İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

100 տարի ետք՝ Շնորհակալութիւն Քարէն Եփփէ եւ Մարիա Եագոպսըն

Էկումենիկ աղօթք նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան 100 ամեակին Քոփէնհակէնի Մայր Տաճարին մէջ: Կիրակի 19 Ապրիլ 2015-ին, Տանիմարքի մայրաքաղաք՝ Քոփէնհակէնի Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ էկումենի աղօթք նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան 100 ամեակին: 

Միասնական աղօթքին կը հանդիսապետէին Քոփէնհակէնի Աւետարան Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոս՝ Փիթէր Սթով-Եագոպսընը եւ Դամասկոսի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Արմաշ Եպս. Նալպանտեանը:

Արարողութեան կը մասնկացէին նաեւ Կեդրոնական Եւրոպայի Հայրապետական Պատուիրակ՝ Հոգշ. Տ. Տիրան Վրդ. Պետրոսեանը, Տանիմարքի Թագաւորութեան մէջ ՀՀ Դեսպան՝ տիար Հրաչեայ Աղաջանեանը, Բերդի Սբ. Յովհաննէս Եկեղեցւոյ մանկական երգչախումբը, Հայ եւ Տանիմարքացի հոգեւորականներ, եւ վեց հարիւրէ աւելի հաւատացեալներ:

Միասնական աղօթքը իր տեսակին մէջ իւրայատուկ էր, որովհետեւ Ցեղասպանութեան յիշատակման նուիրուած աղօթք առաջին անգամ ըլլալով կը կայանար Քոփէնհակէնի Մայր Տաճարին մէջ: Բոլորիս յսյտնի է թէ ինչպէս Տանիմարքացի միսիոնարներ՝ Քարէն Եփփէն եւ Մարիա Եագոպսընը Սուրիոյ անապատներէն փրկեցին հայ որբեր եւ զանոնք պատսպարեցին իրենց իսկ հիմնած որբանոց-դպրոցներուն մէջ:

100 տարիներ ետք Կեդրոնական Եւրոպայի Հայրապետական Պատուիրակ՝ Հոգշ. Տ. Տիրան Վրդ. Պետրոսեանի, Տանիմարքի Թագաւորութեան մէջ՝ ՀՀ Դեսպան տիար Հրաչեայ Աղաջանեանի ջանքերով կազմակերպուեցաւ միասնական էքումենիկ աղօթք, որորն միջոցով հայորդիներ շնորհակալութիւն յայտնեցին Միսիոնարներ Քարէն Եփփէին եւ Մարիա Եագոպսընին: Արարողութեան սկզբին ողջոյնի եւ բարի գալստեան խօսք արտասանեց Տանիմարքի Թագաւորութեան մէջ՝ ՀՀ Դեսպան տիար Հրաչեայ Աղաջանեանը: Օրուայ բանբերն էր Դամասկոսի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Արմաշ Եպս. Նալպանտեանը: Ան իր քարոզին մէջ վեր հանեց միսիոնարներու փրկարար եւ հրեշտակային առաքելութիւնը եւ յանուն հայ ժողովուրդի եւ վերապրած որբերու երախտագիտութիւն յայտնեց  Միսիոնարներ Քարէն Եփփէին եւ Մարիա Եագոպսընին: Արարողութեան մասնակցող Բերդի Սբ. Յովհաննէս Եկեղեցւոյ մանկական երգչախումբը իր կատարումներով դիւթեց ներկաները:

Միաժամանակ յուզիչ խորհրդաւորութեամբ Քոփէնհակէնի Մայր Տաճարի պատասխանատու պատուելի Անտէրսը, աղօթքի ընթացքքին կրեց Մարիա Եագոպսընի կողմէ, Հայոց Ցեղասպանութեան տարիներուն, հայ հոգեւորականին նուիրած եկեղեցական շուրջառը: Սոյն շուրջառը 1924-ին կը բերուի Տանիմարքա եւ մինչեւ այսոօր, մեծ խնամքով, կը պահուի Քոփէնհակէնի Մայր Տաճարի թանգարանին մէջ: Յատուկ արտօնութեամբ այն 100 տարիներ ետք կրկին գործածուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100 ամեակին նուիրուած եկեղեցական արարողութեան ժամանակ, որովհետեւ իր մէջ կը կրէ հայ գողգոթային եւ նահատակութեան պատմութիւնը:
Դիւան Ազգ. Առաջնորդարան
Դամասկոս, 20 Ապրիլ 2015

ARMENIAN ORTHODOX CHURCH DIOCESE OF DAMASCUS
Bishop Armash Nalbandian, Primate
Bab Sharki, P.O. Box 2059
Damascus – Syria
Tel: 00 963 11 5447969
Fax: 00 963 11 5421577
Email:  bishoparmash@gmail.com

             damastem@hotmail.com

Yorumlar kapatıldı.