İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՈՒԽՏԻ ՀԱՐԻՒՐԱՄԵԱԿ, ՅԵՏՈՅ Ի՞ՆՉ Ե. ԱՐՏԱՍԱՀՄԱՆԵԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎ

Ով հայ ժողովուրդ, քո միակ փրկութիւնը
Քո հաւաքական ոյժի մէջ է:
                 (Եղիշէ Չարենց)
 Չկայ մեր մէջ անձ մը որ կրնայ յայտարարել թէ ինք հողային պահանջ չունի, ի՛նչ կուսակցութեան եւ կամ յարանուանութեան ալ պատկանի ան, որովհետեւ թշնամին խտրութիւն չդրաւ իր ահաբեկումին, կողոպուտին, բռնաբարութեանց եւ անողոք ջարդին մէջ: Հետեւաբար, մենք ալ իրաւունք չունինք բաժանուելու մեր կողոպտուած արդար իրաւունքին յաջողութեան հասնելու ճիգին մէջ:

Բայց ի՞նչպէս մեր ոյժերը ի մի հաւաքել ու կազմակերպել, զանոնք արդիւնագործել եւ ցեղին ի նպաստ ծառայեցնել,–ահա այս է էականն ու հրամայական հարցը, որ պէտք է խորհրդածութեան առարկան դառնայ իւրաքանչիւր ողջմիտ հայուն: Պատասխանատուութեան խոշոր բաժինը կը ծանրանայ այն հաստատութեանց վրայ, որոնք եկեղեցական, բարեգործական ու քաղաքական (Հայ Դատ) գործերը անկեղծօրէն առաջնորդելու կոչուած են, որոնց ոյժն ու աղբիւրը նոյն ինքն Հայ Ժողովուրդն է: Եւ այս բոլորը՝ հեռու հատուածական, անհատական եւ շահադիտական բոլոր ախորժակներէ:
Ժամանակն է որ այսուհետեւ անյիշաչարութեամբ մոռնանք մեր բոլոր անցեալի տարակարծութիւններն ու վէճերը եւ լծուինք համազգային լուրջ աշխատանքի, որովհետեւ բոլորս ալ նոյն հայրենազրկութեան հետեւանքներէն կը տառապինք: Ցեղասպանութեան 100ամեակը հրամայական պարտականութիւն կը դնէ մեր բոլորին վրայ, մտածելու ապագայի մասին եւ պատրաստելու յստակ, մեկին, եւ անբեկանելի ծրագիրներ:
Մէկ ու կէս միլիոն մեր նահատակները, որոնց առաջինները եղան մեր ազգային ղեկավարներն ու մտաւորականները, անժամանցելի արիւնաթաթախ կտակ մը թողուցին մեզի՝ համազգային մեր իրաւունքներու պաշտպանութեան ի խնդիր, որ ուրիշ բան չէ եթէ ոչ մեր հայկական դատը, որ կրնայ իր լրումին հասնիլ միայն կեդրոնական ներկայացուցչական մարմնի մը կողմէ, զոր կարելի է կոչել Արտասահմանեան Ազգային Ժողով կամ Արեւմտահայաստանի Աքսորական Կառավարութիւն, որ պիտի արտայայտէ հաւաքական կամք եւ կորով:
Անշուշտ թէ իւրաքանչիւր սփիւռքեան գաղութ ունի իր «առաջնորդարանը» երբեմն ալ «առաջնորդարանները», իրենց յարակից մարմիններով—հոգաբարձութիւն, տիկնանց միութիւն, բարեսիրական, կրթասիրաց միութիւններ, հայրենակցական միութիւններ, որոնք տեղական բնոյթ եւ հանգամանք ունին եւ չեն զբաղիր ու պէտք չէ զբաղին քաղաքական գործունէութեամբ, որովհետեւ, տեղական հանգամանք ունենալով, չեն կրնար ազգը ներկայացնել, նկատի ունենալով նաեւ այլ յարանուանութիւններու պատկանող մեր եղբայրներն ու քոյրերը:
Հետեւաբար՝ համազգային քաղաքականութեամբ զբաղելու կեդրոնական մարմնի մը կարիքը անժամանցելի է, որ պիտի կարողանայ ներկայացնել՝ մասնաւորաբար Սփիւռքի հայութեան մեծամասնութիւնը, գիտակից պատրաստուած ղեկավարութեամբ, օժտուած նիւթական եւ բարոյական բոլոր կարողութիւններով, պահանջատիրութեան մեր դատը յառաջ տանելու համար քաղաքական բոլոր ճակատներու վրայ. դատական-իրաւաբանական, բանասիրական, եւայլն:
Այս յայտարարութեամբ չենք փափաքիր երբեք անտեսել Սփիւռքի անհրաժեշտ գործակցութիւնը Հայաստանի պետութեան ղեկավարութեան հետ, ներկայիս ինչ որ ալ ըլլայ անոր արտասահմանեան քաղաքականութիւնը: Ի վերջոյ, որպէս մէկ անդամը Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան, անիկա ենթակայ է միջազգային օրէնքի, եւ ատոր համաձայն որոշ պարտաւորութիւններ ունին որպէս պետութիւն:
Գիտակցելով հանդերձ վերեւ յիշատակուած իրողութեան, Սփիւռքը իր ձայնը ունի ու պէտք է ունենայ, եւ ո’չ մէկ կազմակերպութիւն կամ անհատ իրաւունք չունի իւրովի եւ առանձինն ներկայացուցչական բերանը ըլլալու սփիւռքահայութեան:  Կազմակերպութիւններ եւ սրտցաւ ազգայիններ, պարկեշտ հայեր իրենց ուրոյն գնահատելի տեղը ունին մեր հասարակական-ընկերային կեանքին մէջ, եւ երբեք պիտի չփափաքէինք ստորագնահատել եւ անտեսել  անոնց աշխատանքը, սակայն երբ հարցը կը վերաբերի համազգային պահանջատիրութեան, լրջօրէն պէտք է մտածել հաւաքական աշխատանքի եւ մտածողութեան մասին, որ կրնայ յաջողիլ միայն ներկայացուցչական մէկ ձայնով:
Ցեղասպանութիւնը Հայ ժողովուրդին համար քաղաքական խորք ունի, որովհետեւ մագնիսի պէս կրնայ համախմբել նոյնիսկ իր արմատները մոռցած հայութիւնը: Գերազանց է անոր ոյժը՝ համախմբելու Հայ ժողովուրդի բոլոր խաւերն ու հոսանքները: Ցեղասպանութիւնը կարեւոր դեր խաղացած է նաեւ սնուցանելու ազգայնական ոգի, որուն մարմնաւորումը տեսանք Ղարաբաղեան Շարժման մէջ:
Անվիճելի իրականութիւն է այն իրողութիւնը, որ Հայկական Ցեղասպանութեան հարցը միջազգային իրաւունքի հարց է այսօր, եւ անհիմն են բոլոր այն պնդումները  թէ Թուրք կառավարութեան գործած անմարդկային ոճրագործ արարքները բացառապէս Թուրքիայի ներքին գործն են: Գերպետութիւններ, ինչպէս անցեալին, նոյնպէս եւ այսօր մեկնելով իրենց քաղաքական շահերէն, կը խուսափին պատասխանատուութիւն ստանձնելէ, մոռնալով մարդկային բարոյականութեան բոլոր սկզբունքները, եթէ անշուշտ մնացած է մարդկային բարոյականութիւն այս նիւթականացած աշխարհին մէջ:
Մինչեւ այսօր սփիւռքեան մեր բոլոր ջանքերը կ’իրականանան առանձին կազմակերպութիւններու միջոցաւ, որովհետեւ սփիւռքը չունի պետական կառոյց եւ ճիշդ ատոր համար սփիւռքեան դիւանագիտութիւնը ո’չ միայն այլազան ու բազմատեսակ է, այլ եւ յաճախ հակասական եւ իրերամերժ:  Ահաւասիկ հոս է որ կարիքը կը զգացուի կեդրոնացեալ մարմնի մը, որ կարենայ համադրել բոլոր աշխատանքները, համագործակցութեամբ Հայաստանի ղեկավարութեան, եւ ներկայանալ որպէս մէկ ճակատ, աւելի զինուած ու զօրաւոր՝ միջազգային դիւանագիտական հարթակին վրայ:
