Լսո՞ւմ էք մարդիկ, լսո՞ւմ էք, ազգեր,
Այս ողբագիրքս դասագիրքն է ձեր…
Թող անցեալ վէրքը դասագիրք դառնայ
Մանուկ ներկայի սեղանի վրայ:
(Յովհաննէս Շիրազ)
Հարցականի տակ դրինք 100-ամեակը, որովհետեւ տօնախմբութիւնները անցան, բայց ո’չ ցաւը: Անգամ մը եւս մեր յարգանքի համազգային արտայայտութեամբ, փառաշուք հանդիսութիւններով, գրական եւ գեղարուեստական աննախընթաց երեկոներով, համազգային լայնատարած ցոյցերով, արժանաւորապէս յարգեցինք յիշատակը մեր մէկուկէս միլիոն նահատակներուն:
Համայն քաղաքակիրթ աշխարհի առաջ անգամ մը եւս մերկացնելով թուրքը իր քաղաքական սնանկութեան մէջ, վերարժեւորեցինք մեր պահանջատիրութեան դատը, վերանորոգելով մեր ուխտը յանուն մեր նահատակներուն:
Հայրենիքի, եւ Սփիւռքի, ինչպէս նաեւ օտար մամուլը՝ բացառիկներ յատկացուց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով: Ողբի ու կոծի էջը փակեցինք եւ նոր էջ մը բացինք Հայ Ժողովուրդի վերածնունդի եւ վերանորոգումի սրբազան առաքելութեան դաշտին մէջ, որովհետեւ վերապրեցաւ հայութիւնը, ստեղծելով սեփական պետութիւն որ այսօր իր կարգին լծուած եւ հետամուտ է ամբողջացնելու պատմական իր առաքելութիւնը՝ որ պահանջատիրութիւնն է:
Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով, աշխարհասփիւռ հայութիւնը անգամ մը եւս փաստեց անվիճելի, անվեհեր ճշմարտութիւն մը. հակառակ այն իրողութեան որ դարերու ընթացքին աշխարհակալներ եկան ու անցան՝ մեր հազարամեայ երկիրը նուաճելով, կոտորելով, կործանելով ու թալանելով՝ որոնց վերջին արիւնարբու դաժան ոճրագործները եղան Սուլթան Համիտներն ու Երիտ-Թուրքերը, եւ սակայն չկարողացան տապալել հայուն ապրելու կամքը, ստեղծագործելու կենսախայտ տենչը եւ գոյատեւելու աննահանջ եւ աննկուն խիզախութիւնը:
1915-ի ցեղասպանութիւնը ուրիշ բան չէր եթէ ոչ մարդկային պատմութեան ամէնէն ահռելի եւ սարսափազդու ոճիրներէն մին, որ գազանային վայրագութեամբ եւ մոլեգնութեամբ իրագործուեցաւ արիւնարբու Օսմանեան պետութեան կողմէ: Ու դժբախտաբար անհերքելի իրողութիւն է, թէ տակաւին քսանմէկերորդ դարու յառաջդիմութեան այս դարուն՝ վարձկան պատմաբաններ եւ ծախուած քաղաքագէտներ կ’ուրանան ճշմարտութիւնը, կը ներբողեն բռնակալներու յաղթանակները, եւ կ’անտեսեն ժողովուրդներու սպանդն ու կոտորածը, որ տակաւին կը շարունակուի այսօր զանազան ցամաքամասերու վրայ, անպաշտպան եւ անօգնական ժողովուրդներու հանդէպ:
Հարիւր տարի անդադար, անմխիթար սուգով լացինք եւ ողբացինք մեր անմեղ նահատակներուն յիշատակը: Չկրցանք եւ պիտի չկարենանք ըմբռնել թէ արդեօ՞ք նման ոճիր մը կրնայ գործել մարդ արարածը հանդէպ իր նմանին: Ապրիլ 24ի արհաւիրքը այնքան խոր է, որ տակաւին չենք կրնար մեր մտապատկերէն հեռացնել մեր բիւրաւոր նահատակները, որոնք անօթի-ծարաւ, ուժասպառ ինկան ճամբաներու երկայնքին: Շատեր բզկտուեցան դահիճներու մագիլներու մէջ: Բիւրաւորներ հրկիզուեցան եկեղեցիներու եւ քարայրներու մէջ, թափուեցան հորերու մէջ կամ նետուեցան վիհերէ վար: Հազարաւոր մանուկներ ծովամոյն խեղդուեցան թուրք դահիճներու կողմէ: Մէկ խօսքով՝ խաղաղասէր հայ ժողովուրդի զաւակներ անշիրիմ բնաջնջուեցան արիւնարբու գազանին՝ թուրք պետութեան կողմէ կանխամտածուած եղեռնի միջոցաւ, կրելով տանջանքին եւ թշուառութեան ամենէն դժոխայինը– Հայկական Գողգոթան….
