ՊՈԼԻՍ.- Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ իր պատուիրակութիւնը, քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան (HDP) հրաւէրով, դիտորդական առաքելութիւն մը իրականացուցած է Թուրքիոյ խորհրդարանի ընտրութիւններուն ընթացքին:
Քուէարկութեան օրը՝ Յունիս 7ին, պատուիրակութիւնը այցելած է շարք մը ընտրատեղամասեր, արձանագրած է բոլոր խախտումներն ու դժուարութիւնները, որոնց հանդիպած են ընդդիմադիր կուսակցութիւնները, յատկապէս՝ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւնը:
Դիտարկման արդիւնքները պիտի հրապարակուին յառաջիկայ օրերուն:
Յանձնախումբի ատենապետ Գասպար Կարապետեան ողջունած է երեք հայ թեկնածուներուն ընտրական յաղթանակը եւ նշած, որ Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ քրտամէտ կուսակցութեան ներկայութիւնը կը նշանակէ, որ այսուհետեւ հոն կայ քաղաքական ուժ մը, որ կրնայ պայքարիլ ազատութեան, հաւասարութեան, խաղաղութեան եւ արդարութեան համար:
Ատենապետին կողքին, պատուիրակութեան մաս կազմած են՝ Պետօ Քիւրքճեան Տէմիրճեան, Վերա Եագուպեան, Փիթըր Պետրոսեան եւ Ճորճ Աղճայեան։
Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբը Մայիսին յայտարարած էր, թէ նեցուկ կը կանգնի Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան ընտրապայքարին։
Յիշեցնենք, որ ընտրութեանց քարոզարշաւին ընթացքին, նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան քրտամէտ կուսակցութեան պարբերաբար մեղադրած էր «հայկական լոպի»ին հետ կապեր ունենալու «յանցանքով»:
Yorumlar kapatıldı.