İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան 13 Միաբաններ Ստացան Վարդապետական Աստիճան

ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի օրհնութեամբ եւ տնօրինումով, Կիրակի, 12 Յուլիս 2015ին, Ս. եւ անմահ պատարագին ընթացքին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբանութեան տասներեք աբեղաներ՝ Արտակ աբղ. Արապեան, Վարդան աբղ. Թաշճեան, Հրանդ աբղ. Թահանեան, Շնորհք աբղ. Աշըգեան, Պօղոս աբղ. Թինքճեան, Պետրոս աբղ. Մանուէլեան, Յովհաննէս աբղ. Սաղտճեան, Տաճատ աբղ. Աշըգեան, Նշան աբղ. Լախոյեան, Պարոյր աբղ. Շէրնէզեան, Գարեգին աբղ. Շխրտմեան, Սմբատ աբղ. Սապունճեան եւ Զարեհ աբղ. Սարգիսեան, ստացան վարդապետական մասնաւոր իշխանութեան չորս աստիճանները:

Պատարագի ընթացքին, ձեռնադրիչ սրբազանը՝ Ատրպատականի Հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր եպս. Չիֆթճեան, շարականի երգեցողութեամբ առաջնորդուեցաւ Մայր տաճարի ատեանը: Ան նախ խարտաւիլակին՝ լուսարարապետ Սիփան Ծ. վրդ. Քէչէճեանի միջնորդութեամբ կատարեց ընծայեալ աբեղաներու հաւատքի քննութիւնը: Անոնք նզովեցին բոլոր աղանդաւոր հերձուածողները եւ հաստատեցին իրենց հաւատարմութիւնը ուղղափառ դաւանանքին ու անոր ջատագով բոլոր հայրապետներու ուսուցումներուն: Ապա, ձեռնադրիչ սրբազանը շնորհեց Ս. Գրիգոր Տաթեւացիի կողմէ սահմանուած վարդապետութեան մասնաւոր իշխանութեան չորս աստիճանները եւ յանձնեց վարդապետական գաւազանը:
Քարոզին ընթացքին, սրբազան հայրը անդրադարձաւ վարդապետական աստիճանի պաշտօններուն եւ կարեւորութեան՝ մեր եկեղեցիէն ներս: Ապա, իր խօսքը ուղղելով ձեռնադրեալներուն՝ ըսաւ. «Այս ձեռնադրութեան հիմնական դրդապատճառը եւ գլխաւոր նպատակը Աստուծոյ խօսքին աներկիւղ քարոզութիւնն է, որ այսօրուան Աստուծոյ մարդէն՝ հոգեւորականէն, պահանջուելու պէս կ՛ակնկալուի: Մեր հաւատացեալ ժողովուրդը աներկիւղ քարոզիչներու ակնկալիքն ունի, որովհետեւ այսօրուան աշխարհը դէպի կրօնական շփոթութիւն եւ ծայրայեղութիւն ու միւս կողմէ՝ դէպի մշակոյթներու միաձուլումի գահավէժ ընթացող աշխարհ է, եւ այս իրարանցումին մէջ բնականաբար քրիստոնեայ ժողովուրդները ու քրիստոնէական եկեղեցին տագնապի կը մատնուին: Հետեւաբար, ամէն բանէ առաջ, քրիստոնէական եկեղեցին իր տագնապէն դուրս բերելու համար ճշմարիտ քարոզիչներու կարիքն ունի»: Աւարտին, սրբազանը շնորհակալութիւն յայտնեց վերհափառին՝ իրեն ընծայուած այս առիթին համար, եւ շնորհաւորեց միաբանութիւնը:
Պատարագէն ետք, վեհափառ հայրապետը վեհարանի գրասենեակին մէջ ընդունեց Հայ եկեղեցւոյ նոր ձեռնադրուած վարդապետները՝ Գրիգոր սրբազանին եւ Սիփան Ծ. վարդապետին գլխաւորութեամբ, եւ իր օրհնութիւնը տուաւ անոնց:
Նշենք, որ օր մը առաջ՝ Շաբաթ, 11 Յուլիս 2015ին, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին վանքին մէջ աբեղաները ներկայացուցին իրենց աւարտաճառերը: Հանդիսութեան նախագահեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը:
