ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը, ինչպէս եւ յանձնախումբի Պըրպենքի, Կլենտէյլի, Լա Քրեսենթայի եւ Հոլիվուտի մասնաճիւղերը Հինգշաբթի, 9 Յուլիսին իրենց զօրակցութիւնը յայտարարեցին 43րդ ընտրական շրջանին մէջ Քալիֆորնիոյ Նահանգային խորհուրդի անդամութեան թեկնածութիւնը դրած Արտի Քասախեանին:
«Մեր որոշումը հիմնուած էր հայ համայնքին ու անոր կարիքներուն Արտի Քասախեանի տասնամեակներու հետեւողական նուիրումին եւ ծառայութեան: Մենք վստահ ենք, որ Քալիֆորնիոյ Նահագնային խորհուրդի անդամ ընտրուելով, ան պիտի շարունակէ առաւել սերտացնել իր կապերը հայ համայնքին հետ», յայտնեց Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ՝ իրաւաբան Նորա Յովսէփեան:
«Իմ ազգային ժառանգութիւնս կարեւոր մասն է իմ էութեանս եւ ես հպարտ եմ, որ Ամերիկայի Հայ Դատի Արեւմտեան շրջանի կազմակերպութիւնը իմ կողքին է: Բոլոր համայքներու պարագային, նոր քուէարկողներու արձանագրումն ու քուէի իրաւունք ունեցողներուն քուէատուփ հասցնելը պիտի ըլլան Նահանգային խորհուրդին մէջ իմ առաջնահերթ գործերու շարքին», յայտարարեց Արտի Քասախեան:
Նահանգային խորհուրդի իր թեկնածութիւնը անցեալ տարի յայտարարելէ ետք, Արտի Քասախեան շարունակ կը հանդիպի Լոս Ֆելիզէն մինչեւ Լա Քանիատա շրջանի քուէարկողներու եւ համայնքային ղեկավարներու հետ՝ հաղորդակցելու համար անոնց մտահոգութիւններուն եւ հետաքրքրութիւններուն:
43րդ ընտրատարածքը, ուր Քասախեան դրած է իր թեկնածութիւնը, կ՛ընդգրկէ Պըրպենք, Կլենտէյլ, Լա Քանաիատա, Ֆլինթրիճ, Լա Քրեսենթա, Մոնթրոզ շլրջանները, ինչպէս նաեւ Լոս Անճելըսի Էթուաթըր, Արեւլեան Հոլիվուտի, Ֆրենքլին Հիլզի, Հոլիվուտ Հիլզի, Լոս Ֆելիսի եւ Սիլվը Լէյքի թաղամասերը:
Նախնական քուէարկութիւնը տեղի պիտի ունենայ 7 Յունիս 2016ին: Արտի Քասախեանի ընտրապայքարին կամ իր մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար կրնաք այցելել www.ardyforassembly.com կայքը, կամ հետեւիլ իր դիմատետրի ու «Թուիրթըր»ի արձանագրութիւններուն:
Արտի Քասախեան 2005էն ի վեր կը վարէ Կլենտէյլ քաղաքի քարտուղարի պաշտօնը:
Yorumlar kapatıldı.