İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Գերմանահայոց Առաջնորդարանի եւ Քէօլնի Կաթոլիկ եկեղեցւոյ Կրթութեան Կաճառի միասնական կազմակերպութեամբ 24 փետրուարի երեկոյեան կաճառի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ բանախօսութիւն մը “Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ Գերմանիոյ Դերը” նիւթով: Բանախօսն էր հանրաճանաչ գերմանացի լրագրող եւ հեղինակ Վոլֆկանկ Կուսթ:

***
ԱՌԱՋՆՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅՈՑ ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ
DIÖZESE DER ARMENISCHEN KIRCHE IN DEUTSCHLAND
Allensteiner Str. 5, 50735 Köln, Tel.: 0221/ 7126223 – 71500397 Fax: 7126267
www.armenische-kirche.de, E-Mail: info@armenische-kirche.de

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
 Գերմանահայոց Առաջնորդարանի եւ Քէօլնի Կաթոլիկ եկեղեցւոյ Կրթութեան Կաճառի միասնական կազմակերպութեամբ 24 փետրուարի երեկոյեան կաճառի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ բանախօսութիւն մը “Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ Գերմանիոյ Դերը” նիւթով: Բանախօսն էր հանրաճանաչ գերմանացի լրագրող եւ հեղինակ Վոլֆկանկ Կուսթ:
 26 փետրուարին, Միւնխէնի մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկ մը “Ragg’s Dommspatz” հաստատութեան կազմակերպութեամբ: Ձեռնարկին Առաջնորդարնի կողմէ մասնակցեցաւ Արժ. Տ. Տիրատուր Քհնյ. Սարտարեանը եւ ներկաներուն փոխանցեց Առաջնորդ Գարեգին Սրբազանի ողջոյնի խօսքը: Ձեռնարկի ընթացքին հանրաճանաչ պատմաբան եւ հեղինակ Միխաէլ Հէզէման ներկայացուց իր նոր հրատարակութիւնը՝ “Հայոց Ցեղասպանութիւնը” (Völkermord an den Armeniern), որ այս օրերուն լոյս տեսաւ:
 Գերմանիոյ Հայոց Առաջնորդարանի նախաձեռնութեամբ 27 փետրուար – 1 Մարտ շաբաթավերջին Մարիա Լաախ Պենետիկտեան վանքին մէջ տեղի ունեցաւ Թեմէն ներս ծառայող դպիր եւ սարկաւագներու համախմբում մը, որուն մասնակցեցան առաջնորդական փոխանորդ Սերովբէ Վրդ. Իսախանեան, Թեմի քահանայից դասը եւ 16 սպասաւորներ:
Մեծ Պահքի շրջանին կազմակերպուած այս համախմբումին հիմնական նպատակն էր՝ վանական միջավայրի մը մէջ միասնական աղօթքի առիթներ ունենալ, ինչպէս նաեւ խորացնել եկեղեցական ու ծիսական գիտելիքները: Հանդիպումը նաեւ լաւագոյն առիթ մըն էր, որպէսզի Գերմանիոյ զանազան եկեղեցական համայնքներու մէջ ծառայող դպիր-սարկաւագները մօտէն ծանօթանան մէկզմէկու եւ փոխադարձաբար քաջալերուին իրենց ծառայութեան մէջ։
Հայր Սուրբ եւ Քահանայ Հայրեր բանախօսեցին «Սբ. Մկրտութեան եւ Դրոշմի խորհուրդներու նշանակութիւնը, անհրաժեշտութիւնը եւ նախապատրաստումը» եւ «Խորհուրդ Սբ. Պատարագի. սկզբնաւորութիւն, պատմութիւն, խորհուրդ եւ անհրաժեշտութիւն» նիւթերով, որոնց ընթացքին թէ՛
աստուածաբանական եւ թէ՛ գործնական տեսանկիւններէ բացատրութիւններ տուին այս երկու խորհուրդներու մասին:
Հանդիպման ընթացքին տեղի ունեցաւ նաեւ միտքերու լայնածաւալ փոխանակութիւն մը Դպիր-Սարկաւագներու ընկերային ծառայութեան կարելիութիւններու եւ անհրաժեշտութեան մասին, ի մասնաւորի օրէ օր աւելցող հայ փախստականներու համար:
Եռօրեայ հանդիպումը աւարտուեցաւ Սբ. Պատարագով, որ մատուցուեցաւ Մարիա Լաախ վանքի Մայր Եկեղեցւոյ մէջ:
Քէօլն, 03.03.2015 Դիւան Առաջնորդարանի

Yorumlar kapatıldı.