Վերջերս կարգ մը լրատուական հաղորդումներու մէջ տեղ կը տրուին լուրի մը, որ դժբախտաբար իրականութեան չի համապատասխաներ։ Հարցը առընչուած է որպէս թէ հայազգի անհատներու մկրտութեան խորհրդակատարութեան հետ։ Ըստ լրատուութեան, Պատրիարքական Աթոռը նախ քան մկրտութեան խորհրդակատարութիւնը սահմանած դաստիարակութեան եւ մկրտութեան խորհրդակատարութեան համար իբրեւ թէ կը պահանջէր 2000 (Երկու հազար) Ամերիկեան Տոլար։ Նաեւ Պատրիարքական Աթոռը կը ներկայացուէր որպէս դժուարութիւն յարուցանող հաստատութիւն։ Ցաւալին այն է, թէ այս հաղորդումներու հեղինակը յանձն չէ առած Պատրիարքական Աթոռի հետ տեսակցութիւն մը ունենալ, գոնէ վեց դարեան այս հաստատութեան կարծիքը շօշափելու եւ ստուգումներ կատարելու համար։ Այդ պէտք էր կատարուեր, իբրեւ պարտադիր բարոյական սկզբունք։
Նախ եւ առաջ պէտք է ընդգծել, թէ Ս. Մկրտութեան Խորհուրդը շնորհք է եւ այդ շնորհքին արժանացողներ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ ԿԸ ԴԱՌՆԱՆ։ Մէկը որ յանձն կ՚առնէ մկրտուիլ պարտի այս նուազագոյն զոհողութեան ենթարկուիլ եւ եկեղեցւոյ նշանակած հոգեւոր պաշտօնեայէն ստանալ Քրիստոնէական Կրօնի հիմնական եւ նախնական սկզբունքներու գիտելիքներ։ Պատրիարքական Աթոռի նշանակած հոգեւոր պաշտօնեան այդ դասաւանդութիւնը կը կատարէ ՁՐԻ, այսինքն ԱՆՎՃԱՐ։ Հետեւաբար սուտ եւ յերիւրածոյ է այն լուրը, թէ Պատրիարքական Աթոռը չափահասներու մկրտութեան պարագային սահմանուած դասաւանդութեան համար նիւթական կը պահանջէ։ Մեզի համար բոլորովին անիմաստ է, նման յերիւրածոյ լուրերով հանդէս եկած անձերու հաւատք ընծայել եւ անոնց նման անհատներու փաստաբանութիւնը ընել։ Պատրիարքական Աթոռը իրեն եկած դիմումները կը քննարկէ եւ ապա կը սահմանէ դասաւանդութիւնը, որմէ յետոյ է որ միայն ենթական կարելի կ՚ըլլայ մկրտել։ Մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ Մկրտութեան Սուրբ Աւազանները, մկրտուողները վերստին ծնունդով Աստուծոյ որդեգրութեան պատիւին արժանացնելու կը ծառայեն։ Արտաքոյ եկեղեցւոյ ոմանք կրնան տարբեր մտածել եւ հաւատք չընծայել մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ այս ուսուցումին եւ կամ Մկրտութեան Սուրբ խորհուրդին մէջ կը տեսնեն միայն ազգութեան գաղափարը, այդ մեզ չհետաքրքրեր։ Մէկը որ կ՚ուզէ մկրտուիլ սիրով պիտի ենթարկուի եկեղեցւոյ այս սկզբունքին։ Թուրքիոյ Հանրապետութեան սահմաններուն մէջ Հայ Եկեղեցին կը գլխաւորէ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը։ Հետեւաբար Մեր Աթոռը ուրեմն լաւ կ՚ընէ որ ենթակաները կը քննէ եւ ըստ այնմ պատշաճը կը տնօրինէ։
