İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Ծաղկազարդը Ֆէրիգիւղի մէջ

Ֆէրիգիւղի ընտանիքը այս տարի եւս Ծաղկազարդի տօնակատարութեան առթիվ ոգեւորոթեամբ հաւագուեցաւ 29 Մարտ Կիրակի  Ս.Վարդանանց եկեղեցին: Յաւարտ Ս.Պատարագի կրօնական ժողովի ատենապետ եւ Ս.Եկեղեցւոյս քարոզիչ՝ Գերպ.Տ.Թաթուլ Ծ.Վրդ.Անուշեան տեղւոյն Շիրինօղլու սրահին մէջ ընդունեց մանուկները եւ իրենց  ծնողները:

Հայր Սուրբը մանուկներին ուղղելով իր խօսքը, ըսաւ՝ <<Այսօր  Ծաղկազարդ է, գարունը կը սկսի, նոր կեանք մը կը սկսի: Ձիթէնիի ճիւղերը մեզի կը յիշեցնեն խաղաղութիւնը եւ որպեսզի խաղաղութիւնը հաստատուի պէտք է սորվինք սիրել զիրար>>:

Հայր Սուրբը շեշտեց նաեւ, թէ Յիսուսի Երուսաղէմ մուտքին մանուկներուն ալ խանդավարութեամբ  դիմաւորած էին զինք եւ Հայ եկեղեցական աւանթութեան համաձայն Ծաղկազարդը կընդունինք  իբրեւ մանկանց տօն:Հայր Սուրբը յորդորէց հետեւիլ Քրիստոսի:
Ապա մօտ հարիւր մանուկներ մօտենալով Հայր Սուրբին ստացան իրենց Ձիթենիի ճիւղերն ու նուերները. Ապա անոնք մեկնեցան ուրախութեամբ:
Ընդունելութեան ներկայ գտնուեցան թաղային խորհրդոյ անդամներ՝գլխաւորութեամբ ատենապետ՝ Մանուկ Էօղէրի, ինչպէս նաեւ Դպրաց Դասուս Տնօրէն խորհուրդն ու Երգչախումբի անդամներ:

Yorumlar kapatıldı.