Այս բոլորէն ետք, տակաւին ներկայ թուրք կառավարութիւնը կը մեծարէ յիշատակը հայաջինջ ոճիրին դահիճներուն որպէս հերոսներ ու ապա կը փորձէ մեր ցաւը ամոքե՜լ իր «անկե՜ղծ» ցաւակցական եւ մխիթարական խօսքերով: Ի՜նչ մարդկային ողբերգական կատակերգութիւն:
Հետեւաբար՝ մեր ժողովուրդին համար ամէնէն կենսական հարցը կը թանձրանայ ա՛յն իրողութեան մէջ, որ այս 100-ամեակին ի՞նչ հանգրուանի հասանք եւ ո՞ւր կը մտադրենք հասնիլ: Արդարեւ, ոչնչացումի անդունդէն Նախախնամութեան հրաշքով, ինչպէս Ինք խորտակեց իր տապանաքարը իր Յարութեան աւետիսով, նոյն ձեւով տապալեցաւ նաեւ թուրքին կնքած տապանաքարը: Վկայ՝ մեր վերանկախացած հայրինիքն ու առասպելական վերակենդանացող պահանջատէր Սփիռքը:
Այսօր փոքրիկ Հայաստանով, որուն գոյութիւնն ու անկախացումը կը պարտինք մեր ժողովուրդի ազատագրական պայքարի հերոսական մարտունակութեան, թուրք պետութեան ախորժակները սահմանափակեցինք անգամ մը եւս, եւ ընդմիշտ թաղեցինք անոր՝ թուրանական կայսրութիւն մը վերականգնելու բոլոր ցնորքները:
Այսուհետեւ՝ ցեղասպանութեան 100-ամեակը պիտի չկարենայ մեզ համակել անցեալի տառապանքներու յուզումով եւ սուգով: Ան արդէն եղած է մեր Նոր Ուխտի տապանակը, որուն վրայ կատարեցինք մեր ուխտը՝ մեր մարտիրոսներուն յիշատակը յաւերժացնելու եւ պահանջելու անոնց արեան գինը: Ցեղասպանութեան 100-ամեակը լուսաւոր նոր հանգրուան մըն է ազգային վերածնունդի, վերազարթօնքի ճամբուն վրայ, եւ այդ վերազարթօնքը խարսխուած է Հայաստանի անկախ պետականութեան ապառաժեայ կենարար պատուանդանին վրայ:
Յուշարձաններ կանգնեցինք ամէն տեղ՝ մեր անմեղ նահատակներուն յիշատակը յաւերժացնելու համար, բայց ամենէն շքեղ ու փառաւոր փոխվրէժի յուշարձանը պիտի ըլլայ մեր Ուխտը, որ պիտի կարենայ հակակշռել անոնց մարտիրոսաբար կորստեան ահագնութիւնը – պայքարիլ, մաքառիլ ու սատարել հայ ժողովուրդի եւ հայրենիքի բարգաւաճման, ազատ գոյատեւման եւ յաւերժացման գործընթացին:
Սակայն մեր գլխաւոր նպատակին հասնելու համար անհրաժեշտ է որ լրացնենք կարգ մը նախապայմաններ: Անոնցմէ կարեւոր կը նկատենք, Սփիւռքի վերապրող հայութեան ազգային ծրագիրներուն եւ նպատակներու գործադրութեան բիւրեղացումը, նամանաւանդ քաղաքական գործելակերպին մէջ, ստեղծելով ճիգերու ամբողջական սերտ միութիւն մը: Ձեւական միութենէն անդին անցնինք, կերտելու իրակա՛ն, եւ ո՛չ թէ մակերեսային միասնութիւն մը:
Հաւատարիմ մնալ եւ ուխտել, որ հայ ժողովուրդի անկապտելի իրաւունքն է, եւ իր նահատակներուն արիւնաթաթախ պատգամը՝ որ մենք մեր ազգային վերականգնումը հետապնդենք ու իրագործենք պատմական Հայաստանի ազատագրուած միացեալ հողերուն վրայ: Չխանդավառուինք պատահական խոստումներէ եւ ո’չ ալ յուսահատինք վաղանցիկ ժխտումներէ: Չյուսալքուինք ժամանակաւոր ձախողութիւններէ, անկեղծ հաւատքով եւ տեսիլքով զրահաւորուած առաջ տանինք մեր պահանջատիրութեան արդար դատը, միշտ մնալով պատնէշի վրայ արթուն եւ շրջահայեաց:
