İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Համահայկականին՝ Գերազանց Մասնակցութիւն Թուրքիայէն

ԱՐԹՕ ԹԷԶԷԼ
Այս տարի վեցերորդ անգամ կայացող Ողիմպիականին մասնակցութիւնը զգալիօրէն բարձր է բաղդատմամբ նախորդ խաղերուն: Նշենք, որ հայրենակցական միութիւններու համար բարի նախանձ ըլլալով ընկալուած սասունցիներու յաջողութիւնը ուրիշ շրջանակներուն մեծ անհանգստութիւն պատճառած էր:Արդարեւ, Համահայկական խաղերու կեդրոնական վարչութեան անդամ Մաժակ Չաքըր Օհանեան «Ժամանակ» թերթին մէջ երկու օրեր լոյս տեսնող գրութիւնով մը փորձած էր խանգարել այլ խումբերու մասնակցութիւնը: Ան յայտարարած էր, թէ յատուկ նամակով պիտի դիմէ Կեդրոնական վարչութեան անդամներուն, որպէսզի այս վերջիններս մերժեն Իսթանպուլէն զատ խումբի մը մասնակցութիւնը:

***
ՊՈԼԻՍ, «Ակօս».- 1999ին առաջին անգամ երկամեայ հերթականութեամբ կայացած Համահայկական խաղերը 2007էն ետք սկսան չորսամեայ հերթականութեամբ կազմակերպուելու: Այս տարի վեցերորդ անգամ կայացող Ողիմպիականին մասնակցութիւնը զգալիօրէն բարձր է բաղդատմամբ նախորդ խաղերուն:
Նշենք, որ հայրենակցական միութիւններու համար բարի նախանձ ըլլալով ընկալուած սասունցիներու յաջողութիւնը ուրիշ շրջանակներուն մեծ անհանգստութիւն պատճառած էր:
Արդարեւ, Համահայկական խաղերու կեդրոնական վարչութեան անդամ Մաժակ Չաքըր Օհանեան «Ժամանակ» թերթին մէջ երկու օրեր լոյս տեսնող գրութիւնով մը փորձած էր խանգարել այլ խումբերու մասնակցութիւնը: Ան յայտարարած էր, թէ յատուկ նամակով պիտի դիմէ Կեդրոնական վարչութեան անդամներուն, որպէսզի այս վերջիններս մերժեն Իսթանպուլէն զատ խումբի մը մասնակցութիւնը:
Ըստ երեւոյթին, Օհանեանի նամակները համոզիչ չեն գտնուած, եւ բոլոր խումբերն ալ արդար հպարտութեամբ կը ժամանեն Երեւան:
Թուրքիոյ հայոց համար ուրախ հպարտութեան այլ երեւոյթ մըն է սիրուած երգչուհի Սիպիլի բացման արարողութեան մասնակցութիւնը: Շնորհալի երգչուհին, ինչպէս նախորդ խաղերուն, այս տարի ալ կազմակերպիչ յանձնախումբի նախագահ Իշխան Զաքարեանի յատուկ հրաւէրով կը ժամանէ Հայաստան եւ բացման հանդէսի պահուն կը կատարէ մեծ ժողովրդականութիւն վայելող «Գետաշէն» երգը:

Yorumlar kapatıldı.