İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԵՐՋԱՆԿԱՅԻՇԱՏԱԿ ՇՆՈՐՀՔ ԳԱԼՈՒՍՏԵԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻ ՎԱԽՃԱՆՄԱՆ 25րդ. ՏԱՐԵԼԻՑԻ ԱՌԹԻՒ.

(1913- 7Մարտ 1990)
Շնորհք Արք. Գալուստեան ծնած է Եոզկատի Իյտէլի գիւղին մէջ 1913 թուականին: Աւազանի անունով կը կոչուէր Արշակ: Զաւակն էր գիւղին հարուստ և ազգեկից ընտանիքներէն մէկուն:

Հայրը կը կոչուէր Միհրան, իսկ մայրը՝ Շուշան-Կիւլթանէ: Ունէր եղբայր մը՝ Արմէն և երկու քոյրեր՝ Անոյշ և Շնորհիկ անուններով: Անոնցմէ Անոյշ վաղամեռ եղաւ, իսկ Շնորհիկ կորսուեցաւ պատերազմի խառնաշփոթ  կացութեան մէջ: Ա. Աշխարհամարտին, 1915 թուականին, երբ հազիւ երկու տարեկան էր, որբացաւ իր հօրմէն: Եղբայրը, Արմէն, իրմէ առաջ ղրկուած էր Թալասի Ամերիկեան որբանոցը, ուր ան յետագային այլ որբերու հետ հիւանդանալով զոհ գնաց ջերմի համաճարակին, 1923թուականին ին:

Երբ գիտակցութեան տարիքին հասաւ, Արշակ կ’ապրէր մօրը Շուշանին և քրոջը՝ Շնորհիկին հետ: 1922թուականին, փոքրիկն Արշակ բաժնուեցաւ իր մօրմէն, երթալու համար նախ «Լիբանան», ապա «Պաղեստին» Ամերիկեան որբանոցները, իսկ աւելի վերջ  Կեսարիոյ Թալաս գիւղի Ամերիկեան Գոլէճը, որ որբանոցի վերածուած էր այդ օրերուն, ուր գացած էր նաեւ իր եղբայրը՝ Արմէն:
Այդ թուականէն սկսեալ փոքրիկն Արշակ առանձին մնաց, զուրկ ընտանեկան տաքուկ յարկի մը շնորհած բարիքներէն: Ան երկար տարիներ վերջ 1955թուականին  գտաւ իր սրեցեալ մայրը:

Երջանկայիշատակ Շնորհք Պատրիարք ունեցաւ դժնդակ մանկութիւն մը, ճաշակելով կեանքի բազմապիսի դառնութիւնները:
7 Մարտ 2015 ին լրացաւ երջանկայիշատակ Շնորհք Պատրիարքի (1913-1990) վախճանման քսանըհինգերորդ տարին: Թուրքիոյ, Հայոց Պատրիարքութեան Աթոռի 82.րդ գահակալը,29 տարուան շրջանով եղաւ ախոյանը իր 81 երջանկայիշատակ նախորդներուն եւ հետեւորդը, Յովհաննէս Կոլոտ, Յակոբ Նալեան, Մկրտիչ Խրիմեան, Ներսէս Վարժապետեան, Խորէն Աշըքեան, Մաղաքիա Օրմանեան, Եղիշէ Դուրեան, Զաւէն Տէր Եղիաեան, Մեսրոպ Նարոյեան, Գարեգին Խաչատուրեան եւ այլ մեծանուն պատրիարքներու:

Արշակ,պատերազմի տարիներուն որբութեան դառնութիւնը ճաշակեց, Հայերեն կարդալ գրելը օտարներէ սորվեցաւ, մանկութիւնը որբանոցը ապրեցաւ, բախտը իրեն ժպտեցաւ եւ Ժառանգաւոր սան դարձաւ, Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց Միաբանութեան:
Աշակերտեցաւ Արմաշական հայերու եւ միշտ իր մէջ պահեց Արմաշու հոգին: Պաշտօնավարեց Ամերիկայի Հայ համայնքներու մէջ եւ նաեւ շատ մը երկիրներ, բայց վերադարձաւ Երուսաղէմ եւ եղաւ Լուսարարապետ:
Կեանքի ղեկը զինք բերաւ Պոլիս, որպէս գործակից Երջանկայիշատակ  Տրապիզոնցի Գարեգին Պատրիարք Խաչատուրեանի: Նախախնամութիւնը այնպէս տնօրիեց որ, Եօզկատի որբուկ Արշակը գայ Պոլիս եւ յաջորդէ Գարեգին Խաչատուրեան Պատրիարքի:
Կամօքն Աստուծոյ եւ ընտրութեամբ Ազգիս, 1961 թուականին յանձն առաւ պատրիարքական ասան եւ բարձրացաւ Յովակիմի Աթոռ,Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքական գահը: Իր քսանիննը տարիներու գահակալութեան հայելին է Պոլիսը, ուր բազմաթիւ եկեղեցիներ եւ վարժարաններ նորոգուեցան, գիրքեր հրատարակուեցան, սերունդներ իր գրաւիչ անհատականութեամբ ու հեղինակնութեամբ հմայեցան: Ան Հայ Եկեղեցին ու անոր ուսուցումը պաշտպանեց որպէս հոգեւորական եւ ուխտաւոր, Հայ Լեզուին ծառայեց որպէս հայ գրիչի մշակ, ան եղաւ գաւառի զաւակ, ան եղաւ նաեւ միաբաններու համար “ՀԱՅՐԻԿ”, գաւառացիին համար “ՊԱՊԱ” որպէս Մկրտիչ Խրիմեան<Հայրիկ>ի հետեւորդ:
Շնորհք Պատրիարք իր բոլոր արժանիքներուն քով նաեւ,”Շնորհք Վանական”ն էր,իր ծոմով,պահեցողութեամբ ու աղօթքով :
Ան աղօթքով ալ հրաժեշտ առաւ այս աշխարհէն:
Հանգիստ իր յոգետանջ ոսկորներուն.
Յարգանք,խունկ եւ աղօթք  իր խնկելի անթառամ եւ սուրբ յիշատկին
Տօքթ. Սարգիս Ատամ
Գերմանիա

Yorumlar kapatıldı.