İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Tsarukyan’dan, Kilikya Katolikosluğu ve Suriye Ermenilerine bağış/ Ծառուկեան» Հիմնադրամը 500 Հազար Տոլար Նուիրեց Սուրիահայութեան Եւ Անթիլիասին

Müreffeh Ermenistan Partisi eski Gn. Bşk. Gagik Tsarukyan Kilikya Katolikosluğu ve Suriye Ermenilerine 500 bin ABD Doları bağışladı. «Azdak» gazetesinin verdiği habere göre; Gagik Tsarukyan 24 Temmuz’da Kilikya Katolikosu Aram I’in davetiyle Lübnan’a hareket etti, Antilias Manastırını ziyaret etti. Tsarukyan daha sonra Kilikya Katolikosuyla buluştu. Yaklaşık bir saat süren buluşma sonrasında Tsarukyan, Katolikosluk ve Suriye Ermenileri için 500 bin ABD oları bağışta bulunduğunu duyurdu.

Ermenistandan haberler – NEWS.am

ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Ընդառաջելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի հրաւէրին՝ Հայաստանի Ազգային Ողիմպիական կոմիտէի նախագահ, բարերար Գագիկ Ծառուկեան դէպի Եւրոպա իր այցելութեան ճամբուն վրայ Ուրբաթ, 24 Յուլիս 2015ին այցելեց Լիբանան։ Նոյն օրը երեկոյեան ժամը 6ին, ան այցելեց Անթիլիասի մայրավանք, ուր մօտէն ծանօթացաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայրավանքին։


Հայրենի հիւրը մօտէն ծանօթացաւ մատենադարանին, թանգարանին, Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի մատրան։ Ապա ուղղուեցաւՊիքֆայա, ուր հանդիպում ունեցաւ Արամ Ա. կաթողիկոսին հետ՝ ներկայութեամբ Լիբանանի եւ Բերիոյ թեմերու առաջնորդներուն, Ազգային կեդրոնական վարչութեան եւ Ազգային մարմիններու ներկայացուցիչներուն հետ։ Նախքան հանդիպումը ան այցելեց Ս. Աստուածածին եկեղեցի, որմէ ետք ուղղուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձանին մօտ, ուր ծաղկեպսակ մը զետեղեց յուշարձանի կողքին գտնուող խաչքարին դիմաց։

Այնուհետեւ Գ. Ծառուկեան իրեն ընկերակցող պատուիրակութեան հետ ուղղուեցաւ վեհարան։
Շուրջ մէկ ժամ տեւած հանդիպումին ընթացքին Արամ Ա. կաթողիկոս ողջունելէ ետք Ծառուկեանի ներկայութիւնը՝ նկատել տուաւ, որ «Մեր ազգային պահանջատիրութեան եւ մեր իրաւունքներու ձեռքբերման գծով այս Աթոռը կարեւոր դերակատարութիւն ունեցաւ Սփիւռքի մէջ»:

Բերիոյ թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց վերջին 5 տարիներուն տեղի ունեցած պատերազմին պատճառով Սուրիոյ հայութեան տագնապը եւ կարիքները։

Աւարտին խօսք առաւ բարերար Գագիկ Ծառուկեան, որ հպարտութիւն եւ գոհունակութիւն յայտնեց Լիբանանի մէջ իր ներկայութեան համար։
Ան գնահատեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հայապահպանման եւ համախմբման ի նպաստ տարած աշխատանքը։ Ան նաեւ նկատել տուաւ, որ մարդ արարածը իր կարելիութեան սահմաններուն մէջ պէտք է օժանդակէ եւ աջակցի ազգին՝ յայտարարելով, որ «Գագիկ Ծառուկեան» հիմնադրամը 500 հազար ամերիկեան տոլար կը նուիրէ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ծրագիրներուն եւ սուրիահայութեան կարիքներուն։ Ապա ան արծաթեայ մեծ խաչ մը նուիրեց վեհափառ հայրապետին, որ իր կարգին Բարձրբերդի Աւետարան եւ յիշատակի նուէրներ յանձնեց յայտնի բարերարին։


Yorumlar kapatıldı.