İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Ֆրանսիս Պապը Ողջունած Է Հռոմ Հասնող Բազմաթիւ Հայերն Ու Հայ Կաթողիկէ Եպիսկոպոսները

ՀՌՈՄ, «Արմէնփրէս» Վատիկանի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած Սուրբ պատարագին ընդառաջ Հռոմի Ֆրանսիս պապը 9 Ապրիլին հանդիպում ունեցած է Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ Հայրապետական Սինոտի (բարձրաստիճան հոգեւորականներու ժողով) անդամներուն հետ։ Այս մասին յայտնած է Վատիկանի ձայնասփիւռի կայանը: Պապը իր աղօթքին մէջ խնդրած է, որ աստուածային ողորմութիւնը «օգնէ մեզ բոլորս ճշմարտութեան եւ արդարութեան հանդէպ տածած սիրով ամոքելու մեր վէրքերը եւ յստակ քայլերու ձեռնարկելու, որ հաշտութիւն եւ խաղաղութիւն հաստատենք ազգերու միջեւ, որոնք տակաւին համաձայնութեան չեն հասած այդ վշտալի դէպքերուն առնչութեամբ»:

Ֆրանսիս պապը ողջունած է Հռոմ ժամանած բազմաթիւ հայերը, եպիսկոպոսները, ինչպէս նաեւ աշխարհասփիւռ հայութիւնը։ Ան յատկապէս յիշատակած է այն երկիրները, որոնք Մեծ Եղեռնի տարիներուն ապահով հանգրուան հանդիսացած են հայ քրիստոնեաներուն համար, սակայն այժմ իրենք կը գտնուին վտանգի տակ:
Պապը խօսած է նաեւ Հայաստանի մէջ քրիստոնէութեան երկարամեայ պատմութեան, անոր հոգեւոր եւ մշակութային հարուստ ժառանգութեան մասին, որ սկսած է 301 թուականէն, երբ Հայաստան դարձաւ քրիստոնէութիւնը պետականօրէն ճանչցած առաջին պետութիւնը:
Ամփոփելով խօսքը՝ Ֆրանսիս պապը յարգանքի տուրք մատուցած է բոլոր անոնց, որոնք ջանք չեն խնայած «մեծ յանցագործութեան» տարիներուն հայ ժողովուրդին տառապանքները թեթեւցնելու, եւ յատկապէս Պենետիքտոս ԺԵ. պապին, որ կոտորածները կանխելու նպատակով ժամանակին բանակցութիւններ վարած է Օսմանեան կայսրութեան ղեկավարներուն հետ:

Yorumlar kapatıldı.