Իրապէս, որ իւրաքանչիւր օր իր տօնը ունի։ Այսօր, 28 Յուլիս 2014 Ռամատանի ծոմի աւարտը նշող Ֆիթրի տօնն է։ Կանուխ առաւօտուն մեր խումբը նախապէս գոյացած համաձայնութեան հիմամբ Սասունի ուսուցիչներու տան դրան առջեւ կը միանայ Ֆարհետտին Եըլտըզի։ Խանութներն ու սրճարանները փակ են։ Եըլտըզ կ՚առաջարկէ նախաճաշել իր տան մէջ։ Ինքնաշարժով կարճ ճամբայ կտրելէ ետք՝ կը հասնինք անոր տունը, ուր փառաւոր սեղան մը շտկուած է։
Միակը չէինք, որ այդտեղ կը ճաշէինք։ Պայրամի աւանդութեան համաձայն դրացիները իրարու կ՚այցելեն զիրար շնորհաւորելու համար։ Աւելին, այդ օր մանուկները արտօնութիւն ունին տունէ տուն շրջելով շաքար հաւաքելու։ Սկզբունքով այս երկուշաբթին պիտի յատկացուէր Սասունի մէջ տակաւին կանգուն մնացած կարգ մը յուշարձաններ այցելելու։ Սակայն գիշերը՝ մզկիթին դիմաց գտնուող կեդրոնական հրապարակին վրայ Ֆարահետտին Եըլտըզ խումբին յայտnեց, որ նոր քաղաքապետը կ՚ուզէ զիրենք տեսնել։ Գիշերուան ժամը շուրջ 11-ին բնիկ քիւրտ լրագրողներու, դասախօսներու եւ Անատոլուի մշակոյթով եւ պատմութեամբ հետաքրքրողներու հետ ընթրիքէն ետք՝ այս խորհրդաւոր հանդիպումին մեկնեցաւ։ Մինչ այդ խումբին միացած էին ֆրանսահայ լրագրող Մելինէ Լը Փրոլ եւ ամերիկահայ խմբագիր Աւետիս Աշճեան
Քեմալ Աթաթուրքի հսկայ լուսանկարին առջեւ նստած՝ Ճումա Ուչար գործնապաշտ մարդ մը կը թուի։ Ան անդամ է 2003-ին Նեճմեթթին Էրպաքանի կողմէ հիմնուած Բարօրութիւն կուսակցութեան։ «Պիտի ուզէի, որ ամբողջ աշխարհի հայերը գան Սասուն այցելեն», կ՚ըսէ ան՝ աւելցնելով.«Յառաջիկայ ամիսներուն Մարութա սարի եկեղեցւոյ եւ Գոմքի վանքի վերանորոգութեան աշխատանքները պիտի սկսին։ Կրնա՞ք ըսել, եթէ եկողները մեծ թիւով պիտի ըլլան»։ Քաղաքապետը անդրադարձած է, որ իր շրջանը, որ Թուրքիոյ մէջ աղքատ ու յետամնաց կը նկատուի , հայերուն մօտ մեծ հռչակ կը վայելէ։ Ըստ երեւոյթին, այդ իրողութիւնը անոր մօտ տեղւոյն զբօսաշրջութիւնը զարգացնելու հեռանկարներ յառաջացուցած է։ Ան մեզ կը հրաւիրէ տօնին առթիւ մասնակցելու իր եւ գաւառապետին կողմէ կազմակերպուած երեւելիներու շնորհաւորական ընդունելութեան։
Այդպիսի հրաւէր մը կարելի չէ մերժել, եւ մենք նախաճաշէն անմիջապէս ետք կը մեկնինք Ուսուցիչներու տունը, ուր ընդունելութիւնը տեղի պիտի ունենայ։ Քառորդ ժամ ետք ստեղծուած իրարանցումէն կը հասնկնանք, որ կարեւոր անձնաւորութիւն մը հասած է։ 33 հազար բնակչութիւն ունեցող Սասունի գաւառապետ Ճիհաթ Արըքն է։ Պահ մը անակնկալի գալէ ետք՝ մեզի կ՚առաջարկէ իր սեղանը նստիլ, ինչ որ ներկաներուն մօտ հարցականներ կը ստեղծէ։ Հետագային մեզի կը յայտնեն, որ ան Ֆեթհուլլա Կիւլէնի կողմէ հիմնուած իսլամական ընկերակցութեան մօտիկ եղող գործարարի մը զաւակն է։ Ան մասնաւորաբար Սասունի մէջ թրքական պետութեան ներկայացուցիչն է։ Ուստի անոր խօսքերն ու արարքները կրնան արտասահմանէն եկած հայ այցելուներու նկատմամբ կեդրոնական կառավարութեան քաղաքականութեան արտացոլացումը ըլլալ։
