İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Ազգային Երեսփոխանական Ժողովը Որդեգրեց Պատմական Որոշումներ

Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմի Ազգային երեսփոխանական ժողովը Ուրբաթ, 1 եւ Շաբաթ, 2 Մայիսին, առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի նախագահութեամբ գումարեց իր տարեկան 43րդ նստաշրջանը, որ իր ժողովական աշխատանքները ամբողջացնելու կողքին, որդեգրեց պատմական որոշումներ: Ժողովը ամբողջական զօրակցութիւն յայտարարեց Արամ Ա. կաթողիկոսին, Սիսի պատմական աթոռի կալուածներուն վերատիրացման նպատակով Թուրքիոյ պետութեան դէմ յարուցած դատին մէջ:

Ժողովը նաեւ մտահոգութիւն արտայայտեց Սուրիոյ ծանր կացութեան եւ երկրի հայկական գաղութին վիճակուած տաժանելի վիճակին մասին, եւ խնդրանք ներկայացուց վեհափառ հայրապետին, որ 7էն 10 Մայիսին, Ուաշինկթըն իր այցելութեան առիթով, լուսարձակի տակ բերէ, Ցեղասպանութենէն 100 տարի ետք, Թուրքիոյ պետութեան դաւադիր եւ խափանարար դերակատարութիւնը, որ ուղղուած է հայութեան եւ քրիստոնէական այլ համայնքներու զաւակներուն դէմ:
Երեսփոխանական ժողովին առընթեր, առաջնորդ հայրը Ազգային առաջնորդարանի «Ս. Տրդատ» եւ «Ս. Աշխէն» շքանշաններով պարգեւատրեց տէր եւ տիկին Կայծակ եւ Անահիտ Օհաննէսեան բարերար ամոլը, որ հիմը դրած է Սիսի կաթողիկոսութեան դատին ի նպաստ Ազգային առաջնորդարանի հիմնադրամին: (Ժողովի մանրամասնութեանց կ՛անդրադառնանք հետագային):

Yorumlar kapatıldı.