ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուզլայի «Արմէն» ճամբարի փլուզումին դէմ բողոքի դիմադրութիւնը հասաւ իր 11րդ օրուան, բայց «Նոր Զարթօնք»ի երիտասարդները յայտարարեցին, որ իրենք այնտեղէն պիտի չհեռանան եւ պահակ պիտի կենան փլուզումին դէմ։ Անոնք պահանջեցին, որ ճամբարն ու անոր կալուածաթուղթը վերադարձուի Կետիկփաշայի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ։
«Նոր Զարթօնք»ի խմբակէն Ուրազ Գասպար կարդաց այս յայտարարագիրը։ Ան յիշեցուց, որ ամէն մարդ գիտէ, որ այս կալուածը բռնի ուժով առնուեցաւ հայերուն ձեռքէն։ «Ասիկա շատ նուրբ խնդիր մըն է, ուստի պէտք չէ չարաշահուի ընտրական հաշիւներով», շեշտեց ան։
Իր կարգին, «Նոր Զարթօնք» խմբակի ներկայացուցիչ Սայաթ Թեքիր ըսաւ, որ նստած են առջեւը այն վերտառութեան, որուն վրայ գրուած է, որ Ցեղասպանութիւնը կը շարունակուի։
«Հարիւր տարի առաջ ոճիր մը գործուեցաւ, հանրապետութեան շրջանին ալ բազմաթիւ սպանդներ ու անարդարութիւններ գործադրուեցան։ «Քեմբ Արմէն»ը ասոնցմէ միայն մէկ հատն է։ Մենք հոս կոչ կ՛ընենք, որ այս ամօթը դարմանուի։ Միակ լուծումն է այս կալուածը իր «թափու»ին հետ միասին վերադարձնել Կետիկփաշայի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ։ Բանակցութիւնները կը շարունակուին, բայց դեռ արդիւնք չկայ։ Ասիկա ընտրական քարոզչութեան նիւթ պէտք չէ դառնայ։ 111 օր ալ անցնի, մենք հոս պիտի կանգնինք ու արգելք պիտի հանդիսանանք փլուզումին. պիտի կանգնինք մինչեւ որ այս կալուածը վերադարձու»ջ, ըսաւ ան։
Կը ծրագրուի ճամբարին առջեւ զանազան համերգներ կազմակերպել։
Միւս կողմէ, փաստաբան Ֆեթհիյէ Չեթին՝ «Մեծ Մայրս» խորագիրով գիրքի հեղինակ ու Հրանդ Տինքի սպանութեան դատի փաստաբանը, նմանօրինակ յայտարարութիւն ըրաւ ու խօսելով ճամբարին մասին՝ ըսաւ. «Միակ լուծումը հետեւեալն է։ Պետութիւնը այս կալուածին համար հատուցում կը վճարէ կալուածի այսօրուան սեփականատիրոջ ու կալուածը կը վերադարձնէ հայերուն։ Ասիկա այնքան դժուա՞ր խնդիր մըն է։ Եթէ քիչ մը պրպտենք, կը տեսնենք, որ քանի քանի անգամներ կատարուած են նմանօրինակ գործողութիւններ։
Վերջապէս, Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութենէն պատգամաւորի թեկնածու առաջադրուած հայազգի Մարգար Եսայեան «Ակօս»ի հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է, որ սկսած է ճամբարի սեփականութեան վկայականը հայ համայնքին վերադարձնելու գործընթացը:
«Կ՛աշխատինք խնդիրը հիմնաւորապէս լուծելու ուղղութեամբ: Այս հարցին մէջ քաղաքական կամքը հարկաւոր է, որ դատարանէն աւելի բարձր ըլլայ: Այդ հարցն ալ կառավարութիւնը պիտի լուծէ», վստահեցուցած է ան:
Yorumlar kapatıldı.