İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Եթէ թուրք ազգայնական մը ըլլայի

Սուրէն Ծովիկեան                                                                            

Երբեմն կը մտածեմ թէ հայկական ցեղասպանութեան հարցին, Հայ Դատին եւ ընդհանրապէս հայութեան հանդէպ, ին՞չ  պիտի ընէի եթէ  ես թուրք ազգայնական մը ըլլայի։ Պահ մը կը փորձեմ ինքզինքս նոյնացնել թուրք ազգայնական ղեկավարի մը հետ, հասկնալու համար իր միտումները։ Այս մտային մարզանքը կը կատարեմ կարելի եղածին չափ աւելի խորը թափանցելու համար թրքական ռազմավարութեան եւ իր բացայայտ ու թաքուն դիտաւորութիւններուն մէջ։


Ուրեմն, եթէթուրք ազգայնական մըըլլայի, ամենէն առաջզօրավիգ պիտի կանգնէիԹուրքիոյ պետական պաշտօնականմերժողականութեան, Ապտիւլ Համիտներուեւ Թալէաթներու հայրենիքըչարատաւորելու համար ցեղասպանութեանմը  ամբաստանութեամբ։ Ու այսառընչութեամբ ամէն թոյլատրելիեւ անթոյլատրելի միջոցներու  առատ զինանոցսզօրաշարժի պիտի ենթարկէի։Յետոյ, նկատի առնելովթէ հարիւր տարիետք Հայերը տակաւինպահանջներ կը ներկայացնեն՝զիրենք միշտ պիտինկատէի թրքութեան ուժականթշնամիներ։ Հետեւաբար պիտիջանայի զիրենք միշտտկար ու նկունպահել, որպէսզի չկարենանօր մը, վաղըկամ հազար տարիէն, թրքական հողէն թիզմը իսկ փրցնել։  Այս նպատակովպիտի ջանայի կարելիեղածին չափ զօրավիգկանգնիլ Ազէրպայճանին, յատկապէսՂարաբաղի հարցով. որովհետեւԱրցախը, իր բնականդիրքով եւ իրռազմաքաղաքական նշանակութեամբ, Հայաստանիթիկունքին պաշտպանն էեւ եթէ այսպաշտպանութիւնը չքանայ, Ղարաբաղըկրկին Ազէրպայճանի ձեռքնանցնելով, Հայաստանը զգալիօրէնկը տկարանայ ութէ՛ արեւելքէն եւթէ՛ արեւմուտքէն չափազանցխոցելի կը դառնայ։Արդարեւ առանց Արցախիմնացած Հայաստանի մը  հարաւային մասը, Զանգեզուր Սիւնիքը, հողայիննեղ շերտ մընէ որ տեղմը միայն 35 քիլոմեթրիլայնք ունի ուդիւրաւ կրնայ կուլտրուիլ թուրքեւազէրի միացեալյարձակումի մը պարագային։
Այս ամէնովհանդերձ պիտի քաջալերէինաեւ այն թուրքմտաւորականները որոնք ՀայոցՑեղասպանութիւնը կ՚ընդունին եւզայն կը դատապարտեն։Ոչ միայն, այլեւպիտի ջանայի սերտացնելամէն մակարդակի վրայՀայաստանի եւ ՍփիւռքիՀայերու եւ Թուրքերուհանդիպումները՝ մարզական մրցումներով, մշակութային միասնական ձեռնարկներով, հայեւթրքական  բարեկամութեան միութիւններ ստեղծելով, առեւտրական յարաբերութիւններով. բայցնաեւ քանի մըհայկական եկեղեցիներ ուհայապատկան կալուածներ վերադարձնելովու նորոգելով  եւ այլնման միջոցներով։
Այս ամէնը՝ հայութիւնը տկարացնելումիտումիս պիտի  չհակասէր. ընդհակառակն՝մէկ քարով երկութռչուն զարկած պիտիըլլայի։ Նախ՝ այս«հայամէտ» ձեռնակներով աշխարհինցոյց պիտի տայիթէ  Թուրքիան փոխուած է, Հայերու հանդէպ լաւտրամադրուած է, ցեղասպանութիւնըդատապարտած է, հետեւաբար՝«Յարգելի օտար քաղաքականդէմքեր, լրագրողներ եւմտաւորականներ, որ պարբերաբարԹուրքիոյ դէմ նիզակկը ճօճէք ցեղասպանութիւնըյիշեցնելով, տեսէ՛ք  մենք Հայերուհետ երկխօսութեան սկսածենք արդէն, միասնաբարծրագիրներ կը մշակենք, բարեկամական յարաբերութիւններ կան, կալուածներ ու եկեղեցիներվերադարձուած են եւայլն, ուստի դուքմի՛ խանգարէք  հայթրքականմեղրալուսինը ձեր միջամտութիւններովու շարունակաբար ցեղասպանութիւնըմէջտեղ հանելով»։Ճիշդ է որայս կալուածներու եւեկեղեցիներու վերադարձը՝ Թուրքերուսկողմէ գին մըվճարել կը նշանակէ. սակայն այս գինինարժէքը որքան սուղալ ըլլայ՝ դարձեալշատ աւելի ցածէ այն առաւելութիւններէն  որ այսգինին վճարումով կըստանանք քաղաքականքարոզչականգետնի վրայ։
