2015ի Ապրիլ եւ Մայիս ամիսները վտանգի ահաւորութեան իմաստով մեծապէս ծանր եղան հալէպահայութեան համար։ Այս պայմաններուն մէջ մեր ժողովուրդի զաւակներէն ոմանք ժամանակաւոր, ոմանք մնայուն տեղափոխուեցան Հալէպէն։ Սակայն պատկառելի թիւ մը իր դիմագրաւած դժուարութիւններով հանդերձ շարունակեց եւ տակաւին կը շարունակէ մնալ Հալէպի մէջ, ջանք չխնայելով իր ընտանիքին եւ հալէպահայ համայնքին պահպանման նպաստելու գործին մէջ։
***
Պատկերաւոր Լուրեր Օրը Օրին
«Ասպարէզ» ՍՈՒՐԻԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՇՏԱՊ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄԻ ՄԱՐՄԻՆէն ստացած է 13րդ թիւը կրող հետեւեալ հաղորդագրութիւնը.
2015ի Ապրիլ եւ Մայիս ամիսները վտանգի ահաւորութեան իմաստով մեծապէս ծանր եղան հալէպահայութեան համար։ Այս պայմաններուն մէջ մեր ժողովուրդի զաւակներէն ոմանք ժամանակաւոր, ոմանք մնայուն տեղափոխուեցան Հալէպէն։ Սակայն պատկառելի թիւ մը իր դիմագրաւած դժուարութիւններով հանդերձ շարունակեց եւ տակաւին կը շարունակէ մնալ Հալէպի մէջ, ջանք չխնայելով իր ընտանիքին եւ հալէպահայ համայնքին պահպանման նպաստելու գործին մէջ։
Կամաւորաբար Հալէպ մնացող հայութիւնը, այսօ՛ր, ամէն ժամանակէ աւելի կարիքը ունի գործնապէս զգալու, որ արտասահմանի իր ազգակիցները նեցուկ կը կանգնին իրեն եւ առանձին չեն ձգեր զինք այս վիճակին մէջ։ Հալէպահայը կարիքը ունի զգալու, որ քար առ քար վերակառուցող ընտանեկան, հոգեւոր թէ կրթական օջախին համար իր ձեռքերուն հետ այլ հարազատ ձեռքեր եւս կան։
Մեր պարտաւորութիւնն է ամէն կերպ տէր կանգնիլ մեր ժողովուրդին եւ այս առաքելութիւնը կը պահանջէ Հալէպ մնացող հայութեան առօրեայ կեանքի բարելաւման նպաստող նախաձեռնութիւններով օժանդակութիւն կատարել։
Հալէպ մնալ կամեցող հայ ընտանիքները անհրաժեշտ կարիք ունին նիւթական օժանդակութեան եւ հալէպահայերուն պէտք է վերապահել օժանդակութեան նախապատուութիւնը։
Ո՛չ մէկ հալէպահայու համար բացարձակապէս դիւրին գործ է դարերու խորութիւն ունեցող, իր հոգեւոր եւ նիւթական մշակոյթով պատմական արժէք ներկայացնող, հայ մարդու կերտման ու մարդուժի պատրաստման դարբնոց հանդիսացող եւ հայ իրականութեան մէջ իր անհերքելի նպաստը ունեցող հալէպահայ համայնքի գոյութիւնը անցեալ համարելը։
Հետեւաբար հարկաւոր է ըմբռնել ու յարգել Հալէպ մնացողներուն պայմաններն ու մօտեցումը եւ հալէպահայուն այս ճակատագրական պահուն շարունակել անմիջական օգնութեան ձեռք երկարել։
Հալէպահայու կանչը վստահաբար անարձագանգ չի մնար։Հետեւաբար հարկաւոր է ըմբռնել ու յարգել Հալէպ մնացողներուն պայմաններն ու մօտեցումը եւ հալէպահայուն այս ճակատագրական պահուն շարունակել անմիջական օգնութեան ձեռք երկարել։
Հալէպահայու կանչը վստահաբար անարձագանգ չի մնար։
Հալէպ, 18 Մայիս 2015
Yorumlar kapatıldı.