İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

The Primate’s Easter Message / ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ԶԱՏԿԱԿԱՆ ՊԱՏԳԱՄԸ

 Christ is Risen from the Dead! Blessed is the Resurrection of Christ, our Lord!

HOLY EASTER IS THE CELEBRATION OF FAITH

“…Christ will give you light” (Ephesians 5:14).

Holy Easter is the celebration of faith. According to His promise, the Savior of the World was crucified and with His Victorious Resurrection granted us a New Life. The Christian Church celebrates Holy Easter with triumph and jubilation, for it is a day of spiritual renewal, the guarantor of our salvation as long as we reaffirm our faith in the mystery of the Resurrection.

Approximately two thousand years ago, humanity experienced an unprecedented miracle in the Resurrection of Christ, our Lord, when He paved the Way to a New Life.

Beloved faithful in Christ,

To celebrate Easter is to enlighten our lives with Christ by re-evaluating ourselves through the messages emanating from the Gospel, to live with Him in a spiritual intimacy and in constant awareness that we are created according to His Godly image and likeness. In order to explain the essential need of the Holy Resurrection in the life of humanity, one of the enlightened fathers of our Church, Catholicos of All Armenians His Holiness Kevork VI elaborated “The world aged not by thought alone but also by corrupt morality. It did not lack knowledge or beautification – rather moral values, for the world was rotted exactly as it is today. The world lacked moral renaissance.”

When Christians celebrate Holy Easter, they renew and enlighten their lives. The 40 days of prayer, fasting, and self-examination that precede Holy Easter illuminate the path towards righteousness.

Dear Brothers and Sisters,

Let us live our lives inspired by Victorious Resurrection of our Lord and Savior Jesus Christ as was the case for our forefathers, especially the martyrs who sacrificed God’s most precious gift of life so that we may continue to live our ancestral Christian Faith. Their message has become the legacy which we bear on our shoulders with great reverence and responsibility. The past one hundred years of Armenian history is a testimony of the resurrection of our people. The vast accomplishments of the Armenian people across the globe in the face of adversities ultimately symbolize the resurrection of our nation through the Resurrection of Christ, our Lord.

And again, to celebrate Holy Easter is to uphold the Armenian identity, to preserve our Christian character, and the values which we commonly hold in reverence. Most importantly, to celebrate Easter means for us to protect the sanctity of the Armenian family which is the guarantor of our perpetuity.

Finally, to celebrate Holy Easter means to love and respect each other without reservation, to unite under the blessed dome of the Armenian Holy Apostolic Church which contains the condensed history of the Armenian people. As we commemorate the Centennial of the Armenian Genocide and canonize our martyrs into the Sainthood, we call upon our people to reawaken within their hearts the ancestral Christian faith and continue to live with the mystery of the Holy Resurrection so that “Christ, our Lord will give [us] light”.  

Christ is Risen from the Dead!
Blessed is the Resurrection of Christ, our Lord!

Holy Easter 2015

ԶԱՏԻԿԸ` ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ ԱՇԽԱՐՀԻ ՀԱՒԱՏՔԻ ՏՕՆՆ Է

«Եւ լուսաւորեսցէ զքեզ Քրիստոս» (ԵփեսԵ. 14)

            Յարութեան Տօնը` հաւատքի տօնն է: Աշխարհի Փրկիչը Իր անսուտ խոստումին հա-մաձայն պատարագուեց եւ Իր հրաշալի յարութեամբ մեզ նոր կեանք պարգեւեց: Քրիստոնեայ Եկեղեցին յաղթականօրէն եւ մեծ ցնծութեամբ կը տօնախմբէ Զատիկը նախեւառաջ՝ որպէս հաւատքի կեանք եւ վերածնունդի օր, որ առհաւատչեան է մեր փրկութեան՝ այնքան ատեն, որ աներկբայ ենք խորհուդին յարութեան:
        Երկու հազար տարի առաջ մարդկութեան կեանքը իր անկրկնելի հրաշքը ապրեցաւ, երբ Քրիստոս Աստուածորդին Իր Յարութիւնը դարձուց ճանապարհը նոր կեանքին, որուն հիմքը կը ներկայանայ հոգեւոր ու բարոյական վերածնունդը: Քրիստոսի յարութեան խոր-հուրդն է, որ կը տօնենք մեր կեանքին մէջ, երբ մեր միտքն ու հոգին կը կեդրոնացնենք աստ-ուածայինի վրայ, որուն ներշնչումով ալ կ’ըմբռնենք, որ ստեղծուած ըլլալով Աստուծոյ պատկերին համաձայն, հաւատքի զօրութեամբ կարողութիւնը ունինք հրաշագործելու մեր կեանքը:
 
            «Եւ լուսաւորեսցէ զքեզ Քրիստոս»:

