Հայաստանցի նկարիչ եւ բանաստեղծ Լեւոն Լաճիկեան, ընկերակցութեամբ Մայտա Սարիսի, 30 Յուլիս 2015, Հինգշաբթի, այցելեց Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։
Լեւոն Լաճիկեան, անցեալ շաբաթ Գնալը Կղզիին մէջ ցուցահանդէս մը բացած էր, որուն մէջ կը ցուցադրուին Պոլսոյ վերաբերեալ իր աշխատած սեւ-ճերմակ գծանկարները։ Ան, իր գեղարուեստական վաստակին առընթեր, ունի նաեւ կրթական ծառայութիւն։ Տարբեր մարզերու մէջ արձանագրած յաջողութիւններով, շատերուն գնահատանքին արժանացած էր։ Տեսակցութեան աւարտին, ի յիշատակ այցելութեան, իր ձեռամբ պատրաստուած Պատրիարքարանի գծանկարը յանձնեց Նորին Սրբազնութեան։ Արամ Արքեպս. շնորհակալութիւն յայտնեց սոյն քաղաքավարական այցելութեան համար։ Իր գնահատանքը յայտնեց ու յաջողութիւն մաղթեց ապագայ գործունէութեանց մէջ։
Yorumlar kapatıldı.