İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԽՈՍՏՈՎԱՆԱ՞ՆՔ, ԻՆՔՆԱԽԱԲԷՈՒԹԻ՞ՒՆ ԹԷ ԱՉՔԱՓՈՇԻ

ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ
 Շատեր յաճախ հարց կու տան մեզի թէ ինչո՞ւ կը զբաղինք այս հարցերով: Այս խնդիրները նոր չեն, այլ ամէնօրեայ ապրուած իրականութիւններ են: Մեր փափաքն է որ ժամանակի ոգիին համապատասխանող նոր դէմքեր ներկայանան, հնացած ու դասական դարձած մօտեցումներէն տարբեր վերաբերում, նոր արիւն սրսկելու համար: Այլ խօսքով՝ եկեղեցւոյ անդամները նախապէս որոշուած թեկնածուներու քուէ տալու պէտք չէ երթան, այլ ընտրեն արժանաւորներ, որոնք կը հաւատան Եկեղեցւոյ դարաւոր առաքելութեան:

***
Նոր շունչ եւ եռանդ http://asbarez.com/arm/215552/ յորդորականը, Աբօ Պողիկեանի կողմէ հրատարակուած «Ասպարէզ» թերթին մէջ (վերնագիրը փոխ առնուած է «Ազդակ» օրաթերթին մէջ լոյս տեսած հարցազրոյցէ մը, ինչպէս խմբագիրը  կը վկայէ), չկարողացայ զետեղել տրամաբանական դաշտի մը մէջ: Հաւանաբար շատեր առարկեն որ շատ ալ տեղին եւ այժմէական են արտայայտուած մտքերը, սակայն եւ այնպէս իմ անձնական փորձառութենէս ելլելով, եւ 45 տարիներու վրայ երկարող համայնքային կեանքի մը վերլուծումի պրիսմակէն դիտելով, պիտի փափաքէի խմբագրին տողերը մեկնել ըստ արժանւոյն եւ աւելի իրապաշտ կերպով:
Արդէն յաջորդ տողերու ըմթերցումը կը փարատէ ամէն կասկած որ կատարուածը ինքնին խոստովանանք մըն է. «…առաջին հերթին պէտք է խոստովանինք մեր թերացումը:  «Ասպարէզ» գրեթէ ամէն օր տեղ կը տրամադրէ մեր եկեղեցական ծուխերու գործունէութիւնը լուսաբանելու համար, սակայն խմբագրութիւնս կը բաւարարուի կրաւորական արձագանգողի դերով, փոխանակ՝ նախաձեռնութեան իր բաժինը բերելու ծխական կեանքի ղեկավարման գործընթացը ժողովրդականացնելու նպատակին համար:»  Իսկ այս մէջբերումը անմիջապէս կանխող պարբերութինը կ’ըսէ. «Այս օրերուն, ընտրութիւններ կան նաեւ մեր թեմի եկեղեցիներուն մէջ, ու այստեղ ալ նոր շունչ ու եռանդ մտցնելու յորդորն ու շեշտադրումը այժմէական կը հնչեն:» (Մնացեալը կարելի է կարդալ վերեւ յիշատակուած կայքէջի վրայ):
Պահ մը կանգ առնենք այստեղ ու զննենք «խոստովանանք-թերացումի» իսկական պատճառները եւ որոնենք թէ արդեօ՞ք խմբագիրը կը բաւարարուի կրաւորական արձագանգողի դերով: Կ’արժէ այստեղ յիշեցնել մեր ազնիւ ընթերցողներուն, որ «Ասպարէզ» թերթը պաշտօնական խօսնակն է ՀՅԴ կուսակցութեան՝ Գալիֆորնիայի մէջ, եւ հետեւաբար չենք ակնկալեր անկէ, ինչպէս նաեւ միւս կուսակցական թերթերէն—«Մասիս» (Հնչակեան) եւ «Նոր Օր» (Ռամկավար)—որ ազատօրէն արտայայտուին մեր եկեղեցական ծուխերու գործունէութեան մասին, այնքան ատեն որ այդ արտայայտութիւնները չեն համընկնիր տուեալ կուսակցութեանց ընդհանուր ուղեգիծին կամ շահերուն հետ:
Նկատի ունենալով որ մօտէն ծանօթ եմ խմբագրին երկար տարիներու կուսակցական եւ ազգային ծառայութեան, չկրցայ համոզուիլ որ յայտարարուած խոստովանանքը որքանո՞վ վճիտ աղբիւրէ կը բխէր, եւ արդեօ՞ք անցեալի կուսակցականացած, կարծրացած—չըսելու համար քարացած—համոզումները փոխուած են իսկապէս, նամանաւանդ երբ հարցը կը վերաբերի եկեղեցական ծուխերու գործունէութեան:
                 
