İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ ԴՊԻՐ, ԿԻՍԱՍԱՐԿԱՒԱԳ, ՍԱՐԿԱՒԱԳՆԵՐՈՒ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՍԵՄԻՆԱՐ-ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՎԱՆՔԻ ՄԷՋ:

Նախագահութեամբ, Գերմանիոյ Հայոց թեմի բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ.Գարեգին Արք. Պեքճեանի փոխանորդ Հոգեշնորհ Տ.Սերովբէ Վրդ. Իսախանեանի եւ կազմակերպութեամբ Առաջնորդարանի թեմական խորհուրդի, 27Փետրուար-1 Մարտ  2015 թուականներու միջեւ տեղի պիտի ունենայ դպիրներու, 
կիսասարկաւագներու եւ սարկաւագներու աւանդական Բ.սեմինար-հանդիպումը’ Գերմանիոյ Քօպլէնց քաղաքի մօտ Մարիա Լաախ Պենետիկթեաան վանքի հիւրընկալութեամբ եւ թեմիս  հոգեւորական դասու, դպիր, կիսասարկաւագ,սարկաւագներու մասնակցութեամբ:

Ինչպէս որ նախորդ սեմինարը, մասնակիցներուն առիթ ընծայէց, շաբաթավերջ մը միասին ըլլալ, միասին աղօթել եւ դասխօսութիւններու հետեւելով իրենց կրօնա-եկեղեցական գիտելիքները զօրացնել,նոյն առիթը պիտի ընծայէ այս սեմինար-հանդիպումը:

Սեմինարի աւարտին Կիրակի 1Մարտ 2015 թուականին ժամը   12.օօ – ին Գերմանիոյ Քօպլէնց քաղաքի մօտ Մարիա Լաախ Պենետիկթեան վանքի  Մայր Եկեղեցւոյ մէջ պիտի մատուցուի հայածէս Սուրբ Պատարագ:Սուրբ Պատարագի երգեցողութիւնը պիտի կատարուի սեմինարի մասնակից դպիր,կիսասարկաւագ եւ սարկաւագներու կողմէ.
Սուրբ պատարագին սիրով կը հրաւիրուին եկեղեցասէր ժողովուրդը.
 Տոքթ.Սարգիս Ատամ
   

Yorumlar kapatıldı.