Հայ Ժողովուրդի ազգային պանծալի վերածնունդը երաշխաւորուած է իր անկախ հայրենիքով: Մեզի կը մնայ թօթափել ամէն հատուածական կիրք, եղբայրասպան հին հաշիւներ, ամէն նախապաշարում իրարու հանդէպ, կուսակցական թէ անհատական, եւ դառնալ մի բոունցք իրականացնելու հայ ժողովուրդի բոլոր ձգտումներն ու երազները:
Ցեղասպանութեան 100-ամեակը նոր սկիզբ մըն է՝ նոր մղում տալու Հայկական Դատին: Միամիտ ինքնախաբէութիւն է, այլ խօսքով մանկամիտ պատրանք, կարծել որ կրնանք միայն մեր սեփական ոյժերով իրագործել հայ ժողովուրդի հողային պահանջները: Ներկայ հիւլէական դարուն, հրաշքի համազօր նուաճումներ կատարած ենք թէ՛ Հայրենիքի եւ թէ՛ Սփիւռքի մէջ, մասնաւորապէս մշակոյթի, գիտութեան եւ ճարտարարուեստի բնագաւառներէն ներս. բայց՝ միջազգային քաղաքական ասպարէզին վրայ, հազիւ նշմարելի ենք գերպետութեանց քաղաքական եւ շահադիտական հաշիւներու խաղադաշտին վրայ: Տարակոյս չունինք որ Հայկական Դատը ենթակայ է միջազգային պայմաններու եւ քաղաքական կամքերու եւ սակարկութեանց. մեզի կը մնայ իմաստութեամբ շարժիլ եւ շահիլ բարեկամ պետութիւններ որոնց հիմնական նպատակներուն ուղին զուգահեռ է մեր պահանջատիրական դատին:
Կասկած չկայ երբեք մեր մտքին մէջ, որ պէտք է դիմենք ամէն բանաւոր միջոցի, օրինականութեան եւ արդարութեան ամէն սկզբունքի ու քաղաքական ամէն ճնշումի, Հայ ժողովուրդի արդար դատի հատուցման համար: Եւ պիտի գայ այդ անխուսափելի օրը երբ պատմութեան ու աշխարհաքաղաքական (geopolitical) նոր փոփոխութիւններու բերումով՝ հայ եւ թուրք ժողովուրդները պիտի կանգնին իրարու դէմ յանդիման, եւ պիտի առերեսուին իրենց դառն պատմութեան հետ ու պիտի փորձեն լուծել հողային պահանջներու եւ իրաւունքներու հատուցման հարցը: Ի՞նչ պէտք է ընենք այս հանգրուանին՝ պատրաստ ըլլալու համար գալիքին, որպէսզի անակնկալի առջեւ չգտնուինք երբ առիթը ներկայանայ: Յաջորդաբար պիտի ներկայացնենք եւ վերլուծենք ներքեւ առաջադրուած մեր մտահոգութիւնները, որոնք կը բխին համազգային այժմէական մեր մտահոգութիւններէն:
1. Հողային Պահանջ
2. Վերաբնակեցում
3. Արտագաղթ
4. Ժամանակավրէպ Կուսակցութիւններ
5. Արտասահմանեան Ազգային Ժողով
6. Եկեղեցւոյ Միութիւն
7. Քրտական Հարց
8. Թուական Աճ
9. Իսլամացած Հայեր
