ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը որոշած է նեցուկ կագնիլ 2016ի քոնկրեսական ընտրութեանց իր թեկնածութիւնը առաջադրած Խաչօ Աշաճեանի ընտրապայքարին։ Սան Լուի Օպիսպոյէն երեք անգամ Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի անդամ ընտրուած Աշաճեան մեծապէս յարգուած քաղաքական անձնաւորութիւն մըն է։
Աշաճեան ընտրապայքարը սկսած է Քոնկրեսին մէջ ներկայացնելու համար նահանգի 24րդ ընտրատարածքը (մեծամասնութեամբ Սանթա Պարպարա եւ Սան Լուի Օպիսպօ գաւառները):
Խաչօ Աշաճեան վերջին 40 տարիներուն ապրած է քոնկրեսական 24րդ ընտրատարածքէն ներս եւ մօտէն ծանօթ է շրջանին դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն եւ իբրեւ Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի անդամ արդէն իսկ փաստած է, թէ կարողութիւնը ունի լաւապէս ներկայացնելու շրջանի քաղաքացիները եւ պաշտպանելու անոնց իրաւունքները:
Ան կրնայ դառնալ քալիֆորնիահայ երրորդ քոնկրեսականը՝ Աննա Էշուի եւ Ճեքի Քանչելեան-Սփիրի կողքին։
«Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը հպարտ է նեցուկ կանգնելով Խաչօ Աշաճեանին, որ իրապէս ունի ամերիկեան ժողովրդավարական աւանդութեան լաւագոյն յատկանիշները, ըլլալով ոգեւորող ղեկավար, վարպետ օրէնսդիր եւ նուիրեալ հանրային սպասարկու մը», կը յայտնէ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Նորա Յովսէփեան։
Խաչօ Աշաճեան նաեւ հայութիւնը յուզող հարցերու լուծումը առաջ մղող օրէնսդիր է, նպաստելով 2013ին տեղի ունեցած Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի պատուրիակութեան Հայաստան եւ Արցախ այցելութեանց կազմակերպման եւ Քալիֆորնիոյ մայրաքաղաքին մէջ հիւրընկալելով Արցախի խորհրդարանի նախագահը։ Ան նաեւ կենսական դեր ունեցած է նահանգին կողմէ Արցախի ճանաչումը եւ Թուրքիայէն հայկական եկեղեցապատկան կալուածներու վերադարձը պահանջող բանաձեւին վաւերացումը ապահովելու աշխատանքներուն մէջ։ Ան շարք մը պատասխանատու պաշտօններ ստանձնած է նահանգային խորհրդարանին մէջ։
Խաչօ Աշաճեան եւ իր կինը՝ Արաքսին, բախտաւորուած են երկու զաւակներով՝ Հրաչ եւ Նայիրի։
Անոնք, որոնք կը փափաքին նպաստել ընտրապայքարին, կրնան դիմել (818) 806-8683 թիւին կամ այցելել www.hyevotes.org կայքը։
Yorumlar kapatıldı.