Ճիհաթ Արըք առաջին հերթին կը հետաքրքրուի, թէ ուխտագնացութիւնը ի՞նչպէս ընթացաւ եւ Թուրքիոյ ո՞ր շրջանները կրցանք այցելել։ Ան երեւելիներուն ուղղած իր խօսքին մէջ կը նշէ ներկայութիւնը իր հարիւր տարիէ ի վեր «աքսորուած» բարեկամներուն, որոնք «բազմաթիւ ցաւեր ապրած են» եւ այլեւս Սասունի մէջ «ընտանեկան կապ չունին, ոչինչ ունին», սակայն պէտք է ջանք թափել անոնց հետ «կապերը ամրապնդելու»։ Անոր կոչը անմիջապէս իր արձագանգը կը գտնէ եւ տեղական լրատուամիջոցներու հետաքրքրութիւնը կը յառաջացնէ։
Մեր ճամբան կը շարունակենք եւ փոքր փոխադրակառքը կանգ կ՚առնէ Մարութա սարի մօտ, ուր այլեւս ճամբայ չկայ։ Այժմ միայն հինգ հոգի մնացած մեր խումբը գիշերը կ՚անցնէ Քէօմեքի մէջ՝ այն գիւղը, որ գաւառապետը նշեց, որ կարգ մը հայ-քրիստոնեայ ընտանիքներ կը բնակին։ Այդտեղ մեզ կը դիմաւորէ Ճեմիլը (Հայկական անունը Սափէ), անոր տունը պիտի մնանք։ Անոր ծնողքը, որ հայերէն կը խօսին բացակայ են։ Հայրը առողջական պատճառներով Պոլիս մեկնած է։ Ճեմիլի կնկան անունը Տերտօ է։ Ան հեռաւոր գիւղէ մըն է եւ կը խօսի հայերէն։ Անոնց ամուսնութիւնը, Սասնոյ այդ երկու հայ ընտանքները իրար շաղկապելու համար դասաւորուած էր, ծնողներո փափաքով ։ Տերտոյի մայրը Քէօմեք եկած է իր որդիին համար հարս գտնելու եւ տեսած, որ այդտեղ տղայ մըն ալ կայ՝ Ճեմիլը, որ իր աղջակն հետ ամուսնանալու յարմար տարիքի է։
Վարչականօրէն Քէօմեք կապուած է հեռաւոր մեծ գիւղի մը։ Քէօմեքի մէջ միայն 12 տուն կայ, որոնցմէ միայն երեքը (30 անձեր) քրիստոնեայ հայերու են, իսկ երեք ուրիշներ 1896-ին իսլամացած հայերու են։ Գիւղի մնացեալ բնակիչները քիւրտեր կամ արաբներ են եւ կը պատկանին երեսունական թուականներուն տեղահանուած ընտանիքներու։ Ճեմիլի տան մէջ հայերէն չեն խօսիր, միայն անոր անդրանիկ զաւակը, որ 17 տարեկան է Իսթանպուլի մէջ հայկական վարժարան յաճախած է, սակայն երեք տարի ետք Ճեմիլ պահանջած է, որ վերադառնայ Սասուն։
Առաւօտուն Ճեմիլ խումբը կը պտտցնէ գիւղին մէջ, ինչ որ առիթ կ՚ընծայէ այլ ընտանիքներու հանդիպելու։ Սակայն ժամանակը կ՚անցնի եւ այժմ պէտք է մեկնինք։
Անահիտ Տէր Մինասեան
Վահէ Տէր Մինասեան
«Ֆրանս Արմէնի»
Yorumlar kapatıldı.