Նոյնքան յոյժ կարեւոր է չմոռնալ այն բացարձակ ճշմարտութիւնը, ինչպէս վերջերս Պոսթոնի «Հայրենիք» շաբաթաթերթը կը շեշտէր, ստորագրութեամբ Կարօ Արմէնեանի, թէ «Մեր սրաբավայրերը սեփականութիւններ չեն», ինչ որ առաւել եւս մեզ կը դնէ ա’յն բարոյական սրբազան պարտաւորութեան տակ՝ ըսելու որ ո’չ միայն մեր սրբավայրերը սեփականութիւններ չեն, այլ անոնք չեն կրնար նիւթական-դրամական սակարկութեան ենթարկուիլ եւ ո’չ ալ ծախու կրնան ըլլալ, որովհետեւ անոնք մեր դարաւոր սրբութիւններն են,– ճարտարապետական կոթողներ, շահուած եւ շաղախուած մեր ժողովուրդի արդար քրտինքով, եւ մեր մարտիրոսներու եւ նահատակներու արիւնով սրբագործուած: 
Նկատի ունենալով որ միջազգային դիւանագիտութիւնը բազմաճիւղ եւ բազմերես է, հարկ է մշակել կարեւոր յստակ ծրագիրներ: Օրինակի համար, հնարաւոր բոլոր միջոցներով աշխարհին ներկայացնել Հայկական Հարցի եւ Ցեղասպանութեան ամբողջական էութիւնը, կանխարգիլելու համար նորերը եւ ապահովել համախոհներ եւ համագործակիցներ:  Եւ այս բոլորէն վեր ստեղծել այնպիսի դիւանագիտական աշխատանք, որ կարենանք չէզոքացնել թուրքական հակահայ քարոզչութիւնը որ կ’աղաւաղէ հայուն դիմագիծն ու պատմութիւնը, եւ ապահովենք թուրք գիտակից անձնաւորութիւններ որոնք ճշմարտութիւնը տեսնելով՝ ունին քաջութիւնը դատապարտելու թուրքական պետութեան ազգային քաղաքականութիւնը:
Երկու կարեւոր այլ ազդակներ կարիքը ունին նաեւ այս համազգային կեդրոնական մարմնին:   Առաջին, նկատի ունենալով «ճերմակ ջարդը» որ լրջօրէն կը սպառնայ Հայ սփիւռքին, անհրաժեշտ է կազմակերպել գոյատեւումի զօրաւոր կռուաններ, որոնք պիտի կարենան դանդաղեցնել չարիքը: Երկրորդ, այս միութեան աշխատանքը պիտի ըլլայ արդար եւ համոզիչ քարոզչութիւն, որպէսզի համասփիւռ հայեր ներգաղթեն Հայաստան եւ Արցախ: Եւ չմոռնանք այստեղ յիշեցնելու մեր ազնիւ ժողովուրդին, որ գէթ մէկ անգամի համար միութեամբ յաջողցուցինք 100ամեակի քայլարշաւները:   
Արիւնարբու Թալէաթի՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու օրուան դեսպանՀենրի Մորկըթաուի ( H. Morgenthau, Ambassador Morgethau’s Story, p. 339) կատարած հետեւեալ յայտարարութիւնը՝ «Այն ինչ որ կատարեցինք Հայերու նկատմամբ, յետ այսու անոնք չեն կրնար ըլլալ մեր բարեկամը», եւ նոյն էջին մէջ աձանագրուած յաջորդ յայտարարութիւնը եւս՝ «Հայերու եւ Թուրքերու միջեւ ներկայիս ատելութիւնը այնքան սրուած է, որ անհրաժեշտ կը նկատենք անոնց վերջը բերել: Եթէ այդպէս չընենք, անոնք պիտի ծրագրեն իրենց վրէժը»– մեր միութեան եւ արթնութեան գերագոյն կոչը պէտք է ըլլայ: Այս յատարարութիւնները ինքնին բաւական են որ լրջօրէն մտածենք միասնական աշխատանքի մասին, որովհետեւ`
ՄԷԿ Է հասարակաց թշնամին,
ՄԷԿ է մեր պայքարը,  եւ՝
ՄԷԿ պէտք է ըլլայ մեր ձայնը:
 
 ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ                                       (Շար. Զ.)
 18 Յուլիս 2015
PS: If you do not wish to receive my Articles, you can reply to this e-mail by heading your letter ‘unsubscribe’.

 Posted by: VOSGAN@aol.com

Yorumlar kapatıldı.