Միջազգային ժողովներու եւ օտար ցեղասպանագէտ հեղինակութիւններու կողմէ անառարկելի կերպով հաստատուած ու պատմութեան էջերուն մէջ արձանագրուած անժխտելի իրողութիւն է Օսմանեան պետութեան գործադրած ցեղասպանութիւնը, որուն ժառանգորդն է այսօրուան թուրք պետութիւնը, եւ ինչ որ ալ ըլլան Թուրքիոյ կողմէ յառաջ քշուած չքմեղանքը՝ որպէս թէ հայութեան տեղահանութիւնը պատերազմական գործողութիւններու անհրաժեշտութենէն կը բխէր, եւ զանազան ա՛յլ յերիւրածոյ ու բռնազբօսիկ բացատրութիւններ, ատոնք չե՛ն կրնար արդարացնել հայոց նկատմամբ կանխամտածուած, ծրագրուած եւ գործադրուած ցեղասպանութիւնը:
Կարեւորը այն է որ ո’չ մէկ միջազգային մարմին կամ ժողով կամ իրաւական ատեան ուրացած է մեր արդար իրաւունքները, թէկուզ քաղաքական նոր բարդութիւններու հետեւանքով մեծ պետութիւններ անցեալին դաւաճանեցին Հայ Ժողովուրդին եւ ձախողութեան մատնեցին Սեւրի խոստումները ու նոյնպէս վարուեցան նաեւ Լօզանի դաշնագրի պարագային: Հակառակ այս բոլորին, մեր եւ գալիք սերունդներուն վիճակուած է սրբազան պարտականութիւն մը -– տէր կանգնիլ մեր իրաւունքներուն, անդադրում հետապնդել մեր ժողովուրդի հողային արդար դատը եւ իրագործել մեր ազգին երազը:
Որպէս հողեղէն մարդ արարած, չենք կրնար երբե՛ք մոռնալ անցեալը եւ մեր անմեղ ժողովուրդին նահատակութիւնը, նոյնիսկ եթէ մեր հայրենական հողերն ու հարստութիւնները վերադարձուին մեզի: Այսօր՝ աւելի քան հազար հինգ հարիւր տարիներ անցած են Վարդանանց պատերազմէն եւ տակաւին երկիւղածութեամբ կը յիշենք զանոնք եւ կը խոնարհինք անոնց նահատակութեան ու յիշատակին առջեւ. հետեւաբար կասկածէ վեր է որ յաջորդ հազարամեակին անպայման պիտի յիշենք մեր մէկուկէս միլիոն նահատակները եւ պիտի չմոռնանք անոնց քաղաքական կտակը:
Մեր աւագ պարտականութիւնն է աշխարհի պետութիւններուն ընդունիլ տալ, ճանչցնել ցեղասպանութիւնը եւ իրենց գործակցութեամբ գործադրել տալ ՄԱԿ-ի Ուխտին մէջ սահմանուած պատիժները: Բայց այս բոլորէն վեր կը մնայ բացարձակ ճշմարտութիւն մը -– ահաւասիկ հարիւր տարի անցած է արիւնարբու Թուրք մարդասպանի յոխորտանքէն ու մենք տակաւին կ’ապրինք, կը ստեղծագործենք, կը կերտենք ու կը բարգաւաճինք:
Թուրք դահիճները, Թալէաթները, սխալեցան եւ պարտուեցան իրենց յոխորտանքին մէջ. մենք կա՛նք, կ’ապրինք ու պիտի ապրինք, որովհետեւ մեր ժողովուրդը ցեղասպանութեան մոխիրներէն յարութիւն առնելով վերսկսած է իր յաղթարշաւին, եւ ո’չ մէկ ոյժ կրնայ դադաղեցնել կամ կասեցնել մեր յառաջընթացը: Ի վերջոյ հայ ժողովուրդը պիտի կարողանայ ամբողջացնել իր սրբազան առաքելութիւնը եւ պիտի վերատիրանայ իր պապենական հողերուն, հոն համախմբուելու եւ ստեղծագործելու համար անկաշկանդ կերպով:
ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ (Շար. Ա.)
8 Մայիս, 2015
Yorumlar kapatıldı.