İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

2016ին Հռոմի Պապը Հայաստան Պիտի Այցելէ

Յովակիմ եպս. Մանուկեան, տեղեկացուցած է, որ Հռոմի պապը 2016ին պիտի այցելէ Հայաստան։ Անոր համաձայն՝ սխալ է այն տեղեկատուութիւնը, թէ Հռոմի պապը հրաւիրած են Հայաստան՝ Ապրիլ 24ին ներկայ գտնուելու 100ամեակի նախաձեռնութիւններուն: «Հայ Առաքելական եկեղեցին Հռոմի պապին հրաւիրել է՝ նրան յարմար պահի գալ Հայաստան», հաստատած է սրբազանը: Յովակիմ եպիսկոպոս նաեւ աւելցուցած է, որ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի ոգեկոչման նախաձեռնութիւններուն մասնակցելու նպատակով Հայաստան պիտի ացելեն եկեղեցական 38 պատուիրակութիւններ, 7 եկեղեցւոյ պետեր, արքեպիսկոպոսներ, Ս. Փեթերսպուրկի հոգեւոր պետը, Լոնտոնի եպիսկոպոսը, որ նաեւ Բրիտանիոյ արքայական ընտանիքի հոգեւոր սպասաւորն է եւ այդ ընտանիքին անունով խօսք պիտի ուղղէ հայ ժողովուրդին։

***
ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- 14 Ապրիլին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի միջեկեղեցական յարաբերութիւններու բաժինի տնօրէն Յովակիմ եպս. Մանուկեան լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին ամփոփած է 12 Ապրիլին Վատիկանի մէջ Ֆրանսիս պապին կողմէ Ս. պատարագի մատուցման պատմական փաստը, որ նուիրուած էր 100 տարի առաջ տեղի ունեցած Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակին:
Ան տեղեկացուցած է, որ Հռոմի պապը 2016ին պիտի այցելէ Հայաստան։ Անոր համաձայն՝ սխալ է այն տեղեկատուութիւնը, թէ Հռոմի պապը հրաւիրած են Հայաստան՝ Ապրիլ 24ին ներկայ գտնուելու 100ամեակի նախաձեռնութիւններուն: «Հայ Առաքելական եկեղեցին Հռոմի պապին հրաւիրել է՝ նրան յարմար պահի գալ Հայաստան», հաստատած է սրբազանը:
Յովակիմ եպիսկոպոս նաեւ աւելցուցած է, որ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի ոգեկոչման նախաձեռնութիւններուն մասնակցելու նպատակով Հայաստան պիտի ացելեն եկեղեցական 38 պատուիրակութիւններ, 7 եկեղեցւոյ պետեր, արքեպիսկոպոսներ, Ս. Փեթերսպուրկի հոգեւոր պետը, Լոնտոնի եպիսկոպոսը, որ նաեւ Բրիտանիոյ արքայական ընտանիքի հոգեւոր սպասաւորն է եւ այդ ընտանիքին անունով խօսք պիտի ուղղէ հայ ժողովուրդին։
Նշենք, որ Վատիկանի Ս. Մարթա եկեղեցւոյ մէջ Ապրիլ 14ին Ֆրանսիս պապը ըստ Վատիկանի ձայնասփիւռին, վերահաստատած է Հայոց Ցեղասպանութեան մասին Կիրակի օր իր արտասանած խօսքը՝ եւ նշած. «Եկեղեցին անկեղծութեան վայր է, ուր մարդիկ պէտք է ազնուօրէն խօսին: Մենք չենք կրնար լռել այն բոլոր բաներուն մասին, զորս տեսած եւ լսած ենք»:

Yorumlar kapatıldı.