ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Կիրակի, Յունիս 28ին, եկեղեցական արարողութեանց աւարտին, Անթիլիասի Սրբոց Նահատակաց մատրան մէջ, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը հանդիսաւորապէս վառեց Համահայկական 6րդ խաղերու ջահը եւ բարի երթ ու յաջողութիւն մաղթեց կազմակերպիչներուն եւ մարզիկներուն:
Հանդիսութեան ընթացքին արտասանած իր խօսքին մէջ, Արամ Ա. կաթողիկոս անդրադարձաւ Հայաստանի մէջ վերջին անցուդարձերուն եւ իր մտահոգութիւնը արտայայտեց, որովհետեւ «նման դէպքեր մեզ կը շեղեն մեր համազգային նպատակներէն ու պահանջներէն՝ հայրենիքի հզօրացում, միասնականութեան ամրապնդում եւ մեր ազգային պահանջատիրութեան նոր թափ տալու անհրաժեշտութիւն: Այս հանգրուանին հարկ է, որ Հայաստանի ղեկավարութիւնը լսէ զինք ընտրած ժողովուրդը եւ անոր սպասումներն ու կարիքները, իսկ ժողովուրդը իր կարգին լսէ իր կողմէ ընտրուած պատասխանատուներուն մտահոգութիւններն ու մօտեցումները»:
Ջահավառութեան ներկայ էին միաբան հայրեր, Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի նախագահ Իշխան Զաքարեան եւ իր գլխաւորած պատուիրակութիւնը, Լիբանանի մօտ Հայաստանի դեսպանը, ազգայիններ, ինչպէս նաեւ ՀՄԸՄի, ՀՄՄի եւ ՀԵԸի սկաուտներն ու մարզիկները:
Ջահավառութենէն ետք, վեհափառ հայրապետը թափօրով առաջնորդուեցաւ Վեհարան, ուր խօսք առաւ Իշխան Զաքարեան, որ իր շնորհակալութիւնը յայտնեց վեհափառին: Ան անդրադարձաւ Համահայկական խաղերու կարեւորութեան, յիշեցնելով թէ մարզանքը կարեւոր միջոց մըն է ի մի համախմբելու մեր ժողովուրդի զաւակները:
Վեհափառ հայրապետը խօսք առնելով, նախ ողջունեց Հայաստանէն ու Արցախէն այցելող ազգայինները եւ ապա, ըսաւ. «Այս պահը անկախ իր մարզական երեսէն խորհրդաւոր իմաստ մը ու նուիրական նպատակ մը ունի: Համահայկական խաղերը, որոնց կը մասնակցին մարզիկներ Հայաստանէն, Արցախէն եւ Սփիւռքէն, մեր ժողովուրդի միասնականութեան ամէնէն աւելի տեսանելի եւ շօշափելի արտայայտութիւններէն մէկն է: Մեր ժողովուրդը միշտ մէ՛կ եղած է պատմութեան ընթացքին՝ հակառակ պատմութեան պարտադրանքներուն: Մեր ժողովուրդը մէ՛կ եղած է՝ երբ թշնամին Սփիւռքը պարտադրեց մեր վրայ: Այսօր մեր ժողովուրդը եւս մէկ է: Սակայն, չի՛ բաւեր մեր ժողովուրդի միասնականութեան մասին զգացական կերպով արտայայտուիլ, անհրաժեշտ է այնպիսի՛ միջոցներու դիմել, անյպիսի՛ կերպով արտայայտել մեր միասնականութիւնը, որով կարելի ըլլայ մեր ժողովուրդի ներքին միութիւնը աւելի ամրապնդել: Համահայկական այս խաղերը մեր ժողովուրդին համար մարտահրաւէր, կոչ, պատգամ եւ յիշեցում են, որպէսզի մենք բոլորս՝ Հայաստան, Ղարաբաղ եւ Սփիւռք միասնաբար համահայկական մտածողութիւն ձեւաւորենք՝ անոր տալով խորք, նպատակ եւ արժէք ու համահայկական մտածողութիւնը դարձնենք մեր մտածողութեան, գործելակերպին ու կենցաղակերպին առանցքային մտահոգութիւնը»:
Yorumlar kapatıldı.