Գալով Սուրբ Մկրտութեան Խորհրդակատարութեան պարագային։ Պոլսոյ մէջ մէկ քահանայով կատարելի մկրտութեան խորհրդակատարութեան համար պահանջուած նուէրը շուրջ 400 (Չորս հարիւր) Ամերիկեան տոլարի հաւասարող Թրքական Լիրա է, որուն մէջ հաշուուած է Պատրիարքարանի, խորհրդակատարութեան կատարուած եկեղեցւոյ եւ խորհդակատար քահանային բաժինները։ Այս գումարը կը վճարեն անոնք որոնք ի վիճակի են։ Անոնք որոնք ի վիճակի չեն անոնց մասին եւս պատշաճը կը տնօրինուի եւ խորհրդակատարութիւնը կը կատարուի ՁՐԻ այսինքն ԱՆՎՃԱՐ։ Պատրիարքական Աթոռի մասին սուտ լուրեր տարածող այդ անձերը ի՞նչ աստիճանի ծանօթ են Պատրիարքական Աթոռի գործունէութեան։ Եթէ իսկապէս տեղեկութիւն ունենային պիտի գիտնային որ Պատրիարքական Աթոռի կարգադրութեամբ Հայաստանցի մանուկներ, չափահասներ մկրտուած են եւ կը մկրտուին ՁՐԻ կերպով։ Ապրիլ 11ին պիտի մկրտուին աւելի քան 20 հայաստանցի մանուկներ, որոնք Կէտիկփաշայի Հրանդ Տինք դպրոցի աշակերտներն են: Անոնց առընթեր վերջերս դիմում ներկայացուցած Թունճէլիցիներ, թիւով 25 հոգի, սիրայօժար կը մասնակցին իրենց համար սահմանուած քրիստոնէական գիտելիքներու դասաւանդութեանց եւ ոչ թէ դժգոհութիւն այլ գոհունակութիւն կը յայտնեն։ Իբրեւ թէ Ատըեամանցի երիտասարդներ ըմբոստացած են իմ եւ Պատրիարքարանիս դէմ, զանոնք որպէս Հայ չընդունելնուս համար: Արդէօք ես չէ՞ի Ատըեամանէն երիտասարդներ բերելով Պատրիարքարան տեղաւորելով անոնց ուսման համար ծախս ընողը: Արդէօք ես չէ՞ի Ատըեաման գացող եւ Գալֆայեան դպրոցի համար մանուկներ բերողը: Թուրքիոյ պարագային, ո՞րքան ճիշտ է մկրտել մէկը որուն անձնաթուղթին մէջ այլ կրօնի պատկանելութիւն կայ: Այնպէս կ՚երեւի, թէ այս սուտ զրոյցները տարածող անհատներու կէտ նպատակը մկրտութեան վկայագիր ապահովել եւ այդ վկայագրով Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութիւնը ստանալու դիմել է։ Քանի որ Հայաստանի Պետութիւնը Մկրտութեան վկայագիր կը պահանջէ քաղաքացիութեան իրաւունքի շնորհման կապակցութեամբ։
Հետեւաբար անգամ մը եւս կը յայտնենք, թէ հոգեւոր եւ կրօնական մարզի մէջ որպէս Պատրիարքական Աթոռ ունինք մեր ճիշդը եւ այդ ճիշդով կ՚ընթանանք։ Մեր հոգը չէ, թէ այլ մերձեցում ունեցողներ ի՞նչ կը մտածեն կամ ի՞նչ կ՚ըսեն։ Նաեւ մեզ չի հետաքրքրեր, թէ արտաքոյ Թուրքիոյ սահմաններէն անհատներ ինչպիսի կիրարկումներ ունին նման պարագաներու լուծման համար։
Մկրտութեան համար դիմում ներկայացնողներ եթէ օրինակ ցոյց պիտի տան արտաքոյ Թուրքիոյ եղած կիրարկումները, ազատ են իրենց ուզած տեղը երթալու եւ մկրտուելու, եթէ կրնան: Ոչ ոք թող յանդգնի նման սուտերով արատաւորել փորձել մեր դարաւոր Պատրիարքական Աթոռը, որ ունի իր ուրոյն ուղղութիւնը եւ կ՚ընթանայ այդ ուղղութեամբ, միշտ ի մտի ունենալով մերազն հաւատացեալ ժողովուրդի բարօրութիւնը եւ խաղաղութիւնը։
Քրիստոսի Սուրբ Յարութեան տաղաւարի սեմին մենք ի բոլոր սրտէ կը մաղթենք կարողութիւն եւ յաջողութիւն Ձեր գործունէութեանց մէջ։
Աղօթարար՝
Արամ Արքեպս. Աթէշեան
Պատրիարքակն Ընդհանուր Փոխանորդ
Yorumlar kapatıldı.