Յետոյ այս«հայամէտ» մարտավարութեան երկրորդ  օգուտն այնէ թէ  Հայերու մէջպառակտում կը ստեղծէ։Մէկ կողմէն միշտպիտի ըլլան, անշուշտ, թունդ հակաթուրք Հայեր, բայց պիտի կարենանքզիրենք չէզոքացնել համաշխարհայինհանրային կարծիքին ցոյցտալով որ մինչմենք, Թուրքերս, բարեկամութեանձեռք մեկնած ենք, Ցեղասպանութիւնը դատապարտած ենք, եկեղեցիներ ու կալուածներվերադարձուցած ենք, իրենքմնացած են նոյնժամանակավրէպ, ազգայնական, յետադէմ, ցեղապաշտ եւ ծայրայեղականՀայերը։ Միւս կողմէնմեր «հայամէտ»  մարտավարութեան որպէսարդիւնք՝ կարգ մըՀայեր պիտի հաւատան, թէ Թուրքերը իսկապէսփոխուած են ուկ՚արժէ իրենց մեկնածձեռքը սեղմել. մանաւանդոր այսպէս վարուողՀայերը օտար շրջանակներէալ գովեստի եւքաջալերութեան պիտի արժանանան, ու ողջամիտի, իրապաշտի, յառաջադէմի եւ ոչծայրայեղականի  ածականները առատօրէնիրենց պիտի շռայլուին։Իսկ Հայերուն մէջքիչ չեն այնփառասէր սիրամարգները, որոնքիրենք զիրենք շոյուածպիտի զգան օտարներուկողմէ նման որակումներուարժանանալով։
Այս ամէնունհետեւանքով՝ ցարդ միակտուր  հայկական ճակատըերկուքի  պիտի բաժնուի ուհայութեան մէջ պառակտումպիտի յառաջանայ՝ հակաթուրք  եւ «թրքամէտ» Հայերու միջեւ, հայկականճակատը զգալիօրէն տկարացնելով. ինչ որ Թուրքիոյուզածն է արդէն։
Ուստի ցեղասպանութիւնըդատապարտող Թուրքերը, եթէնոյնիսկ անկեղծ ենեւ իրենց զղջումըթրքական խորամանկութեան հերթականարտայայտութիւնը չէ (ինչոր ինքնին քննելիայլ հարց է), ոչ թէ դաւաճաններ, այլ հայրենասէր ազգայնականԹուրքեր պիտի համարէի, որովհետեւ, իրենք ցեղասպանութեանդատապարտումէն անդին չենանցնիր  եւ իրենցմէ ոչոք հատուցումի մասինալ ո՜ւր մնացհողային հատուցումըկըխօսի։ Միայն թէանդրադարձած ըլլալով թէայլեւս կարելի չէցեղասպանութիւնը ուրանալ, «ընդունինք, դատապարտենք, ու այսքանովհարցը փակենք» կ՚ըսեն։Իսկ ցեղասպանութիւնը ընդունիլը, զայն դատապարտելը, ուայդքանով հարցը փակելըինքնին միայն ձրիխօսք է, բանմը չ՚արժեր, ոչմէկ իրական վնասկը պատճառէ Թուրքիոյ. կը նմանի մէկըչարաչար ծեծելուն, մահացուկերպով վիրաւորելուն, իրամէն ինչը կողոպտելունու ատկէ ետք, առանց բանտ նստելու, առանց գողցուածը վերադարձնելու, «Ներողութիւն, սխալ ըրի, ուրիշ անգամ չեմըներ» ըսելուն ուայդքանով հարցը փակելուն։
Հայաջինջ սպանդըուրացողները, հայութիւնը մխրճելովցեղասպանութիւնը դատապարտելու պայքարինմէջ, ոչ միայնանոր ուշադրութիւնը պիտիշեղեցնեն բուն հարցէն՝որ  հատուցումն է, այլեւորքան շատ հայութեանպահանջներուն դէմ դիմադրենայնքան աւելի «ցածգին» մը պիտիվճարեն այն օրըոր ստիպուին ցեղասպանութիւնըընդունիլ։  Միւս կողմէն «հայամէտները», հայութեան պառակտումին նպաստելով, պիտի տկարացնեն անորպահանջատիրական թափը հայեւթուրքքաղաքական սակարկութեան առիթով։