Աւելի յստակացնելու համար մեր միտքը, ներկայացնենք օրինակներ 45 տարիներու վրայ երկարող համայնքային կեանքի մեր անձնական փորձառութենէն, եւ թողունք որ ընթերցո՛ղը դատէ երեւոյթները:
1971 թուականի Յուլիսին, Հոլիվուտի նորակազմ եկեղեցին իր հոգաբարձական ընտրութիւնները պիտի կատարէր, նկատի ունենալով որ նոր հովիւ մը ժամանած էր Անթիլիասէն որ պիտի ստանձնէր գաղութի հովուութիւնն ու այդ օրերու Հոլիվուտի ամէնօրեայ վաժարանի (այօր՝ Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպպոս) տեսչութիւնը (բոլոր անոնք որոնք հետաքրքրուած են աւելին իմանալ մանրամասնօրէն, կրնան կարդալ իմ հրատարակած վաւերագրական գիրքս. «Վարդապետի մը Ոդիսականը» www.vanagan.com կայքէջին վրայ», համոզուելու համար թէ ի՜նչ խարդախութիւններ կը կատարուէին մեր եկեղեցական ազգային կեանքին մէջ, որոնք դժբախտաբար տակաւին կը շարունակուին եւ որոնց մասին պիտի արտայայտուիմ քիչ ետք):
Կիրակի 29 Օգոստոս 1971, եկեղեցւոյ եւ դպրոցի անունով (հոգաբարձական մէկ կազմ կար այդ օրերուն) յայտարարութիւններ ղրկուեցան եկեղեցւոյ տրատու անդամներուն, իմացնելու թէ Անդամական Ժողով տեղի պիտի ունենար, ընտրելու նոր հոգաբարձական կազմը:  Այդ անձինք՝ որոնք «ընտրուեցան» հոգաբարձական նոր կազմին մէջ՝ ներառուած էին առաջուց ապսպրուած, թելադրուած եւ պարտադրուած ցանկի մը մէջ, ուղարկուած՝ օրուան «ղեկավարութեան» կողմէ: Եղածը պարզապէս բեմադրութիւն մըն էր, Անդամական Ժողովի մասնակիցները խաբելու համար: Անդամական Ժողովի գումարումէն առաջ որոշուած էր արդէն նախկին կազմը՝ ատենապետութեամբ Հարմիկ Յակոբեանի, արտաքսել ղեկավար պաշտօններէն ի գին ամէն անօրինականութեան եւ սահմանադրական ու կանոնական բոլոր խախտումներու:
Այս երեւոյթը երբեք տարօրինակ թող չթուի մեր ընթերցողներուն: Նոյն ձեւով կը շարունակուին մեր եկեղեցիներու անդամական բոլոր ժողովները մինչեւ այսօր:  Դժբախտաբար հարկ է բազմիցս կրկնել որ ջոջական-ամիրայական կացութիւն մը ստեղծուած է մեր համայնքներէ ներս, ուղղակի կամ աննուղղակի կերպով պատճառ դառնալով անտարբերութեան, նամանաւանդ նոր սերունդին մօտ: Ակներեւ իրողութիւն է որ համայնքի անդամներուն մեծամասնութիւնը չէ հետաքրքրուած իր Եկեղեցիով, որովհետեւ Եկեղեցին թերացած է իր առաքելութեան մէջ եւ չի հետաքրքրուիր իր ժողովուրդով:  Համայնքներէ ներս ծառայող եկեղեցականաց դասը բաւարարուած է եկամտաբեր խորհրդակատարութեամբ միայն:
Այս խօսքերը բացասական քնննադատութիւն պէտք չէ նկատել, ընհակառակը՝ արթնութեան կոչ՝ որ մեր եկեղեցականները արթննան իրենց թմբիրէն եւ մտնեն ժողովուրդին մէջ եւ անոնց գործնական մասնակցութիւնը ապահովեն գաղութային կեանքէն ներս: Օգտակար չէ երբեք, որ Եկեղեցին բաւարարուի աղօթավայրերու տնտեսութեամբ եւ մատակարարումով: Եթէ չխօսուի այս հարցերու մասին եւ եթէ շարունակուի այս մենաշնորհնեալներու ջոջական դրութիւնը, ոչինչ կրնայ փոխուիլ մեր համայնքներու կեանքին մէջ, եւ կը մնանք ամուլ, անտարբեր հասարակութիւն մը մեր ազգային հասարակական աւանդական բոլոր արժէքներու հանդէպ:
Երբ ժողովրդավարութիւնն ու թափանցիկութիւնը կը բացակային մեր համայնքային աշխատանքներէն, համայնքը չի կրնար ըլլալ առողջ եւ գոյատեւել նոր մարտահրաւէրներու դիմաց, ազգային-համայնքային խնդիրները վերածելով «մենաշնորհեալ» շրջանակի մը զբաղումին՝ սակաւապետական շրջանակի մէջ, եւ այս բոլորը՝ անշուշտ իրենց անձնական կամ այլ տեսակի շահերուն համար:
Մեծագոյն դժբախտութիւնը հոն է որ, համայնքներէ ներս, զանգուածներ քաջութիւնը չունին իրենց մասնակցութեան իրաւունքին տէր կանգնելու եւ գործելու այնպէս, որ համայնքային ղեկավարութիւնը բխի համայնքային կամքէ եւ ո’չ թէ թելադրուի կամ պարտադրուի՝ կազմակերպութիւններու եւ ջոջերու կողմէ: Այս անհեթեթ կացութիւնը կ’անհանգստացնէ համայնքի անդամները եւ մասնաւորաբար հեռու կը պահէ մեր երիտասարդութիւնը: Համայնքի մը ոյժը իր իրաւունքներու գիտակցութեան, արժեւորման եւ կենսագործման մէջ կը կայանայ, որուն գիտակցութիւնը անգամ մը եւս պէտք է արթնցնել մեր երիտասարդութեան մօտ:
Ուշագրաւ է նաեւ այն իրողութիւնը, որ մեր եկեղեցիներու անդամական ժողովներու թեկնածուներէն, հիներէն թէ նորերէն, ո՛չ մէկը տակաւին յայտնած է իր մտադրութիւնները, թէ ինչո՞ւ կ’ուզէ ընտրուիլ, ի՞նչ կ’ուզէ ընել եւ ի՞նչ ծրագիրներ ունի՝ ազգային, եկեղեցական, կրօնական եւ հոգեւոր դաստիարակութեան հարցերու կապակցաբար, եւ այս բոլորը՝ յանուն գաղութի բարելաւման: Անշուշտ մեր մտքին մէջ անմիջապէս հարց կը ծագի. երբ ծրագիր չկայ, ինչո՞ւ կ’ուզեն ընտրուիլ… փա՞ռք, պատի՞ւ, թէ՝ եկամուտի աղբիւր…:
Շատեր յաճախ հարց կու տան մեզի թէ ինչո՞ւ կը զբաղինք այս հարցերով: Այս խնդիրները նոր չեն, այլ ամէնօրեայ ապրուած իրականութիւններ են: Մեր փափաքն է որ ժամանակի ոգիին համապատասխանող նոր դէմքեր ներկայանան, հնացած ու դասական դարձած մօտեցումներէն տարբեր վերաբերում, նոր արիւն սրսկելու համար: Այլ խօսքով՝ եկեղեցւոյ անդամները նախապէս որոշուած թեկնածուներու քուէ տալու պէտք չէ երթան, այլ ընտրեն արժանաւորներ, որոնք կը հաւատան Եկեղեցւոյ դարաւոր առաքելութեան:
Դժբախտաբար նոյնն է պարագան առաջնորդներու ընտրութեան: Թեմակալ առաջնորդներ կան որոնք մոռցած են թէ ե՞րբ ժամանած են իրենց առաջնորդանիստ քաղաքը, որովհետեւ վարձկան եւ հլու-հնազանդ կը դառնան զիրենք ընտրող սկաւաթիւ ջոջերու-աւատապետներու:  Վերջ պէտք է գտնէ այլեւս մի քանի տասնեակ անձերու (ԽԾԲ) միջեւ ընթացող խաղը: Ազգային արժէքներու վերականգնումին մէջ մեծ ոստում մը կատարած կ’ըլլանք եթէ կառչած եւ հաւատարիմ մնանք մեր Ազգային Սահմանադրութեան կանոնագրութեան բոլոր հիմնական սկզբունքներուն եւ այժմէական տրամադրութիւններուն:
 Ինչպէ՞ս բացատրել հրապարակայնութեան եւ թափանցիկութեան բացակայութիւնն ու Օրէնքի հանդէպ բացասական կեցուածքը մեր բովանդակ համայնքային-ազգային կեանքէն ներս: Հայ ազգը նոր ժամանակներ թեւակոխած է: Չկան ո’չ օսմանեան պետութիւն եւ ո’չ ալ ցարական տիրապետութիւն, այլ խօսքով՝ ռ’չ բռնատիրական եւ ո’չ ալ միջնադարեան ազգային-եկեղեցական կեանք այլեւս գոյութիւն ունի: Անհրաժեշտ է վերանորոգել մեր հաւատքը եւ վերարժեւորել մեր կեանքը Եկեղեցւոյ ծառայական կեանքին մէջ:
Ճշմարտութեան մենաշնորհը ո’չ ոքի կը պատկանի եւ հարկ է խօսիլ հրապարակաւ, եթէ կ’ուզենք բան  մը փոխել մեր եկեղեցական-ազգային, հասարակական կեանքին մէջ:
ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ
25 Յունուար, 2015
Posted by: VOSGAN@aol.com

Yorumlar kapatıldı.