         Զատիկը տօնել կը նշանակէ լուսաւորել մեր կեանքը Քրիստոսով: Այլեւ ապրիլ Քրիստոսի հետ, Անոր նմանակցութեամբ իմաստաւորելու ու արժեւորելու մեր կեանքը Աւետարանէն ճառագայթող պատգամներով, որոնք կը նորոգեն մեր հոգեւոր կեանքը: Եկե-ղեցւոյ լուսամիտ հայրերէն Հոգելոյս Գէորգ Զ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը հետեւեալ խոր-հրդածութինը կը կատարէ խորապէս բացատրելու համար Քրիստոսի Յարութեան կենսական կարեւորութիւնը մարդկութեան կեանքէն ներս. «…Աշխարհը ծերացել էր ոչ մտքով կամ ճաշակով, այլ բարոյապէս: Նա չէր կարօտում գիտութեան, գեղարուեստին, այլ բարոյական գաղափարների, աշխարհը բարոյապէս փտտած էր` ճիշտ այնպէս, ինչպէս եւ այսօր, եւ կարօտում էր բարոյական վերածնութեան»:
         Այսօր, Քրիստոսի Յարութեան խորհուրդին ակնդէտ` մենք մեր կեանքը կը նորոգենք, երբ մեր կեանքի ընթացքը կը պայմանաւորենք Քրիստոսի ուղեգծած լոյսի ճանապարհով: Բաւական է, որ հետեւինք Քրիստոսի պատուիրաններուն, որպէսզի լուսաւորուինք հոգեւոր ու բարոյական վերածնունդով: Սբ. Յարութեան Տօնին նախորդող քառասուն օրերու աղօթքի, պահեցողութեան ու հոգեւոր սերտողութեանց ամբողջ ժամանակահատուածը մարդու հոգին լուսաւորող ճանապարհորդութինն էր: Եկեղեցւոյ հայրերուն կողմէ մեզի ներկայացուող աւե-տարանական պատգամները կեանքի կոչելով մենք կը բարձրանանք առ Աստուած, որպէսզի կեանքը ապրինք Աստուծոյ նմանութեան տեսիլքով:
      Ցաւօք, այսօրուան աշխարհի պատկերը Աստուծոյ աչքէն հեռու ապրուած կեանքը կը ներկայացնէ, երբ մարդը իր մէջ կորսնցուցած ըլլալով հոգեւոր ու բարոյական արժէքներով ապրելու գիտակցութիւնը, իր մէջ կը կործանէ Աստուծոյ պատկերը, կը խոնարհի ժամանցելի արժէքներու առջեւ եւ կը մոռնայ իր ճշմարիտ պատկանելիութիւնը, Աստուծոյ պատկանելու խորհուրդը, Աստուծոյ կամքը կատարելու առանձնաշնորհումը:
      Սիրելի հաւատաւոր ժողովուրդ, Քրիստոսի Յարութեան խորհուրդով ապրինք մեր կեանքը, ինչպէս եղաւ կեանքի ճանապարհը մեր նախնեաց, եւ ի մասնաւորի՝ նահատակ սերունդին, որոնք հաւատքի կեանքով առաջնորդուած կեանք մը ապրեցան: Անոնց պատա-րագումը դարձաւ հոգեւոր ժառանգութիւնը մեր կեանքին: Անցնող հարիւր տարիներու կեան-քը աշխարհացրիւ մեր հայութեան կը խորհրդանշէ Յարութեան խորհուրդը: Յարութեան խորհուրդը պիտի ապրինք գործնապէս որպէս քրիստոնեայ հաւատացեալներ, մեզմէ ամէն մէկուն էութիւնը դարձնելով Հայրենիքի ներկայութիւնը, որպէս կրողը նահատակ սերունդի տեսիլքին: Եթէ Զատիկը քրիստոնեայ աշխարհին հաւատքի տօնն է, ապա մեր ազգի զաւակ-ները Զատիկը ճառագայթած են իրենց կեանքով անցնող հարիւր տարիներու կեանքը արդա-րացնելով նոր արարումներով ու ստեղծագործ կեանքով: Այս օրերուն Հայոց Ցեղասպանու-թեան հարիւր ամեակի ոգեկոչումը եւ նահատակաց սրբադասումը արթնութեան նոր կոչ են բոլորիս համար, որպէսզի շարունակենք ապրիլ Յարութեան խորհուրդով, որուն արգասիքը` հաւատքի զօրութիւնն է:
    Զատիկը տօնել մեր կեանքի մէջ կը նշանաւորուի  քրիստոնէական հաւատքի կեան-քով. հայրենասիրութեամբ ու եկեղեցասիրութեամբ, ծառայասիրութեամբ ու ստեղծագործ կեանքով, միշտ առաջնորդուելով հոգեւոր ու բարոյական այլ արժէքներով, որոնք անհա-մեմատօրէն ու յաւերժականօրէն աւելի ծանր պիտի կշռեն մեր ինքնութեանը մէջ:
     Եւ վերջապէս, Զատիկը տօնել մեզի համար կը նշանակէ ապահովել հայ քրիստոնեայ ընտանիքին հզօրացումը, բարգաւաճումը եւ ներկայութիւնը որպէս երաշխիքը հայ ցեղին յարատեւութեան:
      Ուրեմն, խոնարհինք Քրիստոսի Յարութեան խորհուրդին առջեւ, որպէսզի Քրիստոս դարձնելով մեր կեանքի Առաջնորդը կարողականութիւնն ունենանք մեր մէջ գտնելու աստուածայինը, եւ աստուածապարգեւ այն հոգեւոր ու ազգային արժէքները, որոնք մեզ կը դարձնեն Առաքեալները Քրիստոսի եւ Քրիստոսի սիրով նուիրականացուած՝ մեր նախնեաց հարազատ զաւակները: Հետեւաբար, մեր հայրական յորդորն է, որ մեր ժողովուրդի զաւակ-ները հեռու մնան ներկայ ժամանակներուն թելադրած հայու նկարագրին անյարիր բարքերէն ու բարոյական խէթ արժէքներէն եւ կառչած մնան քրիստոսաւանդ վեհ արժէքներուն` մեզի հաղորդուած Քրիստոսի Յարութեան խորհուրդով:

Քրիստոս Յարեաւ ի մեռելոց: Օրհնեալ է Յարութիւնն Քրիստոսի:

ՅՈՎՆԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
         ԱՌԱՋՆՈՐԴ     
Սբ. Զատիկ 2015

Yorumlar kapatıldı.