Մինչեւ այստեղ, իբրեւ թուրք ազգայնական, լիովին պիտի  համաձայնէի թէ՛պետութեան եւ թէ՛«հայամէտներու» որդեգրած այսզոյգեւ երեւութապէսմիայն հակասական–  քաղաքականութեան հետ։Թուրքերուս խորամանկութիւնը գիտնալով՝գոհունակութեամբ  պիտի մտածէի թէցեղասպանութիւնը ուրացողներն ու«հայամէտները» գաղտնապէս իրարուհետ համաձայնած ենդերերու այս բաշխումինմէջ։ Բայց եթէիրարու հետ համաձայնածալ չըլլան՝ պիտիչմտահոգուէի, որովհետեւ, ինչպէսթրքական առածը կ՚ըսէ, «ամէն Թուրք՝ զինուորկը ծնի» եւհետեւաբար շարքային թուրքանհատն ալ գիտէկողմնորոշուիլ իր ազգայինու պետական շահերըպաշտպանելու համար, նաեւհեռահայեաց նպատակով, առանցոր այս առընչութեամբիրեն թելադրութիւններ ընելուպէտքը զգացուի։
Մէկ բանի, սակայն, պիտի չհամաձայնէի, եթէ թուրք ազգայնականմը ըլլայի՝ հայթրքական սահմանին փակումին։Քանի որ Թուրքերուսնպատակն է մերազէրի եղբայրներուն միանալը, եւ Հայաստանը, իբրեւմեր երկուքին միջեւծառացող պատուար, խոչընդոտ  մըն էմեր նպատակին իրագործմանճամբուն վրայ։ Ուստիսահմանը բանանք որպէսզիՀայաստանը այսպէսով պատուարիտեղ՝ կամուրջ դառնայմեր եւ Ազէրպայճանիմիջեւ։ Հայաստանը, արդէնթշուառ վիճակի մէջէ ու մերապրանքներով ողողուած, հետեւաբարեթէ սահմանը բացուիա՛լ աւելի  պիտի լեցուիոչ միայն մերապրանքներով, այլ նաեւմեր դրամագլուխով, մերգործակալներով, որոնց հետեւանքովերկրին տնտեսութեան մէջմիշտ աւելի դերակատարպիտի ըլլանք։ Միւսկողմէն, սահմանին բացումովՀայաստանի կապը դուրսիհետ մեր երկրէնպիտի անցնի ումենք մեր ձեռքըերկրին տնտեսութեան  բանալին կ՚ունենանք  եւ Հայաստանըմեր ճորտ պետութեանկը վերածուի. որովհետեւերբ ուզենք պիտիկարենանք որեւէ պատրուակովմը սահմանը փակելու Հայաստանը ծունկիբերել։
Քանի աշխարհսկայ, ծովուն մէջմեծ ձուկը կ՚ուտէփոքր ձուկը. իսկեթէ կ՚ուզենք որայս կարելի չըլլայ՝հարկ է պատուարմը դնել որպէսզիմեծ ձուկը փոքրէնբաժնուած ըլլայ ուչկարենայ անոր մօտենալ։Այս պատուարը սահմանինփակումն է. անգամմը որ սահմանըբացուեցաւ մեծձուկԹուրքիան դիւրաւ փոքրձուկ Հայաստանըպիտի ուտէ, մանաւանդոր սահմանին բացումով՝ոչ միայն նիւթականայլ նաեւ հոգեբանականպատուար մըն էոր պիտի փլիու, մեծ անդոհանքէմը ազատուելուն պէս, դարաւոր թշնամութիւնը յանկարծբարեկամութեան պիտի փոխուի. երկուստեք երթալգալնու Թուրքերու թափանցումըպիտի աւելնայ, գործակցութիւններ, բարեկամութիւններ պիտի հաստատուին, նաեւ յարաճուն չափովխառն ամուսնութիւններ։ Արդէներկու ժողովուրդներու բարքերըշատ մը կողմերովնման են՝ նոյնտոլման եւ խորովածնունինք, ընտանիքի, այրմարդու դերին  մասին քիչշատ նոյնըմբռնումը, իրարու նմանողերաժշտութիւն, իրարու նմանողբարոյական կանոններ ունիստ ու կացեւ այլն։ Ուստիսահմանին բացումով կամացկամաց մերմեծ նախնիներուն, Թաէլաթներունեւ Քէմալներուն երազներունպիտի հասնինք. առանցարիւն թափելու, կամացկամաց, խաղաղօրէնբայց անխուսափելիօրէն, Հայերըմեր մէջ պիտիձուլուին։ Բաւ էոր չուզեն մեզիհետ ամենապաղ յարաբերութիւններըպահել. բաւ էոր մեր կողմէսահմանը բանալէն ետք՝Հայերը զայն փակչպահեն


Սուրէն Ծովիկեան
Nor Haratch

Yorumlar kapatıldı.