0714vartabeds1Արտակ վարդապետի աւարտաճառի նիւթն էր «Կիպրոսի թեմի առաջնորդ Պետրոս արք. Սարաճեանի գրած նամակները՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Սահակ Բ. Խապայեանին, 1920-1929». Վարդան վարդապետի նիւթը՝ «32 նամակներ՝ ուղարկուած Կ. Պոլսոյ Պատրիարքական փոխանորդ Գաբրիէլ արք. Ճեւահիրճեանէ, Մեսրոպ եպս. Նարոյեանէ, Գէորգ արք. Արսլանեանէ, Սմբատ եպս. Քազազեանէ, առ Սահակ սրբազնագոյն կաթողիկոս եւ պատրիարք Ս. Երուսաղէմի եւ Կ. Պոլսոյ, առ Բաբգէն աթոռակից կաթողիկոս եւ առ Սերովբէ վրդ. Սամուէլեան՝ Ժամարար ի Ս. Ծնունդ Բեթլեհէմ, 1909-1934». Հրանդ վարդապետի նիւթը՝ «Եղիշէ եպս. Կարոյեանի նամակագրութիւնը Սահակ Բ. Կաթողիկոսին՝ արեւմտահայ գաղթականներուն ապաստան եւ նպաստ տալու, Ատանայի եկեղեցական գոյքերը ստանալու եւ այլ խնդիրներու մասին, 1921-1931», Շնորհք վարդապետի նիւթը՝ «Բերիոյ Հայոց թեմի Առաջնորդական փոխանորդներ Յարութիւն քահանայ Եսայեանի եւ Ներսէս քահանայ Թաւուգճեանի նամակները՝ Սահակ Բ. եւ Բաբգէն Ա. վեհափառ հայրապետներուն, 1915-1928». Պօղոս վարդապետի նիւթը՝ «Բերիոյ թեմի առաջնորդներ Փառէն Ծ. վրդ. Մելքոնեանի, Եփրեմ Ծ. վրդ. Տոհմունիի, Արտաւազդ Ծ. վրդ. Սիւրմէլեանի, Խադ Ծ. վրդ. Աջապահեանի նամակները՝ Սահակ Բ. կաթողիկոսին, 1923-1939». Պետրոս վարդապետի նիւթը՝ «Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Արտաւազդ արք. Սիւրմէլեանի նամակները՝ 1925, 1934-1937». Յովհաննէս վարդապետի նիւթը՝ «Սահակ Բ. կաթողիկոսի եւ Բերիոյ թեմի առաջնորդ Արտաւազդ Ծ. վրդ. Սիւրմէլեանի նամակները՝ 1925-1933, 1936-1938». Տաճատ վարդապետի նիւթը՝ «Բերիոյ թեմի կրթական հաստատութիւններու գործունէութիւնը՝ 1923-1968, եւ Երուսաղէմի պատրիարք Մեսրոպ արք. Նշանեանի ու Ս. Աթոռի այլ միաբաններու նամակագրութիւնը՝ կաթողիկոսական տեղապահ Եղիշէ արք. Կարոյեանին, 1921-1942». Նշան վարդապետի նիւթը՝ «Երջանկայիշատակ Բաբգէն Ա. կաթողիկոս Կիւլէսէրեանի ուղղած նամակները երանաշնորհ Թորգոմ պատրիարք Գուշակեանին, 1931-1936». Պարոյր վարդապետի նիւթը՝ «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւն-Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքութիւն. 1915, 1917-1922, 1925, 1928, 1929-1939, 1954-1955». Գարեգին վարդապետի նիւթը՝ «Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Զարեհ եպս. Փայասլեանի ուղղած նամակները, 1940-1956». Սմբատ վարդապետի նիւթը՝ «Գարեգին Ա. կաթողիկոսի, Եղիշէ արք. Կարոյեանի, Խադ արք. Աջապահեանի եւ Խորէն եպս. նամակները՝ Բերիոյ թեմի առաջնորդ Զարեհ եպս. Փայասլեանին, 1940-1956». իսկ Զարեհ վարդապետի նիւթը՝ «Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ քահանայական ձեռնադրութեան Մաշտոցին մէջ յիշուած Ընդհանրական եւ Հայ եկեղեցւոյ վարդապետներու աստուածաբանական տեսութիւններու ուսումնասիրութիւնը»:
Աւարտին, վեհափառ հայրապետը գնահատեց տարուած աշխատանքը եւ իր նկատողութիւններն ու թելադրութիւնները փոխանցեց, որպէսզի միաբանները կատարելագործեն իրենց աշխատասիրութիւնները, ինչպէս նաեւ նոր ուսումնասիրութիւններու լծուին՝ յիշեցնելով, որ մտաւորական աշխատանքը անբաժան մասն է Կիլիկիոյ Ս. Աթոռի առաքելութեան:
Ան անդրադարձաւ աւարտաճառերու նիւթերուն, որոնք առաւելաբար արխիւային բնոյթ ունէին, եւ զանոնք որակեց որպէս պատմութեան հանք, որոնց ուսումնասիրութիւնը լոյս կը սփռէ մեր կաթողիկոսութեան առաքելութեան եւ դերակատարութեան, յատկապէս Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք ցիրուցան դարձած մեր ժողովուրդի հոգեւոր եւ կրթական կեանքի կազմաւորման ու գաղթականութեան պատճառով նոր ստեղծուած գաղութներու ձեւաւորման:

Yorumlar kapatıldı.