İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Ուրուկուէյի Նախագահը Մաս Պիտի Կազմէ Ցեղասպանութեան 100ամեակի Յանձնախումբին

ԿԱՐՕ ՀԷՔԻՄԵԱՆ
ՄՈՆԹԷՎԻՏԷՕ.- Աննախադէպ քայլով մը, Ուրուկուէյի նախագահ Խոսէ Մուխիքա, իր նախագահական պաշտօնի աւարտէն ամիս մը առաջ, իբրեւ հրաժեշտի արտայայտութիւն՝ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց մեր համայնքին թէ՛ աշխարհիկ եւ թէ կրօնական կառոյցներու ներկայացուցիչները:

Հանդիպման ընթացքին տրուած հարցումի մը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին առթիւ կազմուած Միացեալ յանձնախումբին միանալու վերաբերեալ, նախագահ Մուխիքա առանց տատանումի դրական պատասխան տուաւ՝ աւելցնելով, որ ինք գիտէ, թէ թուրքերը պիտի նեղանան, սակայն եղածը Ցեղասպանութիւն է եւ Թուրքիա քաջութիւնը պէտք է ունենայ ինքնաքննադատութեան եւ ընդունի կատարուած բարբարոսութիւնները:
Պէտք է յիշել, որ նախագահ Մուխիքայի պաշտօնավարութեան այս վերջին հինգ տարիներուն ընթացքին, Հայաստանի եւ Ուրուկուէյի միջեւ կապերը աւելի ամրապնդուեցան։ Անոր նախագահութեան օրերուն էր, երբ պետական օրէնքով ընդունուեցաւ Ցեղասպանութեան թանգարանի կառուցումը, ինչպէս նաեւ այս տարուան սկիզբն էր, երբ երկրիս արտաքին գործոց նախարար Լուիս Ալմակրօ յայտարարեց, որ Արցախը պէտք է միջազգային ճանաչում ստանայ եւ անոր ժողովուրդին տրուի ինքնորոշման իրաւունք:
Տակաւին վերջերս, Ուրուկուէյի փոխնախագահ Տանիլօ Աստորին պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան գտնուեցաւ, իսկ 2014ին, ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանը ընդունուեցաւ պետական ամենաբարձր մակարդակով: Ուրուկուէյի խորհրդարանի այն պատուիրակութիւնը, զոր կը գլխաւորէր նախագահ Խորխէ Օրիքօն, երբ այցելեց Արցախ, նոր էջ մը բացաւ՝ առաջին բարձրաստիճան պատուիրակութիւնը ըլլալու հանգամանքով:
Մեր համայնքին հետ ունեցած հանդիպումը եւ ջերմ մթնոլորտը, որ ստեղծուեցաւ, անգամ մը եւս ապացուցեց այն հոգատարութիւնն ու յարգանքը, զոր Ուրուկուէյի պետութիւնը կը տածէ ոչ միայն մեր համայնքին, այլեւ Հայաստանի եւ հայութեան նկատմամբ:

Yorumlar kapatıldı.