքով եւ իր բաժինը պիտի բերէ Եկեղեցւոյ վերաշխուժաւորման աշխատանքին մէջ: Առանց ժողովուրդի ամբողջական մասնակցութեան, դատապարտուած պիտի մնանք նախ՝ մենաշնորհեալ կղերապետութենէ տառապող եկեղեցականներուն ձեռքը, ու ապա պիտի յանձնուինք քաղաքական եւ ընկերային մաշումներու յորձանուտին:
Մասնաւորաբար մեր սփիւռքեան պայմաններուն մէջ, Եկեղեցին ունի մեծագոյն ոյժը համախմբելու հայութիւնը իր շուրջ: Չկայ ուրիշ հաստատութիւն մը որ կրնայ այդ դերը կատարել, նամանաւանդ չէզոքացնելով մեր քաղաքական, ընկերային եւ հասարակական կեանքի բոլոր տարակարծութիւնները: Հետեւաբար՝ բոլոր ժամանակներէ աւելի, ԱՅՍՕՐ անհրաժեշտ է ստեղծել եւ ապահովել ամբողջական մասնակցութիւնը մեր ժողովուրդին՝ Եկեղեցւոյ կեանքէն ներս եւ վանել ու հեռացնել բոլոր անոնք, որոնք, իրենց ջոջ-ամիրայական ախորժակներով եւ իրենց քսակները պարարտացնելու սնանկ հոգեբանութեամբ, կը յաւակնին ըլլալ Եկեղեցւոյ եւ ազգին տէրը:
Անկասկած որ մեր առաջարկած կրօնամշակութային վերածնունդ-յեղափոխութեան առջեւ ցցուող արգելքները բազմաթիւ պիտի ըլլան, նամանաւանդ անոնց կողմէ որոնք կը յաւակնին մենատէրերը ըլլալ Եկեղեցւոյ կազմակերպութեան: Այս կացութեան լրջութիւնը ըմբռնելու եւ անոր հակազդելու համար, անհրաժեշտ է հաւատալ Եկեղեցւոյ կրօնա-ազգային էական դերին եւ պատրաստ ըլլալ գործօն մասնակցութեամբ յեղաշրջելու այս ապականած մթնոլորտը, որ մեզ առաջնորդած է ազգային հիւանդագին անտարբերութեան:
Անգամ մը եւս կ’ուզենք շեշտել որ մեր վերջին երկու Եպիսկոպոսական Ժողովներն ալ իրենց օրակարգին վրայ չունեցան Եկեղեցւոյ միութեան հարցը, որուն գլխաւոր խոչնդոտներէն մէկը կը կարծուի Թեմերու բաժանումը, մինչդեռ՝ թեմական հարցերը խոր արմատներ ունին մեր պատմութեան մէջ, նամանաւանդ Օսմանեան եւ Պարսկական տիրապետութեանց տակ: Եթէ իսկապէս կը հաւատանք միութեան գաղափարին այդ պարագային պարտաւոր էինք որոնել ճամբաներ վերջ տալու համար մեր բոլոր տարակարծութիւններուն: Ահաւասիկ առաջադրութիւններ, որոնց մասին լրջօրէն մտածելու ենք ազգովին.-
1.- Հայրապետական տիտղոսներու յստակեցում եւ մրցակցութեան դադարեցում – որուն վերջին «փայլուն» օրինակը տեսանք Վատիկանի մէջ, ուր մեր կաթողիկոսները իրենց «իշխանական-աւատապետական» բեհեզեայ զգեստներով եւ արծիւներով փոքր երեւցան պարզ եւ համեստ հագուած եւ միայն խաչ մը շալկած Կաթողիկէ համայնքի քահանայապետին մօտ:  Ամէն ինչ փոխյարգանքի եւ սիրոյ վրայ պէտք է հիմնուած ըլլայ:
2.-Թեմերու վերատեսութիւն, վերարժեւորում եւ բաժանում միշտ գաղութներու իրաւունքներն ու պահանջները նկատի ունենալով:
3.-Պատրիարքական Աթոռներու ինքնավարման ամբողջական ճանաչում: Պատրիարքական Աթոռներու միաբանութեանց կողմէ ընտրուած եպիսկոպոսանալու արժանի թեկնածուներ կրնան նաեւ ձեռնադրուիլ Կիլիկիոյ կաթողիկոսներուն կողմէ: Ասիկա ո’չ մէկ ձեւով կը նսեմացնէ Էջմիածնի՝ նախամեծար Աթոռ ըլլալու հանգամանքը:
4.- Սփիւռքի բոլոր թեմերուն մէջ, հոգեւոր ծառայութեան թեկնածուներ ապահովել բոլոր Նուիրապետական Աթոռներէն, առանց խտրութեան, նկատի ունենալով  միայն տուեալ հոգեւորականին արժանիքներն ու պատրաստութիւնը: Չմոռնանք յիշեցնելու որ, Խորհրդային իշխանութեան տարիներուն, Էջմիածնի սփիւռքեան թեմերու մէջ առաջնորդական կամ հովուական պաշտօններ վարեցին՝ Երուսաղէմի, ինչպէս նաեւ  եւ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «նախկին» միաբաններ:
5.- Առաջնորդական թեկնածուներու ընտրութիւնը ձգուի գաղութին, եւ չպարտադրել թեկնածուներ, որոնք չունին պատրաստութիւնը ստանձնելու նման կարեւոր պաշտօններ: Մերժումի պարագային, կաթողիկոսը պարտաւոր է տրամաբանական բացատրութիւն տալ:
6.-Ազատ թողուլ միաբաններ, որոնք կը փափաքին ծառայել այ’լ Նուիրապետական Աթոռէ ներս, առանց խախտելու կարգ ու կանոնը, եթէ կը հաւատանք որ եկեղեցին մէկ է:
7.- Ազատ կամքի ըմբռնողութենէն մեկնելով, չկարգալուծել միաբաններ որոնք կ’երթան եւ կը միանան Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ, եւ նոյն ձեւով լայնատարած ձեռքերով ընդունիլ բոլոր անոնք որոնք կը փափաքին Հայց. Եկեղեցւոյ միանալ: Քրիստոսի եկեղեցին մէկ է:
8.- Կրօնական դատաստանական խորհուրդ մը ստեղծել, որ պիտի զբաղի եկեղեցականներու հարցերով եւ չթողուլ  որ կաթողիկոսներ առանձինն վճիռ արձակեն եւ պարտադրեն իրենց կամքը, այլ միայն վաւերացնեն դատական մարմնի որոշումը:
Հոս կ’արժէ փոքրիկ շեղում մը կատարել եւ յիշեցնել որ կաթողիկոսը թէեւ եպիսկոպոսապետ է, սակայն երբեք պէտք չէ կարծէ, ըստ աւետարանական սկզբունքներուն, որ իր բացարձակ իշխանութեան տակ պիտի ունենայ բոլոր եպիսկոպոսները: Գիտենք որ Պօղոս Առաքեալ զանազանութիւն չի դներ նոյն իսկ եպիսկոպոսներու եւ երէցներու միջեւ: Ժամանակի թաւալումով անհրաժեշտութիւն ստեղծուեցաւ «վերատեսուչ» մը (յունարէն՝ episkopos –հայ.` եպիսկոպոս) կարգելու առաքելական գործերու բարւոք ընթացքին համար: Միայն երկրորդ դարուն էր որ եպիսկոպոսներ կարեւորութիւն ստացան որպէս նուիրապետական բարձրագոյն կարգ, սարկաւագութեան եւ քահանայութեան աստճաններէն ետք: Եւ սակայն սուրբգրային ճշմարտութիւնը կը մնայ անփոփոխ – եպիսկոպոսութենէ վեր կարգ կամ աստիճան չկայ եկեղեցւոյ մէջ, թէեւ եպիսկոպոսի մը կրնայ տրուիլ աւելի լայն  վարչական պատասխանատուութիւն, զոր ներկայիս կը տեսնենք կաթողիկոսական պաշտօնին մէջ, որ էապէս վարչական բնոյթ կրող պաշտօն մըն է:  Հետեւաբար կրնանք ըսել որ կաթողիկոսը կամ եպիսկոպոսապետը պարզապէս առաջինն է հաւասարներու մէջ:          Դարձեալ, կ’արժէ յիշեցնել որ  կաթողիկոսութեան թեկնածուն՝ պայման չէ որ անպայման եպիսկոպոս ըլլայ: Պատմութենէն գիտենք որ Գրիգոր Լուսաւորիչ՝ եպիսկոպոս չէր երբ ընտրուեցաւ կաթողիկոս եւ ո’չ ալ Ներսէս Պարթեւ, որ պալատական աշխարհական մըն էր երբ կոչուեցաւ կաթողիկոսութեան:  Հետեւաբար կարելի է ընտրել անձ մը որ խոր գիտութիւն ունի մեր եկեղեցւոյ վարդապետութեան եւ աստուածաբանութեան, օժտուած վարչական ձիրքերով, սիրուած իր ժողովուրդէն, եւ անշուշտ պիտի ուզէի քայլ մը առաջ երթալ եւ ըսել՝ նոյնիսկ ամուսնացեալ քահանան, որ կը լրացնէ վերեւ յիշատակուած արժանիքները, եպիսկոպոս ձեռնադրուելէ ետք, կարող է կաթողիկոս ընտրուիլ. «իրականութիւն է թէ այլեւս հասած է ամուսնաւոր հոգեւորականներուն առջեւ եկեղեցական յառաջացումի եւ վարչական ընդլայնման ժամը: Զայդ կը պահանջէ ոչ՛ միայն դարուն ոգին, այլ մանաւանդ ներքնապէս եկեղեցական ուժաւորման հարկը, ու ատոր չեն հակառակիր ոչ կրօնքին հոգին, եւ ոչ մեր Եկեղեցւոյ նախկին եւ նոյնիսկ ներկայ իրաւաբանութիւնը» ( Թորգոմ Պատրիարք Գուշակեան):
            Ահաւասիկ անլոյծ մնացած մարտահրաւէրներ մեր ժողովուրդին առջեւ ծառացող: Պիտի կրնա՞նք քաջութիւնը ունենալ հաւաքուելու կլոր սեղանի շուրջ եւ լուծելու մեր տարակարծութիւնները, որոնք մինչեւ այսօր մեզ բաժանեալ պահեցին: Յանուն մեր նահատակներուն՝ պարտաւոր ենք, ապա թէ ոչ պատմութիւնը ածխամատիտով պիտի գրէ մեր մասին: Այ’ո, ՄԷԿ ԱԶԳ, ՄԷԿ ԵԿԵՂԵՑԻ այսօր եւ յաւիտեան:
           
ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ                                                 (Շար. Է.)
 7 Օգոստոս 2015

Yorumlar kapatıldı.