İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՀՈԳԵՒՈՐ ՍՆԱՆԿՈՒԹՒԻՆ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի համացանցին վրայ տեղակայուած լուրին համաձայն, «Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հայրապետական տնօրինութեամբ կարգալոյծ է հռչակվել S. Կարապետ Վարդապետ Հարությունյանը (Ֆրանսայի հայոց թեմ): Տնօրինութեան համար հիմք է ծառայել Հայր Կարապետի ներկայացրած դիմումը: Այսուհետեւ կարգալոյծ եկեղեցականը դասվում է աշխարհականների շարքը՝ Վարդան Հարությունյան ավազանի անունով»:  Այս լուրը կարդալէ ետք, ազնիւ սրտցաւ բարեկամ մը հարց տուաւ ինծի թէ կրնա՞յ ըլլալ նման հակաքրիստոնէական կանոնական խախտում մը:  Առ ի զարմանք ինծի, կարգ մը գործող եւ հանգստեան կոչուած եկեղեցականներ ալ նոյն հարցումը ուղղեցին. ի՞նչպէս կրնայ ըլլալ…

Նկատի ունենալով շահեկանութիւնը այս նիւթին, հարապարակաւ կը պատասխանեմ ազնիւ բարեկամներուս:   Նախ ներկայացնենք թէ ո՞վ է Հոգշ. Կարապետ Վարդապետը:  Եթէ մեր ընթերցողները կը յիշեն, մօտաւորապէս եօթ ամիսներ առաջ, Հայր Կարապետ Յարութիւնեան լքեց իր՝ Լիոնի Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ հովուութիւնը եւ միացաւ Լիոնի շրջանի կաթողիկէ եկեղեցւոյ միաբանութեան, իր որոշումը պաշտօնապէս յայտնելէ ետք նորընտիր Վահան Եպս. Յովհաննէսեանին եւ Թեմական խորհուրդին:
Մեկնութիւններ կատարելէ առաջ, հակիրճ կերպով անդրադառնանք իր կենսագրականին, քաղելով զայն Փարիզի «Նոր Յառաջ»ի 12 Դեկտեմբեր 2014 թուակիր թերթէն. «Հայր Կարապետ եղած է հոգեւոր հովիւը Լիոնի շրջանի զանազան ծուխերու՝ Փոն տը Շէրիւի/Շարվիէօի, Տէսինի, Կրընոպլի,…եւ Լիոնի Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ, ինչպէս նաեւ Կրընոպլի եկեղեցւոյ հիմնադրութեան մասնակցած է:  Վարած է Լիոնի ու միջին Ֆրանսայի առաջնորդական փոխանորդի պաշտօնը:  Ատեն մը Վեհափառին կողմէ, առանց ծխական մարմիններու կանխազգուշացման, կանչուած է Էջմիածին, մեծ դժգոհութիւն յառաջացնելով Լիոնի ծխականներու մօտ:  Նորվան Սրբազանի առաջնորդական պաշտօնէն հրաժարումէն ետք, եղած է նաեւ Ֆրանսայի թեմի առաջնորդութեան թեկնածու 2013 Սեպտեմբերին:  Սակայն անոր անունը չէր ընդգրկուած Վեհափառին կողմէ վաւերացուած առաջին երեք կղերականներու ցանկին մէջ: Այգազեան Սրաբազանի թեկնածութենէն հրաժարումէն ետք, առաջնորդական առաջին գործընթացին կ’առկախուի:  Լիոնի ծուխի պահանջին ու պնդումներուն վրայ վերստին կը ղրկուի Լիոն վերստանձնելու համար տեղւոյն հոգեւոր հովւութիւնը:  Սակայն, երկրորդ անգամ իր թեկնածութիւնը չի ներկայացներ առաջնորդական աթոռին, համոզուած ըլլալով, որ կանխօրօք արդէն որոշուած է առաջնորդական գլխաւոր թեկնածուն:  Հայր Կարապետ իր մեկնումին գլխաւոր դրդապատճառը չուզեց բացայայտել, հասկցնելով հանդերձ թէ ունեցած է շատ լուրջ հակադրութիւններ Վեհափառին հետ:  Նշեց պարզապէս թէ արդէն ամէն ինչ ըսուած է եւ շատ աւելի բովանդակալից կերպով՝ Նորվան Սրբազանի եւ Նուրհան Արքեպիսկոպոսի նամակներուն մէջ»:
Աննախադէպ  եւ եզակի պարագայ մը չէ այս իրողութիւնը Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ: Անոր լաւագոյն օրինակը հանդիսացաւ Մխիթար Սեբաստացին (1676-1749. թաղուած Ս. Ղազար կղզիին մէջ): Աւազանի անունով «Մանուկ» հրաշք այս հայորդին նախնական ուսումը ստացած է  Սեբաստիայի Ս. Նշան, ապա՝ Էջմիածնի, Սեւանի, Կարինի վանքերուն մէջ: 1693 թուականին կը մեկնի Բերիա (այժմու Սուրիոյ Հալէպ քաղաքը), ուրտեղ կը ծանօթանայ կաթողիկէ միսիոնարներու հետ: 1696 թուականին կը ձեռնադրուի աբեղայ, եւ 1699 թուականին՝ վարդապետ: Իր դէմ ծայր առած հալածանքները պատճառ դարձան որ ան 1701 թուականին Կոստանդնուպոլսոյ մէջ հիմնէ նոր միաբանութիւն մը: Խուսափելով թուրքական յարձակումներէն եւ հալածանքներէն՝ 1715-ին միաբանութիւնը տեղափոխած է Վենետիկ եւ 1717-ին Վենետիկի Ծերակոյտը յատուկ հրովարտակով մը Ս. Ղազար կղզին տուած է միաբանութեան: Մխիթար Աբբահօր ժամանակ կառուցուած  է նաեւ եկեղեցին եւ դպրեվանքը: Այստեղ շեղած պիտի ըլլանք մեր նիւթէն եթէ խօսինք նաեւ այն անփոխարինելի, հսկածաւալ ծառայութեան մասին, զոր Մխիթարեան Միաբանութիւնը մատոյց Հայ Ժողովուրդին՝ իր մշակութային-բանասիրական աշխատանքներով:
Մխիթար Աբբահօր օրինակը յառաջ բերի ցոյց տալու համար, որ նման եկեղեցական մը ո’չ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին (Նահապետ Ա. Եդեսացի), ո’չ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին (Մատթէոս Սարին), եւ ո’չ ալ Պոլսոյ Պատրիարքին (Եփրեմ Ղափանցի) կողմէ բանադրուեցաւ, այլ շարունակեց իր հոգեւոր առաքելութիւնը Կ. Պոլսոյ եւ գաւառներուն մէջ, եւ ո’չ ալ կարգալոյծ հռչակեցին զինք:
Երկրորդ օրինակը, Հայ Եկեղեցւոյ վերջին հարիւրյիսունամեակի տիտաններէն՝ բանասէր պատմաբան եւ աստուածաբան, երբեմնի Կ. Պոլսոյ Պատրիարք Մաղաքիա Արք. Օրմանեանն է, որ ձգելով իր կաթողիկէ միաբանութիւնը, վերադարձաւ Հայց. Եկեղեցւոյ ծոցը:  Կրնա՞յ ըլլալ որ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ քահանայապետը գէթ վայրկեան մը մտածեց զինք կարգալոյծ հռչակել եւ կամ բանադրել:
Վերջին օրինակն ալ, Վենետիկի Մխիթարեան հայրերէն՝ Հայր Տաճատ Եարտըմեանի վերադարձն է Հայ Եկեղեցի:  Շատերու խորթ թուող այս երեւոյթը ինքնին եզակի չէր Հայց. Եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ եւ գրկաբաց ընդունուեցաւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս՝ Գարեգին Բ.ի կողմէ:  Հիմա հարց տանք մեր ընթերցողներուն. ինչո՞ւ համար Կաթողիկէ եկեղեցւոյ իշխանութիւնը կարգալոյծ չհռչակեց Տաճատ Վարդապետը: Կրնա՞յ ըլլալ որ մտածեցին եւ չգործադրեցին:  Բացարձակապէս ո’չ: Կաթողիկէ կղերապետութիւնը խոր գիտակցութիւն ունի Եկեղեցւոյ նուիրական կարգերու նկատմամբ եւ այդքա՜ն աժան չի մօտենար հարցին, ի վերջոյ օծեալ մըն է խնդրոյ առարկայ անձը:
Եւ վերջապէս մօտենանք հարցին զուտ դաւանաբանական-աստուածաբանական անկիւնէն:  Բոլորս ալ գիտենք որ Եկեղեցին Քրիստոսի Մարմինը կը խորհրդանշէ եւ իւրաքանչիւր քրիստոնէական եկեղեցի մէկ մասնիկն է այդ Մարմնին: Հետեւաբար՝ որեւէ եկեղեցւոյ կողմէ կատարուած խորհուրդ մը, որ այս պարագային ձեռնադրութեան խորհուրդն է, անբեկանելի է այնքան ատեն որ հակաքրիստոնէական, դաւանաբանական անկանոնութիւններ չկան այդ եկեղեցականի կեանքին մէջ: Որեւէ ճիգ կամ փափաք եկեղեցականի մը կողմէ փոխելու իր միաբանութիւնը եւ միանալու մի այլ միաբանութեան՝ առիթ պէտք չէ ընծայէ եւ կամ պատճառ պէտք չէ ըլլայ որ կաթողիկոսը զինք կարգալոյծ հռչակէ, ինչ որ է  եղելութիւնը Հայր Կարապետի պարագային:   Եթէ Հայր Կարապետ Կաթողիկէ միաբանութեան մէջ պիտի գտնէ իր հոգեւոր ծառայութեան ամբողջական իմաստը, այնուհետեւ ինչպէ՞ս մեկնաբանել եօթը ամիսներ ետք Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի կամայական կամ քինախնդրական կարգալուծումի յայտարարութիւնը:
Ու՞ր են մեր Նուիրապետական Աթոռներու  եպիսկոպոսները: Նման դէպքեր մեզի կրկնակի մտածել կու տան որ անոնք լիիրաւ բծախնդրութիւնը չունին բարձրաձայն արտայայտուելու կատարուած օրինական եւ հակաքրիստոնէական բոլոր խախտումներու մասին: Ուստի կորսնցուցած են իրենց բծախնդրութիւնը Հայց. Եկեղեցւոյ գոյատեւման պայքարի նկատմամբ, եւ պատրաստ են լռելու եւ ամէն ինչ ծածկելու յանուն իրենց անձնական շահադիտական նպատակներուն, այլ խօսքով՝ իրենց փառք ու պատիւին եւ մամոնային:
Մինչեւ ե՞րբ պիտի լռեն իրենց արժանապատուութիւնը կորսնցուցած մեր եկեղեցականները—մեծէն մինչեւ փոքր: Այս տխուր երեւոյթը ո’չ առաջինն է եւ ո’չ ալ վերջինը պիտի ըլլայ:  Ստորակայութեան եւ ստրկութեան այս հոգեվիճակէն ե՞րբ պիտի կարենաք դուրս գալ եւ քաջաբար ձեր արդար իրաւունքները պահանջել: Ձեզմէ իւրաքանչիւրը թող մտածէ պահ մը, թէ ի՞նչ պիտի ընէր եթէ ինք ըլլար Հայր Կարապետին տեղը:
Վերջապէս՝ ի՞նչ պիտի մտածէ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ քահանայապետը, նախ՝ որպէս մարդ ու ապա որպէս հոգեւորական, եւ անկէ անդին՝ որպէս պետութեան մը բաձրագոյն հեղինակութիւն, որ տակաւին ամիսներ առաջ համայն մարդկութեան քաջաբար յայտարարեց թէ ինչ որ պատահեցաւ Հայ ժողովուրդին հանդէպ հարիւր տարի առաջ՝ ուրիշ բան չէր եթէ ո’չ ցեղասպանութիւն: Այս բոլորէն ետք, Գարեգին Բ. Կաթողիկոս իր ճղճիմ գձուձ հաշիւներով կը փորձէ խռովել եղբայրական մթնոլորտը, նոր բարդութիւններ ստեղծելով:
ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ                                        

 15 Յունիս 2015

Yorumlar kapatıldı.